Արշաւիր Գազանճեան
Արշաւիր Գազանճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1 Մարտ 1922 |
Ծննդավայր | Քոնիա |
Մահացած է | Նոյեմբեր, 2013 |
Քաղաքացիութիւն | Յունաստան |
Մասնագիտութիւն | դերասան, բեմադրիչ |
Արշաւիր Գազանճեան (1 Մարտ 1922, Քոնիա - Նոյեմբեր, 2013), հայ բեմադրիչ, դերասան եւ դերուսոյց[1]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գազանճեան գաղթած է Աթէնք ընտանիքով եւ հաստատուած Ֆիքսի գաղթակայանը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆիքսի ազգային վարժարանին մէջ։ Շատ կանուխէն ի յայտ եկած է Արշաւիրի սէրը հայկական թատրոնին հանդէպ, նախ իբրեւեւ դերասան, ապա բեմադրիչ, բայց նաեւ դերուսոյց, բեմայարդար, զգեստաւորող եւ թատրոնի ներկայացումներու ամէն տեսակի մասնագիտութեամբ: Իր ուսումը շարունակած է Աթէնքի «Ղեւոնդեան» ֆրանսական լիկէոնը: Բացի թատրոնէն՝ Արշաւիր նոյն բուռն սէրը ունեցած է նաեւ երաժշտութեան հանդէպ: Հետեւած է դասընթացքներու եւ սկսած է աքորտէոն նուագել: Հիմնած է «Տաւիղ», ապա նաեւ «Կոմիտաս» նուագախումբերը: Ղեկավարած ու բեմադրած է շատ յաջող ժողովրդային օփերէթներ:
1947-էն սկսեալ ստանձնած է Համազգայինի թատերախումբին ղեկավարութիւնը, իբրեւեւ բեմադրիչ, դերուսոյց եւ դիմայարդար, առանց ընդհատումի 70 տարի մասնակցելով յունահայ գեղարուեստական կեանքին: Թատրոնի հանդէպ իր անսակարկ ծառայութեան համար, 2003-ին իր անունով կոչուեցաւ Համազգայինի Յունաստանի թատերախումբը: Արշաւիր Գազանճեան կը մահանայ Նոյեմբեր 2013-ին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Ամսուան դէմքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-14