Jump to content

Գաբրիէլ Թագւորեան

Գաբրիէլ Թագւորեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր ֆէնէսէ
Քաղաքացիութիւն ֆէնէսէ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն Գրագետ
Աշխատավայր Ուսուցիչ, տնօրէն

Գաբրիէլ Թագւորեան (ծն.՝ 1884, ֆէնէսէ), հայ գրագետ

Ծնած է ֆէնէսէ և աշակերտած է տեղւոյն Ռուբինեան վարժարանին, զոր աւարտած է 1899-ին։ Հմտացած է ինքնօգնութեամբ։ Պաշտօնաւարած է Ֆէնեսի Ռուբինեան վարժարանին մէջ, նախ իբրեւ ուսուցիչ (1900-1905) եւ ապա տնօրէն (1905-1908) յետոյ անցած է Կեսարիա, ուր ստանցնած է Կիւմիւշեան վարժարանի տնօրէնութիւնը (1908-1911): Հոն կը դասախօսէր նաեւ հայերէն, ֆրանսերէն եւ գիտութիւն։ 1911 կրկին տնօրէն կը կարգուի Ֆենեսէի դպրոցին։ Կինը՝ Գայիանէ, որ կը պաշտոնավարէր աղջկանց վրժ.ին մէջ, կը հիւանդանայ եւ այդ պատճառով կը տեղափոխուին Թալաս, ուր Գաբրիէլ Թաւորեան տնօրէն կը նշանակուի Վարդ Պատրիկեան վարժարանին ( 1912-1914): 1914-ին կ'երթայ Կ.Պոլիս եւ Սկիւտարի Սուրբ Խաչ վարժարանի տնօրէն կը կարգուի։

1915 ապրիլին ձերբակալուելով կը տարուի Էվերէկ եւ անկէ Կեսարիա, ուր 1916-ին պատերազմաական ատեանը 15] տարուան բանտարկութեան կը դատապարտէ զինքը, իբրեւ յեղափոխական։ Արդարեւ, ինք մէկն էր Կեսարիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարկարուն դէմքերէն։ Պատերազմի տեւողութեան ընթացքին կը մնայ բանտարկուած բերդին մէջ։ Զինադադարին ազատ կ՛արձակուի ու կը վերադառնայ կ.Պոլիս, ուր խնամատարութեան գաղթականաց բաժնին դիւանապէտ կ՛ըլլայ (1919-1920), յետոյ կէտիկ փաշայի Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն (1920-1923):

1923-1927 կը ստանձն է Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանի փոխ տնօրէնութեան պաշտօնը։ Կուսակցական պայքարներու հետեւանքով կը ստիպուի հեռանալ։ 1937-ին կը վերադառնայ նոյն պաշտօնով։ 1949-ին վերջնականապէս կը քաշուի ուսուցչական ասպարէզէն։

[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։