Jump to content

Գաղափարական սեռ

Գաղափարագրական Սեռի Երկեր, բնոյթով ոչ-գեղարուեստական սեռ։ Այս սեռին բնորոշ հիմնական ու միակը գիծը ի տարբերութիւն միւս սեռերուն։

Գաղափարագրական կը կոչենք, այն երկերը, որոնք իրենց նիւթը կ՝ առնեն գրականութենէ, արուեստներէ, մշակոյթէ, ինչպէս եւ երբեմն ընկերա-քաղաքական մարզերէ, կը ներկայացնեն երեւոյթներ, կ՝ընեն հարցադրումներ՝ ցուցաբերելով մտաւորական որոշ որակ։

Իրենց ընդհանրական նիւթով, կամ մարզով, գաղափարագրական երկերը կրնան վերաբերիլ.

  • Արուեստի գործերու գրականութեան կամ այլ արուեստի
  • Գրական-գեղարուեստւսկան երեւոյթներու՝ ընդհանրապէս
  • Մշակութային-մտածողական երեւոյթներու ընդհանրապէս
  • Ընկերա-քաղաքական երեւոյթներու եւն.։

Իրենց եղանակով կամ խորացման աստիճանով, գաղափարագրական երկերը կրնան ըլլալ՝

  • Պարզապէս ներկայացնող
  • Փաստարկող-բանավիճող
  • Մեկնաբանող-վերլուծող

Իրենց ձեւով, Անոնք կրնան ըլլալ, օրինակ՝ տոմս, հրապարակագրական յօդուած, փորձ կամ ուսումնասիրութիւն։