Բժշկագիտութիւնը Հին Հայաստանի մէջ

Հայաստանի մէջ գործող բժշկական հաստատութիւններու եւ անուանի բժիշկներու մասին յիշատակութիւն կայ 5-րդ դարու հայկական, եւ հետագայ ժամանակներուն՝ նաեւ օտար աղբիւրներու մէջ։ Բժշկագիտութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ ծաղկում ապրած է 11-րդէն 15-րդ դարերու ընթացքին, երբ ապրած եւ ստեղծագործած են մեծ բժիշկ գիտնականներ Մխիթար Հերացին, Ապու Սայիտը, Գրիգորիսը, Ֆարաճը, Ամիր Տովլաթ Ամասիացին եւ ուրիշներ։

Այս բժիշկները եղած են համակողմանի գիտելիքներու տէր մարդիկ։ Ընդհանրացնելով իրենց փորձը եւ օգտուելով յոյն եւ արաբ բժշկապետներու աշխատութիւններէն, անոնք գրած են ինքնուրոյն գիրքեր եւ առողջապահական ուղեցոյցներ, որոնք դարեր շարունակ կիրարկուած են գործնական բժշկութեան մէջ։

Իրագործումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԲ. դարէն սկսեալ, Հայաստանի մէջ արտօնուած էր ուսումնական նպատակներու համար կատարել դիահերձում։ Եւրոպայի մէջ դիահերձումը արտօնուեցաւ միայն ԺԶ. դարուն, այսինքն 400 տարի ետք։ Հայաստանի զանազան բնակավայրերու մէջ յայտնաբերուած են բժշկական գործիքներ, որոնք կը վկայեն զանազան կարգի վիրահատումներու մասին։

Օրինակ, ԺԲ.-էն ԺԴ. դարերուն, Հայաստանի մէջ կատարուած են կեսարեան հատումներ (սեզարիէն գործողութիւններ), ներքին ուռուցքներու հեռացումներ, կանանց զանազան հիւանդութիւններու վիրահատական բուժումներ եւ այլն։ Վիրահատման ընթացքին, իբրեւ ընդհանուր եւ տեղական զգայազրկման նպատակով օգտագործուած է մանտրակոտա նիւթը, ծննդաբերութիւնը ցաւազրկելու համար օգտագործուած է զետուար նիւթը, իսկ վէրքերը կարելու համար օգտագործուած է մետաքսէ թելը։

Միջնադարուն հայ բժշկութիւնը տեսական եւ գործնական հարցերու մէջ կը գտնուէր ժամանակի զարգացած բժշկագիտութեան առաջին դիրքերուն վրայ։ ԺԲ. դարուն ապրած Մխիթար Հերացին իր «ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքին մէջ, օրինակ, կը խօսի փոխանցիկ եւ ալերժիք հիւանդութիւններու մասին, բացատրելով, որ շատ հիւանդութիւններ կը յառաջանան դուրսէն մարդու մարմին թափանցող՝ հիւանդութիւն հարուցանող մասնիկներու պատճառով։ Այլ հայ գիտնական բժիշկ մը, Գրիգորիս անունով, իր գրած մէկ գիրքին մէջ կը բացատրէ, որ մարդու վերին եւ ստորին վերջաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ներքին գործարաններու անդամալուծութեան պատճառը ջղային համակարգի վիճակն է։ «Գլխուղեղը ամբողջ մարմինի թագաւորն է. անիկա զգայարաններու զգայարանն է», կը գրէ այս հայ բժիշկը։

Ամիրտովլաթ Ամասիացի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուած՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացի

ԺԵ. դարուն, հայ բժշկութեան պարծանքը կը հանդիսանայ Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որ կը տիրապետէր աւելի քան 6 լեզուներու։ «Օգուտ բժշկութեան» գիրքին մէջ Ամասիացի կը նկարագրէ մարդու մարմինին կազմութիւնը եւ առանձնաբար կը բնութագրէ աւելի քան 100 հիւանդութիւն, նշելով անոնց բուժման միջոց հանդիսացող դեղերը։ Այս մեծ բժիշկը կատարած է ընդհանուր հաշուով 3700 դեղի նկարագրութիւն։

Այդ նկարագրութիւնները մինչեւ այսօր ալ կը պահեն իրենց նշանակութիւնը եւ կ'օգտագործուին յատկապէս բուսադեղերու պատրաստութեան ատեն։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]