Բռնացում
Բռնացումը կրկնուող վարքագիծ մըն է, որուն նպատակն է ցաւցնել դիմացինը ֆիզիքապէս կամ հոգեպէս՝ շատ յաճախ ցեղային, կրօնական, սեռային, արտաքին տեսքի, ընտանեկան տարբերութիւններու մատնանշումով:
Բռնացման ձեւեր՝
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բռնացման ձեւերէն են՝
- Ֆիզիքական յարձակում, զարնել, հրել, խածնել, կոխկռտել, եւ այլն,
- սպառնալիքներ կարդալ,
- ծաղրել, մակդիրներով կոչել,
- նեղացնել,
- դրամ գողնալ,
- իրեր խլել, փճացնել, պատռել,եւ այլն,
- ընկերներէն զրկել,
- հեռաձայնով սպառնալ,
- համացանցային ե-նամակներով նեղացնել (Cyber bullying)[1]:
Բռնացման հակազդել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պատմել ընկերոջ մը, ուսուցիչի մը, ծնողքին կամ վստահելի հարազատի մը (քեռի, մօրաքոյր, մեծ մայր. yv a3ln): Ան չի դադրիր մինչեւ որ մէկու մը չյայտնուի: Եթէ դժուար է խօսիլը, ապա լաւ կ'ըլլայ որ անհատը գրէ, երկտողով մը բացատրելու եղելութիւնը: Դաստիարակը կամ ծնողքը պէտք է իմանան այդ մասին եւ փորձեն լուծում մը գտնել:
- Չփոխադարձել հակահարուածով. անիկա կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ:
- Հակադարձել հնարներով. օրինակ, ուղղակի ըսել «կեցի՛ր»՝ ինքնավստահ ոճով, պատասխանել հումորով, զուարճախօսութեամբ կամ կատակով:
- Այս միջոցներուն ապարդիւնութեան պարագային անտեսել եւ հեռանալ:
- Փորձել այլ ռազմավարութիւն. մնալ դպրոցին ապահով տարածքներուն մէջ՝ շրջապատուած բազմաթիւ երեխաներով:
- Եթէ բռնացողը տեսնէ, որ ինք կը յաջողի անհատը ընկճել եւ նեղացնել, ապա պիտի շարունակէ առաւել եւս բռնանալ:
- Միշտ փորձել խուսափիլ բռնացման նկատողութիւններէն եւ առիթի տեղիք չտալ:
- Միշտ յիշել, որ արժանապատիւ մարդկային իրաւունքով՝ ո՛չ ոք պէտք է բռնացուի:
Բանաւոր բռնացո՞ւմ թէ կատակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բանաւոր բռնաճնշում է, երբ մակդիրներ կու տան կամ կը ծաղրեն: Յաճախ շփոթ կրնայ յառաջանալ, թէ ուղղուած մակդիրը բռնաճնշո՞ւմ է թէ կատակ: Նման պարագայի պատանին կրնայ բռնաճնշուած զգալ, բայց աղմուկ չբարձրացնել, որովհետեւ ուրիշներ կը պնդեն թէ կատակ է: Այնուամենայնիւ, եթէ անիկա մէկու մը հետ պատահած միակ դէպքն է, ապա զայն կարելի է վերագրել կատակի, սակայն եթէ անիկա դարձած է կանոնաւոր կրկնուող վարքի, ապա վստահ բռնացում է:
Նշանակութիւն ունի նաեւ թէ անհատը ինչպէս կը զգայ. եթէ նման արտայայտութիւն մը անհատը կ'անհանգստացնէ եւ կը նեղացնէ եւ եթէ անհատը մէյ մը խնդրած է, որ դադրեցնեն, բայց անոնք դեռ կը շարունակեն, ապա այդ մէկը արդէն կը կոչուի բանաւոր բռնաճնշում:
Բանաւոր բռնաճնշումը կրնայ վերաբերիլ կշիռքին, արտաքին տեսքին, ցեղային կամ սեռի տարբերութեան եւ այլն. անիկա կրնայ աւերիչ հետեւանքներ ունենալ[2]:
Բռնացման պատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շատ դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ շատեր կ'ուզեն կանոնաւոր կերպով վիրաւորել ուրիշները, յատկապէս երբ բազմիցս խնդրուած է իրենցմէ դադրեցնելու զայն:
Կան տարբեր պատճառներ, թէ ինչո՛ւ շատեր այս ձեւով կը վարուին ուրիշներուն հետ՝
- որպէսզի տպաւորեն իրենց ընկերները,
- որպէսզի ստեղծեն որոշ հեղինակութիւն մը,
- եթէ իրենք իրենց կարգին բռնացուած են եւ կ'ուզեն շեղել ուշադրութիւնը իրենց վրայէն,
- եթէ բարկացած են եւ կ'ուզեն վրէժ լուծել ուրիշը վիրաւորելով,
- կը սիրեն գտնուիլ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնին մէջ,
- հաւանաբար ունին հարցեր իրենց տան կամ դպրոցին մէջ եւ կը պայթին ուրիշներու վրայ,
- ինքնավստահութեան պակասի պատճառով, կ'ունենան բացասական վարքագիծ,
- ունին յարձակողական վարուելաձեւ[3]: