Jump to content

Ատոմ Ա. Քհնյ. Քէհեայեան

Ատոմ Ա. Քհնյ. Քէհեայեան
Ծնած է 1920
Ծննդավայր Ուրֆա
Մահացած է 2002
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Պետական Պաշտօնեայ, Ելեկրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնեայ, Քահանայ
Ամուսին Վարդուհի
Ծնողներ Պետրոս եւ Մարիամ
Երեխաներ Սարզիս, Մարալ, Պետիկ եւ Թագուհի

Ատոմ Ա. Քհնյ. Քէհեայեան (1920, Ուռհա, Թուրքիա - 2002, Հալէպ - Սուրիա)

Աւազանի անունով՝ Միքայէլ, որդի Պետրոսի եւ Մարիամի, ծնած է Ուրֆա, 1920-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Տէր զօրի Ազգ. Վարժարամը, զոր աւարտած է 1933-ին։ Ապա երկու տարի հետեւած է ֆրանսերէն լեզուի դասընթացքի Տէր Զօրի Գաբուջինեան Վարժարանը, ստանալով համապատասխաս վկայական։ Թէեւ եղած է ուսումնատենչ, բայց պայմաններու բերումով չէ կրցած բարձրագոյն ուսում ստանալ։ Հետեւաբար մտած է գործնական կեանքի մէջ ու հետեւած՝ մէկէ աւելի արհեստներու։

Երբ ընտանիքով հաստատուած է Գամիշլի, դարձած է պետական պաշտօնեայ։

Իր առօրեայ աշխատանքներուն գուզահեռ, հետաքրքուած է ազգային ու միութենական կեանքով։ Անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին եւ յետագային վարած է պատասխանատու պաշտօներ։

Գամիշլիի մէջ պատասխանատու նշանակուած է «Նայիրի» եւ «Ազդակ» շաբաթօրեակի։ 1944-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հալէպ եւ դարձած ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեայ։

23 Յունիս 1946-ին, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Աստուածատուր քհնյ. Գասապեանի, պսակուած է օր. Վարդուհիին հետ եւ բախտաւորուած՝ չորս զաւակներով՝ Սարզիս, Մարալ, Պետիկ եւ Թագուհի։

Հալէպի մէջ եւս մաս կազմած է ազգային ու միութենական կեանքին։ Կարեւորութիւն տուած է հայրենակցական միութեան աշխատանքներուն։ Անդամակցած է Ուրֆայի հայրենակցական Միութեան եւ իր գործակիցներուն հետ յաջողած՝ վերաշխուժացնել զայն։ Օգտակար եղած է նաեւ Ուրֆայի եւ Կարմուճի Տիկնանց Միութիւններուն։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են ձեռամբ Տ. Զարեհ Եպս. Փայասլեանի, Ս. Քառասնից Մանկաց մայր եկեղեցւոյ մէջ, 28 Փետրուար 1945-ին, վերակոչուելով Տէր Ատոմ, օծակից ունենալով Տէր Վարդան քհն. Պոյաճեանը, Տէր Վահան քհն. Ենիգոմշեանը, Տէր Հմայեակ քհն. Երէցեանը եւ Տէր Ղեւոնդ քհն. Ագթաւուգեանը։

Երկար տարիներ, Հալէպի մէջ «Հասկ» ամսագրի պատասխանատու էր։ Թղթակցութիւններ գրած է կրօնական բովանդակութեամբ «Հասկ»ին, «Ազդակ»ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պարբերաթերթին եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ։

Տարիներու քահանագործութեան քաղցր լուծին տակ, ան կորսնցուցած է իր առողջութիւնը եւ 1995-ին կոչուած է հանգստեան։

Իր վարչական աշխատանքներու կողքին, ան ժամանակ տրամադրած է մտաւորական աշխատութեան եւ ուսումնասիրութեան։ Հրատարակած է երեք գրքոյկներ՝ «Կրօնական Գիտելիքներ», «Դիւցազնական Ուրֆան եւ Իր Հայորդիները» եւ «Կարմուճը» խորագրով։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 230-231-232-232։