Աւետիք (հանդէս)
«Աւետիք», կրօնաբանասիրական հանդէս։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1932-1971 թուականներուն իբրեւ ամսաթերթ, խմբագրութեամբ Մեսրոպ եպիսկոպոս Թերգեանի եւ Վարդան վարդապետ Թէքէեանի։ 1983-ին վերահրատարակուած է իբրեւ եռամսեայ, 1994-էն՝ քառամսեայ։ Նոր շրջանին խմբագրական աշխատանքները կատարած են Մեսրոպ վարդապետ Ճուրեանը, Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանը, Վարդան Զորենցը (Վարդան եպիսկոպոս Աշգարեան), Կոմիտաս վարդապետ Պէօճիւքեանը, Գէորգ վարդապետ Եդիայեանը եւ Յովսէփ վարդապետ Քելեկեանը։ Կը լուսաբանէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերն ու գործունէութիւնը սփիւռքի մէջ, իսկ ԽՍՀՄ-ի մէջ վերակառուցման տարիներէն եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք՝ նաեւ հայրենիքին մէջ։ Կը հրատարակէ հայ ժոդովուրդի, յատկապէս՝ հայ կաթողիկէ համայնքի պատմութեան, հայ մշակոյթի տարբեր ճիւղերուն նուիրուած գիտական, գիտահանրամատչելի եւ բարոյագիտական բնոյթի յօդուածներ։