Բոբոխ
Արտաքին տեսք
«Բոբոխ», հասարակական, երգիծազաւեշտական երկշաբաթաթերթ, ապա՝ շաբաթաթերթ։ Հրատարակուած է 1920-1933 թուականներուն, Թեհրանի մէջ։ Արտօնատէր՝ Ա. Աղասեան, խմբագիր՝ Հ. Գարագաշ։
1933-ին ունեցած է «Մանկական բոբոխ» էջը։ 1930-էն լոյս տեսած է որպէս «Վերածնունդ» հասարակական ֊քաղաքական եւ գրական լրագրի յաւելուած։ Խարազանած է հայ հասարակական կեանքի ստուերոտ կողմերը, պատկերած ժամանակի իրանահայ կեանքը, արտացոլած հասարակական հոսանքներու ձգտումներն ու տրամադրութիւնները։