Արփի (ամսագիր, Թեհրան)
Արտաքին տեսք
«Արփի», հայակական գրական, գիտական եւ հասարակական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1949-1956 թուականներուն, Թեհրան (Իրան)։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Հ. Թադէւոսեան։ Տպագրած է գրական-գեղարուեստական, արուեստաբանական նիւթեր եւ տեղեկութիւններ, թարգմանութիւններ եւրոպական եւ ռուս գրականութենէն (Պուշկին, Լեմոնտով, Տուրգենեւ եւ այլն), լայն տեղ յատկացուցած է Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան։ «Արփի»-ն արձագանգած է հայկական առաւելապէս Իրանի հայերու կեանքի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարուող միջազգային քաղաքական նորութիւններուն։
Աշխատակցած են Դեւը, Լ. Բզնունին, Հ. Թամրազեանը եւ ուրիշներ։ 1950 թուականէն ամսագրին կից հրատարակուած է «Արփի» մանկական յաւելուածը, ուր տպագրուած են բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, պատմուածքներ, մանկական խաղեր։