Jump to content

Աւստրալիոյ բնիկ ապորիճիները

Աւստրալիոյ բնիկ ապորիճիները, Աւստրալիոյ բնիկ ապորիճինիները իրենց պատմութիւնը կը գրեն իրենց մարմիններուն վրայ, սքանչելի գծագրութիւններով[1]:

Աւստրալիոյ բնիկ ապորիճինի ժողովուրդը իր պատմութիւնը տարիներով չի գրեր (անոնց պատմութիւնը 50 հազար տարիներէ ի վեր կը շարունակուի):

Ապորիճիները իրենց պատմութիւնը կը ներկայացնեն աւանդութիւններով եւ արուեստի աշխատանքներով «երազային ժամով», երբ անոնք կը հաւատան, թէ իրենց նախահայրերը աշխարհը ստեղծած են:

Անոնք այս աւանդութիւնները կը ներկայացնեն ժայռերու, կտաւներու կամ մարմիններուն վրայ: Այս ձեւով է, որ անոնք այս աւանդութիւնները եւ ոգիները կենդանի կը պահեն. անոնք մաս կը կազմեն բոլոր կարեւոր արարողութիւններուն:

Մէկուկէս միլիոն ապորիճիներ կ'ապրին ուրիշ ոեւէ մէկ քաղաքացիի նման, ամբողջ Աւստրալիոյ տարածքին: Սակայն անոնք ընդհանրապէս իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իրենց ցեղախումբին ընդմէջէն: Իւրաքանչիւր ցեղախումբ ունի իրեն յատուկ գծագրութիւնները, որոնք կապուած են իրենց հողին եւ աւանդութիւններուն: Այս գծագրութիւնները մաս կը կազմեն ցեղախումբին ժառանգին: Անոնք կրնան գծուիլ միայն արտօնութիւնը ունեցող անձի մը կողմէ:

Մանուկները սովորաբար կը սկսին իրենց մարմինը ճերմակ կաւով կամ կարմիր հողով ներկել: Այս գծագրութիւնները յարգանքի նշան մըն են: Անոնք արարողութեան մը ընթացքին «հագուելու» ձեւ մըն են: Այս արարողութիւններուն մասնակցելու տարիքին, մօտաւորապէս 6-8 տարեկան, մանուկները «կը հագուին» տարեցներուն կողմէ գծուած աւելի խրթին գծագրութիւններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]