Jump to content

Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան


Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան
Ծնած է 1960
Ծննդավայր Քեսապ

Տ. Արամ Ա. Քհնյ. Գլնճեան (1960), Աւազանի անունով Արամ, ծնած է Քեսապ, 1960-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ։

Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը շարունակած է Վենետիկի Ս. Ղազարու վանքին մէջ։ Ապա աւարտելէն ետք Մեծի ՏաննԿիլիկիոյ Զարեհաեան դպրեվանքի ընծայարանի բաժնի աստուածարանական եւ ոմաստասիրակակն եռամեայ ընթացքն ու քահանայից յատուկ դասընթացքները, քահանայ ձեռնադրուած է 1983 Նոյեմբեր 20-ին, Քեսապի մէջ, ձեռամբ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի։

Տասնըչորս տարի որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է իր ծննդավայր Քեսապի մէջ, մ միաժամանակ կրօնագիտութիւն դասաւանդելով Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ խարժարաններէն ներս։

1997-էն ի վեր, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

1998-էն սկսեալ որպէս կրօնի դասատու կը ծառայէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս։

1992-ին ստացած է Լանջախաչ կրելու իրաւունք, 2003-ին՝ Ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն, իսկ 2007-ին Աւագութեան տիտղոս։

Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգ. Կրօնական եւ Գաւառական Ժողովներու անդամ[1]։

Ծանօագրութիններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 355-356։