Jump to content

Բուրվառ

Ոսկեայ բուրվառ

Բուրվառ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եկեղեցական սպասներէն

Բուրվառը եկեղեցական ծիսակատարութեան ընթացքին, շարժուն այն խնկամանն է, որ սարկաւագը մասնաւոր կշռոյթով կը խնկարկէ եւ խունկի բուրմունքով կը լեցնէ ողջ եկեղեցին: Բուրվառը ընդհանրապէս շինուած կ'ըլլայ արծաթեայ մետաղով: Բուրվառը կը բաղկանայ հետեւեալ մասերէն.- Կրակամանը, որ հաստատուած կ'ըլլայ մասնաւոր պատուանդանի մը վրայ: Անոր կողերուն հաստատուած են երեք շղթաներ 50-75 սմ. երկայնքով, որոնք օղակուած են կլոր, կափարիչանման փոքր սկաւառակի մը: Շղթաները կը կրեն 12 բոժոժներ, որոնց հնչականութիւնը մասնաւոր կշռոյթ կու տայ սարկաւագի խնկարկութեան պահուն: Կրակամանը շարժուն կափարիչ մը ունի, որուն կեդրոնէն բարձրացող շղթան օղակուած է վերը երեք շղթաներուն միջեւ՝ փոքր եւ կլոր սկաւառակին, սարկաւագը մատնեմատով վեր կը հանէ կեդրոնական շղթան եւ կրակամանին կափարիչը կը բարձրանայ: Բուրվառի երեք շղթաները կը խորհրդանշեն Ս. Երրորդութիւնը. իսկ կեդրոնի շղթան կը հաստատէ Միաստուածութիւնը:

Բուրվառի պաշտօնը վերապահուած է սարկաւագին, որուն բացակայութեան օրուան Առաջնորդին հաւանութեամբ եւ թելադրութեամբ արտօնութիւն կը տրուի ուրարակիրներուն՝ խնկարկութիւն կատարելու: Եկեղեցական իշխանութիւն ունեցող բոլոր կղերականները մասնաւոր առիթներով իրենք եւս կը կատարեն խնկարկութիւն, յատկապէս եկեղեցական բացառիկ արարողութիւններուն: Սարկաւագը որեւէ խնկարկութենէ առաջ խունկը օրհնել կու տայ աւագերէցին կամ օրուան եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետող հոգեւորականին եւ ապա կը կատարէ խնկարկութիւնը:

Խնկարկութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խնկարկութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ վաղ ժամանակներէն եկող սովորութիւն մըն է, սերտօրէն կապուած՝ հայ ծէսին եւ ժամանակագրութեան: Խնկարկելով նախ կը հայցենք Աստուծոյ օրհնութիւնը հաւատացեալներուն վրայ, եւ բարձրացող ծուխին ընդմէջէն կ'ուզենք տեսնել աղօթքին բարձրացումը առ Աստուած: Եկեղեցւոյ մէջ կը խնկարկենք ամէն առաւօտ ժամերգութեան սկիզբը, երբ «Տէր, զի բազում...» սաղմոսը կը կարդացուի, Ս. Աւետարանի ընթերցման սկիզբը, Օրհնութեան եւ Հոգեգալստեան շարականներուն երգեցողութեան «Փառք ի բարձունս...» փառաբանանքին, «Լոյս զուարթ...»ի երկրորդ բաժնին՝ «Եկեալքս...»ին, «Սուրբ Աստուած...» երեքսրբեան օրհնութեան, անդաստանի տեառնագրութեան ընթացքին, եւ Ս. Պատարագին Ս. Սկիհի վերաբերման եւ գլխաւոր երգերու պարագային:

«Ծիսական Գիտելիքներ», Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Անթիլիաս, 2014