Արածանիի Ճակատամարտ
Արածանիի ճակատամարտը, տեղի ունեցած է հայկական եւ հռոմէական զօրքերու միջեւ, Արածանի գետի մօտ։ Ք.Ա. 69-ին՝ Տիգրանակերտի ճակատամարտի ընթացքին հռոմէական զօրավար Լուկուլլոսը, չկարողանալով վերջնականապէս ընկճել հայկական բանակը, կը նահանջէ հարաւ եւ վերահաս ձմրան բանակ կը հաստատէ Տիգրան Բ. Մեծի դէմ ապստամբած Կորդուք գաւառին մէջ։ Վճռական ճակատամարտ տալու մտադրութեամբ, Ք.Ա. 68-ի գարնան՝ Լուկուլլոս կ'անցնի Հայկական Տաւրոսի լեռները եւ կը վերսկսի պատերազմը։ Հայկական բանակը խոյս կու տայ դաշտային ճակատամարտէն՝ միաժամանակ յանկարծակի հակագրոհներով ու լեռնային փոքր կռիւներով խափանելով հակառակորդին մատակարարումը։ Հայկական զօրքը բաժնուած էր երկու մասի. այրուձին կը գլխաւորէր Տիգրան Բ. Մեծը, հետեւազօրքը՝ Միհրդատ Զ. Պոնտացին։ Հռոմէական զօրքը կը պահուէր հայկական հետեւազօրքի եւ հեծելազօրի արանքին մէջ, որոնցմէ մէկը մշտապէս կը սպառնար անոր թիկունքէն։ Լուկուլլոսի բանակը աւելի քան երեք ամիս կը դեգերի Տաւրոսի լեռներու եւ Արածանիի միջեւ ինկած տարածութիւններուն մէջ։ Հռոմէական լեգէոնները Սեպտեմբերի կէսին կը փորձեն անցնիլ Արածանին եւ շարժիլ դէպի՝ Արտաշատ մայրաքաղաքը, հայկական զօրքը ճակատամարտի մէջ քաշել՝ իրենց համար ձեռնտու վայրին մէջ։ Սակայն հայկական հեծելազօրքը, Տիգրան Բ. Մեծի առաջնորդութեամբ, արագ երթով Արածանի գետի մօտ՝ չի թոյլատրեր հռոմէացիներու յառաջխաղացքը։ Կողմերը կը մարտնչին։ Հայկական հեծելազօրքը նախ՝ կը դիմէ խափուսիկ փախուստի, կտրելով թշնամիին մարտակարգը, ապա՝ կը սկսի հակագրոհը։ Հայ թեթեւազէն հեծեալները թունաւոր ու ճանկաւոր նետասլաքներով ծանր կորուստներ կը պատճառեն հռոմէացիներուն։ Արածանիի ճակատամարտէն ետք՝ Լուկուլլոսի բանակին մնացորդները կը նահանջեն հարաւ եւ կ'ապաստանին Մծբին քաղաքի պարիսպներուն տակ։ Հռոմէական նուաճումներէն կ'ազատագրուի ինչպէս ամբողջ Հայաստանը, այնպէս ալ՝ Պոնտոսի թագաւորութեան զգալի մասը։ Հռոմէացի նշանաւոր զօրավար՝ Լուկուլլոս կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը, Արեւելքի գործերը զիջելով Գնէոս Պոմպէոսին: