Արտաքին Ականջի Ընդոծին Տձեւութիւններ
Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները, ըստ իրենց տարողութեան, կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւններ: Ականջի ընդոծին տձեւութեան եւ լսողութեան տկարութեան միակ դարմանամիջոցը վիրաբուժական գործողութիւնն է:
Ականջին Բաժինները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ` արտաքին, միջին եւ ներքին: Այս երեք բաժիններու կազմաւորումը կը սկսի միասնաբար, սակայն անոնց ամբողջացումը տեղի կ'ունենայ տարբեր ժամանակներու: Նախ կ'ամբողջանայ ներքին ականջը, ապա անոր կը հետեւի միջին ականջը եւ վերջապէս` արտաքին ականջը: Ներքին ականջին կազմաւորումը տեղի կ'ունենայ բոլորովին տարբեր վայրէ, քան` միջին եւ արտաքին ականջը, որոնք կը կազմաւորուին միեւնոյն վայրին մէջ:
Ականջին երեք բաժիններու կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ'ունենան հանգրուանային ձեւով եւ տարբեր կեդրոններէ, ականջի անբնական-տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթները կրնան յայտնուիլ ամբողջութեամբ, կամ մասնակի: Ականջի տձեւութիւնները կրնան ըլլալ միակողմանի եւ կամ երկկողմանի[1]:
Արտաքին ականջի անբնական երեւոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին ականջի անբնական երեւոյթները ընդոծին են, այսինքն անոնք կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս տձեւութիւններն են`
1.- Ականջեղ (macrotia), որ կը նշանակէ մեծ ականջակոնք (pinna):
2.- Ականջուկ (microtia), որ կը նշանակէ պզտիկ ականջակոնք:
3.- Բազմականջութիւն` ականջակոնքին առջեւ մէկէ աւելի աճառային պզտիկ գնդիկներու հաւաքածոյ:
4.- Ցցուն-տնկուած ականջակոնք (lop ear):
5.- Կրկնակի բլթակ (double earlobe) եւ կամ ճեղքուած բլթակ (bifid earlobe):
6.- Այլանդակ արտաքին ականջ` աղաւաղուած ձեւ եւ տեսք, ուր ականջակոնքը մասնակի կամ ամբողջովին խցած կ'ըլլայ անցուղին, եւ ան տեսանելի չ'ըլլար:
7.- Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն, ուր անցուղին նշմարելի չ'ըլլար:
8.- Անցուղիի նեղացում (stricture), խցում եւ անցուղիի բացակայութիւն` անանցկութիւն (atresia):
9.- Թմբկաթաղանդի անբնական կազմուածք եւ բացակայութիւն:
Վերջին չորս տձեւութիւնները կը յառաջացնեն մնայուն եւ անփոփոխելի զանազան աստիճանի լսողութեան տկարացումներ, որոնք հետեւանքն են արտաքին աշխարհի ձայներու ոչ ամբողջական փոխանցման դէպի միջին ականջ:
Արտաքին ականջի տձեւութիւն ունեցող մանուկներու ծնողներէն շատերը կ'ըսեն, որ իրենց զաւկին տկար լսողութիւնը տարիներու ընթացքին աւելի վատթարացած է: Այս ենթադրութիւնը հետեւանքն է մանուկին աճումին զուգահեռ` անոր լսողութեան պէտքերուն բազմապատկուելուն եւ միջին ու ներքին ականջի այլ հիւանդութիւններու յառաջացման:
Մանուկին լեզուական զարգացումը կախեալ է հիմնականօրէն անոր լսողութեան հետ: Անոր տկար լսողութեան պատճառով լեզուական զարգացումը անբնական ձեւով կը զարգանայ: Ականջակոնքի ընդոծին տձեւութիւն եւ անցուղիի անանցկութիւն ունեցող մանուկը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ կանուխէն, որովհետեւ ան կ'ունենայ անբնական լեզուական զարգացում:
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները կը դարմանուին վիրաբուժական գործողութեամբ եւ, հետեւաբար, լսողութիւնը կը դառնայ բնական, քանի որ արտաքին աշխարհի ձայներու փոխանցումը դէպի ականջաթմբուկ եւ միջին ականջ կ'ըլլայ ամբողջական ու լրիւ: Այս տձեւութիւններու վերացումը կ'ըլլայ մէկ եւ կամ մէկէ աւելի վիրաբուժական միջամտութիւններով: Այլ խօսքով, վիրաբուժական միջամտութիւնը կ'ըլլայ փուլային` հիմնուելով տձեւութեան տարողութեան եւ ձեւին վրայ: Ընդհանրապէս մէկէ աւելի միջամտութիւններ կը կատարուին: Շատ հազուադէպ պարագայի միայն մէկ վիրաբուժութեամբ կը վերանայ տձեւութիւնը, եւ կը վերականգնի բնական լսողութիւնը: Երկու ականջներուն միատեղ տձեւութիւնները, որոնք կը պատահին երկու ականջներուն լսողութեան տկարացումով, վերանալու են կանուխ, որպէսզի վերականգնի երկու ականջներուն լսողութիւնը: Իսկ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է յետաձգել աւելի ուշ տարիքի, որովհետեւ մանուկը կ'ունենայ երեւութապէս բնական լսողութիւն. այլ խօսքով, լսողութեան տկարացումը զգալի չ'ըլլար:
Աղջիկներու մօտ եւ մանաւանդ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է քանի մը տարիով յետաձգել, որովհետեւ անոնց երկար մազերը կը ծածկեն ականջի տձեւութիւնը: Իսկ տղոց մօտ նոյնիսկ միակողմանի տձեւութիւնը պէտք է վերացուի կանուխ, որպէսզի մանուկին մէջ հոգեբանական վերիվայրումներ տեղի չունենան:
Մանր տձեւութիւններու վերացումը երկու սեռերուն մօտ պարտաւորիչ չէ: Անոնք ոչ մէկ ձեւով լսողութեան տկարացում կը յառաջացնեն: Անոնց վերացումը պայմանաւորուած է միայն գեղագիտական պատճառներով[2]: