Բժշկական գործիքներ
- Մանրադիտակ
Մանրադիտակը կը բաղկանայ ոսպնեակներու համակարգէ եւ մանր առարկան լուսաւորելու ծառայող լոյսի աղբիւրէ մը: Առաջին ոսպնեակին (դիտապակի objectif) տուած պատկերը մինչեւ 2000 անգամ կը մեծցուի երկրորդ ոսպնեակին կողմէ (ակնապակի oculaire): Ելեկտրոնիկ մանրադիտակի մը մէջ, ելեկտրոններու խուրձ մը կը փոխարինէ լոյսը: Ելեկտրոնիկ մանրադիտակ մը մինչեւ 200,000 անգամ կրնայ մեծցնել:
- Խոշորացոյց
Խոշորացոյցը կորնթարդ (convexe) ոսպնեակ մըն է որ կը մեծցնէ իրմով դիտուած առարկաները: Կորնթարդ ապակին իր կեդրոնին վրայ աւելի հաստ է քան իր եզերքին: Կը կեդրոնացնէ լուսաւոր ճառագայթները՝ ինչ որ առարկան աւելի խոշոր ցոյց կու տայ:
- Շողանկար
Շողանկարը Ռէօնտկենեան ճառագայթներու միջոցաւ առնուած նկար մըն է: Այդ ճառագայթները դիւրաւ կ'անցնին մարմնին կակուղ մասերուն մէջէն, սակայն կը խափանուին հաստատուն մասերուն կողմէ ոսկոր, ակռայ, եղունգ, ինչ որ շուքեր կը ձգէ շողանկարին վրայ:
- Կրծադէտ (Stethoscope)
Կրծադէտը գործիք մըն է, որ կարելի կը դարձնէ սիրտի զարկերն ու շնչառութիւնը ունկնդրել: Կ'ընդունի մարմնին թրթռացումները, զանոնք կը վերածէ ձայնի եւ բժիշկին ականջին կը հասցնէ երկու ճկուն խողովակներու միջոցաւ:
- Շողապատկերագիր (Scanner)
Շողապատկերագիրը մասնաւոր շողանկար մըն է որուն մէջ նկարը կ'երեւայ հատուածներու բաժնուած: Համակարգիչը կը վերահաստատէ նկարները եռակողմանի ծաւալով:
- Կպոսպնեակ եւ Ակնոց
Կպոսպնեակները (Lentille) եւ ակնոցը տեսողութեան թերիները սրբագրող միջոցներ են, որոնք նկարը ճիշդ աչքին ցանցենիին (retine) վրայ կազմել կու տան: Այլապէս, կարճատեսներու մօտ նկարը պիտի կազմուէր ցանցենիին առջեւ, իսկ հեռատեսներու մօտ՝ ցանցենիին ետեւ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM