Jump to content

Աստուածամայրը Մանկան Հետ (Վրուպէլ)

Աստուածամայրը մանկան հետ, 1885 թ., Վրուպէլ Միքայէլ

Աստուածամայրը մանկան հետ, սրբապատկեր` ստեղծուած Միքայէլ Վրուպէլի կողմէ Քիեւի Կիրիլեան եկեղեցիի միայարկ մարմարէ միջնապատի համար 1884-1885 թուականներուն[1]։ Վրուպէլին յատկապէս այս աշխատանքը լայն ճանաչում բերաւ հասարակութեան մէջ եւ ծառայեց որպէս հիմնական նշաձող նկարիչի յետագայ յաջողութեան համար: Չնայած այն բանին, որ կերպարը կատարուած է ուղղափառ սրբապատկերագրման բոլոր կանոններուն համաձայն, արուեստաբանները եւ նկարիչները կը մատնանշեն անոր արտայայտչականութիւնը եւ անսովորութիւնը: Որպէս Աստուածածնի եւ Քրիստոս-մանկան դէմքեր Վրուպէլը օգտագործած էր արուեստաբան Ատրիան Պրախովի կնոջ եւ կրտսեր աղջկայ դէմքերը:

Նկարագրութիւն եւ Պատկերագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վրուպէլ, «Աստուածամայրը մանկան հետ», հատուած, 1885

Սրբապատկերը նկարուած է ցինկէ թիթեղի վրայ իւղաներկով, ոսկեզօծ մասնիկներով: Չափերը 202 х 87սմ:

Ըստ պատկերագրութեան, այս սրբապատկերը կը պատկանի Բախարանդա ձեւին: Այս ձեւին բնորոշ է մանուկ Քրիստոսը ծունկերուն, գահին բազմած Մարիամ Աստուածածնի պատկերը: Գահը կը խորհրդանշէ Աստուածամօր արքայական վեհութիւնը: Պատկերի այս տեսակը ստեղծուած է Բիւզանդիայի մէջ, 11-12-րդ դարերուն[2]:

Մայր Աստուածածինը պատկերուած է չարչարանքներ եւ արքայական ծագում խորհրդանշող կարմիր հագուստով: Ճակատին եւ ուսերուն պատկերուած են երեք ոսկի աստղեր, որպէս նշան անոր կուսութեան. ըստ աւանդութեան, Աստուածածինը մինչեւ Քրիստոսի ծննդեան օրը, ծնած օրը եւ ծննդեան օրէն ետք եղած է կոյս: Երեք աստղը կը խորհրդանշէ նաեւ Սուրբ Երրորդութիւնը: Ըստ Մայր Աստուածածնի ուղղափառ պատկերագրութեան, անոր գլխուն վերեւը նախշագրուած են յունարէն տառեր ΜΡ ΘΥ-յապաւում` «Աստուծոյ մայրը»:

Ստեղծման Պատմութիւն[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նկարիչի Ընտրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վրուպէլ Միքայէլ, ինքնանկար, 1885 թ.

Բոլորին անծանօթ երիտասարդ նկարիչ Միքայէլ Վրուպէլին աշխատանքի մէջ ներգրաւած է կայսերական գեղարուեստի ակադեմիայի յայտնի դասաւանդող եւ արուեստաբան Ատրիան Պրախովը[4][5]: Պրախովին յանձնարարուած էր հետեւիլ Քիեւի մէջ կառուցուող Վլատիմիրեան տաճարի յարդարման: Միաժամանակ Պրախովը սկսաւ ղեկավարել Կիրիլեան եկեղեցիի ներքին յարդարման աշխատանքները:

Պրախովը յանձնարարուած աշխատանքին լրջութեամբ կը վերաբերէր եւ 1981-1982, ինչպէս նաեւ 1986-1987 թուականներուն նախատեսեց քանի մը ճամբորդութիւններ Եգիպտոս, Պաղեստին, Սուրիա, Յունաստան, Թուրքիա եւ Իտալիա, Բիւզանդական աւանդոյթները ուսումնասիրելու համար[4]։

Իր յուշերուն մէջ ԱՅ. Վ.Պրախովը կը գրէ[5], որ մտահոգ էր, թէ իր բացակայութեան ժամանակ այն կոմիտէն, որ կը տնտեսէր դրամական միջոցները, կը յանձնարարէր պատկերը նկարել «ինչ-որ տեղաբնակ նկարիչի»: Այդ պատճառով Պրախովը որոշեց Սենթ – Բեթերսպուրկի մէջ գտնել գեղարուեստի Ակադեմիայի երիտասարդ տաղանդաւոր աշակերտ մը, որ պիտի կարենար կատարել այդ պատուէրը Քիեւի մէջ, «առանց դուրս գալու ժլատօրէն բաց ձգուած դրամական միջոցներու սահմաններէն»: Պրախովը աշնան Բեթերսպուրկ ժամանելով գնաց գեղարուեստի Ակադեմիա, իր հին ընկերոջ՝ Փաւել Չիստեակովին մօտ[4].

Պրախովը Չիստեակովին կը պատմէ Կիրիլլեան վանքին մէջ իր յայտնաբերած ու առանց վերականգնման ձգած որմնանկարներուն մասին ու կը խնդրէ խորհուրդ տալ աշակերտներէն որեւէ մէկուն, «որ կը համաձայնէր երթալ Քիեւ եւ 1200 ռուբլիով, իր նիւթերով զինկէ սկաւառակներու վրայ բիւզանդական ոճով նկարէր չորս պատկեր միայարկ մարմարէ նկարակալի վրայ[5]: Այդ ժամանակ մէկը դուռը կը թակէ.

_Մտէք, _կանչեց Պ.Պ.Չիստյակովը:

Արուեստանոցի դուռը կը բացուի, եւ ներս կը մտնէ , նիհար, բարեկազմ, միջին հասակի երիտասարդ մը, մեծ թղթապանակը ձեռքին: Ոչ ռուսական ձեւի դէմքով: Ան հագած էր խնամքով, ուսանողական համազգեստով, նոյնիսկ սուսերով, որը ուսանողները այդ ժամանակ դժկամութեամբ կը կրէին:

_Գազանը ինքը որսորդին մօտ կը վազէ: Ահա եւ քեզ նկարիչ: Աւելի լաւ, տաղանդաւոր եւ աւելի յարմար քո պատուէրի կատարումին համար` ես ոչ մէկուն չեմ կրնար առաջարկել...[4].


Պրախովը պէտք չունեցաւ երկար համոզել դասուսուցմամբ դրամ շահող ու բոլորին անյայտ 27-ամեայ Միքայէլին: Վրուպէլին համար 1200 ռուպլին մեծ գումար էր, իսկ Պրախովի համար «դրամական միջոցներէն կծծիօրէն բաց մնացած գումար»:

Նախապատրաստական աշխատանքներ, էսքիզներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1884 թուականի Մայիսին Պրախովի Քիեւեան բնակարանին մէջ յայտնուեցաւ «նիհար, խարտեաշ մազերով, դէմքի նուրբ դիմագիծերով ամչկոտ երիտասարդ։ Պրախովի Քիեւեան բնակարանին մէջ, որ կը գտնուէր Большая Житомирская փողոցի թիւ 6 տան մէջ, կ'ըլլային շատ հիւրեր. նախապատուօրէն՝ արուեստի մարդիկ, որոնց Պրախովը կ'ընդգրկէր Վլատիմիրեան տաճարի աշխատանքներուն մէջ։ Այդ սրահի տանտիրուհին Պրախովի կինն էր, երեք երեխաներու 32-ամեայ մայրը՝ Էմիլիա Պրախովան, որու դէմքը Վրուպէլը օգտագործեց որպէս նախատիպ Աստուածածինը նկարած պահուն: Որպէս Աստուածածինի գիրկի մանուկ Յիսուսի նախատիպ ընտրուեցաւ Էմիլիայի կրտսեր դուստրը՝ Օլկան։

Բեմի չորս կերպարներու հիմնական աշխատանքին անցնելէն առաջ, Վրուպէլը նկարեց որմնանկարներ Կիրիլեան եկեղեցիին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրուանկարներ ըրաւ բեմի կերպարներուն համար։

Նիկոլայ Պրախովը, որ այն ժամանակ 11 տարեկան էր, կը յիշէր, որ Վրուպէլը, երբ իր Քիեւեան բնակարանէն կ'երթար Կիրիլովեան, սովորութիւն ունէր այցելել Պրախովներու ամառանոցը, ուր յաճախ կը վերցնէր Պրախովներու աւագ դստեր մանկական նկարչական ալպոմը եւ անոր մէջ կը սկսէր ջրաներկով նկարել ընտանիքի որեւէ անդամը, աւելի յաճախ՝ Էմիլիա Պրախովան՝ որեւէ աշխատանք կատարած ժամանակ։ Վրուպէլը ատոնք աւարտին չէր հասցնէր։ Պրախովները յաճախ կը վերցնէին եւ կը պահէին այդ ուրուանկարները, քանի որ Վրուպէլը սովորութիւն ունէր օգտագործել զանոնք որպէս սեւագրեր եւ յաճախ կը նկարէր ճիշդ իրենց վրայ։

Պահպանուած են Աստուածամօր կերպարի քանի մը նախապատրաստական ուրուանկարներ։

Առաջին նկարը՝ «Աստուածամօր գլուխը», (1884 թուական, ջրաներկ, կուաշ) վեց մասերով իրար միացուած թերթը կը գտնուի Քիեւի ռուսական կերպարուեստի ազգային թանգարանին մէջ։ Վրուպէլը ատիկա սկսած էր Պրախովի աշխատանքային սենեակին մէջ։ Սպիտակ ոչ մեծ թուղթի վրայ, վարդագոյնով եզրագծած լուսաբացի ոսկեգոյնի ֆոնին, թեթեւ եասամանագոյնով գծուած է գլուխը։ Գտնելով շագանակագոյն ստուարաթուղթի հաստ թերթ, Վրուպէլը սոսնձեց դեռ չաւարտած ջրաներկը, իսկ աջ ներքեւի կողմէն՝ մոխրագոյն նկարչական թուղթ։ Երբ ատիկա քիչ մը չորցաւ, ան սկսաւ աջ կողմը սեւաներկով նկարել զարդաքանդակաւոր ծաղիկներ, բայց չաւարտեց։

Ն.Պրախովը կը յիշէր նաեւ, որ «իր մայրը (Էմիլիա Պրախովան) ունէր հրաշալի մուգ կապոյտ աչքեր եւ գեղեցիկ ընդգծուած շուրթեր»։ Պրախովներու ընտանիքին մէջ պահպանուած է իտալական մատիտով գծուած շատ հետաքրքրական նկար, որու վրայ Էմիլիա Պրախովայի կողմէն գծուած կիսակազմուածքն է՝ թեքուած աշխատանքի մը վրայ։ Վրուպէլը վատմանի թուղթի կտորի վրայ ուրուագծած է երեք քառորդ պտոյտով գլուխը, նոյն դէմքը այլ ծրագրին մէջ, որ Աստուածամօր համար իրեն կը թուէր աւելի յարմար։ Պրախովի խօսքերով՝ Վրուպէլը յետ մղուելով առաջին, բրոֆիլէն ըրած բոլորովին իրական նկարէն, ապագայ կերպարին համար որպէս ակնարկ ըրած երկրորդ նկարէն՝ յիշողութեամբ ստեղծեց երրորդ նկարը, որ այժմ կը գտնուի Տրետյակովի ազգային պատկերասրահին մէջ։

Ձախ մասին մէջ, մազերուն վրայ կայ բաց-օխրայով իւղաներկի վրձնախազ։ «Տեսնելով իր նկարը Պրախովներու տան մէջ, Վրուպէլը ցանկացաւ իւղաներկով վերանկարել ամբողջ դէմքը, ան բացաւ իր ներկապնակը եւ ըրաւ մէկ վրձնահարուած։ Էմիլիան բոլորը կանչեց նախաճաշի եւ Վրուպէլը գնաց, իսկ Ն.Պրախովը քրոջ հետ, որոշելով, որ նկարիչը միայն կը փճացնէ վերանկարելով նկարը, պահեցին զայն պահարանի ետեւը։ Նկարը չգտնելով իր տեղը, Վրուպէլը չհարցուց, թէ ուր է ատիկա անյայտացեր։ Փակեց իր ներկապնակը, հրաժեշտ տուաւ եւ հեռացաւ»։

Աշխատանքը Վենետիկի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրուպէլը սրբապատկերին վրայ հիմնական աշխատանքը կատարեց Վենետիկի մէջ, ուր գացած էր 1884 թուականի Նոյեմբերին։ Երկիւղելով, որ նկարիչի Քիեւի մէջ ապրելու ցրուած կենսաձեւը կը խանգարէ Վրուպէլը կեդրոնանալու պատասխանատու աշխատանքին վրայ՝ Պրախովը իրեն խորհուրդ տուաւ ձմռան երթալ Իտալիա եւ այնտեղ նկարել դիմանկարները.

Առաջարկութիւնը Վրուպէլին հաճելի թուաց եւ Վիեննայէն ետք ան գնաց Վենետիկ։

Վենետիկի մէջ Վրուպէլը մէկ սենեակին կից արուեստանոց վարձեց San Maurizio № 174 փողոցին վրայ, Սուրբ Մարկոսի տաճարէն ոչ հեռու եւ սկսաւ նկարել Աստուածամօր դիմանկարը։ Վրուպէլի խորթ մայրը իր քրոջ՝ Անիւտային գրած նամակին մէջ կը յայտնէ, որ «Վրուպէլը ամսական 125 ֆրանքով տեղաւորուած է սեղանով ու սպասաւորով բնակարանի մը մէջ»։ Ան կ'ըսէ նաեւ, որ Վրուպէլի սենեակը շատ պաղ է, ընդամէնը 7 աստիճան ջերմութեամբ եւ Վրուպէլը ստիպուած է «քալել բուրդի մէջ ու գլխարկով»։

Ցինկէ թիթեղը Վրուպէլը գնեց Վենետիկէն, իտալացիները օգտուեցան նկարիչի անփորձութենէն եւ պատրաստեցին հիմքը ո՛չ թէ ցինկի մեկ կտորէն, այլ աջ կողմէն ողջ երկարութեամբ զօդեցին նեղ կտոր։ Վրուպէլ առաջին անգամ էր որ կ'աշխատէր մետաղական հիմքի վրայ եւ չէր գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է զայն նախապատրաստել աշխատանքին։ Ներկերը կը սահէին, նկարելը յարմար չէր, ուստի նկարիչը Պրախովէն նամակով խորհուրդ խնդրեց։ Պրախովը խորհրդակցեցաւ Քիեւի համալսարանի քիմիայի փրոֆեսոր Ս.Ն. Ռեֆորմատսկիի հետ, որ խորհուրդ տուաւ սկիզբը մակերեւոյթը մշակել աղաթթուի թոյլ լուծոյթով, որպէսզի ներկը լաւ պահուի։ Խորհուրդը օգնեց, սակայն Վրուպէլ կարողացաւ զայն կիրառել միայն մնացած երեք դիմանկարները նկարելու համար։

Աստուածամօր կերպարի արտաքինը նկարիչը վերցուց իտալացի բնորդուհիէն։

Նիկոլայ Մուրաշկոն, որ հիւրընկալուած էր Վրուպէլին կողմէ, իր յիշողութիւններուն մէջ կը գրէր, որ Վրուպէլը կ'ապրի հինաւուրց «գրեթէ 14-րդ դարի» Պալացցոյի երկրորդ յարկին վրայ եւ վարձած է որմնանկարներով երկսենեակ բնակարան, որ ունի ծեփակերտ առաստաղ եւ ամբողջ այդ կահաւորանքը կը ներշնչէ Վրուպէլին։ Մուրաշկոյի եւ Վրուպէլի հանդիպման ժամանակ, վերջինս միաժամանակ կ'աշխատէր չորս դիմանկարներուն վրայ՝ Կիրիլեան եկեղեցիին համար։ Ընդ որում՝ «Քրիստոսն» ու «Աստուածամայրը» ամբողջութեամբ «պարզաբանուած» էին, «Կիրիլը» դեռ սկսած չէր, իսկ ամէնաքիչն աշխատած էր «Աթանասի» դիմանկարին վրայ։ Վրուպէլը քանի մը ժամ անընդմէջ, առանց աշխատանքէն կտրուելու, մեծ սիրով կ'աշխատէր այդ դիմանկարներուն վրայ։

Մուրաշկոն Աստուածամօր դիմանկարին մէջ ճանչցաւ «ընդհանուր ծանօթուհին Ռուսաստանէն»։ Մուրաշկոյի խօսքերով՝ նմանութիւնը «վառ արտայայտուած էր», եւ ան այդ չէր կրնար չնկատել։ Վրուպէլ, ի պատասխան Մուրաշկոյի հակազդեցութեան, ծիծաղեցաւ. «Դուք ճանչցա՞ք»։ Մուրաշկոն պատասխանեց․ «Այո, միայն թէ դուք տուած էք դէմքին այլ արտայայտութիւն։ Իրականութեան մէջ անիկա անզուսպ ճչացող է, իսկ ձեզ մօտ՝ հեզ, խաղաղ արտայայտութիւն»։ Վրուպէլը սկսաւ պաշտպանել իր բնորդը․ «Միթէ՞ ան ճչացող է, ո՛չ, այդ դո՛ւք իրեն չէք գիտեր։ Կ'երեւայ թէ մենք նոյն առարկայէն ստացած ենք տարբեր տպաւորութիւններ»։

Սիրահարուածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Վրուպէլի որոշ կենսագրագէտներու, սրբապատկերին վրայ աշխատելու ժամանակ նկարիչը սիրահարուած էր մէկուն։ Վրուպէլի ստեղծագործութիւնները հետազօտողներուն մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ ան սիրահարուած էր Է․Լ․ Պրախովային։

Ըստ Պրախովներու սերունդի տարբերակին, երիտասարդ Վրուպէլը սիրահարուած էր Էմիլիա Պրախովային եւ ամբողջ ուժով կ'աշխատէր գրաւել անոր ուշադրութիւնը: Իբր նոյնիսկ գոյութիւն ունէր նամակագրութիւն Վրուպէլի եւ Էմիլիայի միջեւ, որ վերջինիս խնդրանքով մահէն յետոյ վերացուցած է Պրախովայի կրտսեր աղջիկը՝ Օլկան։ Վրուպէլի եւ Էմիլիա Պրախովայի նամակագրութեան ոչնչացման փաստը լրագրողներուն համար ծառայեց որպէս հաստատում իբրեւ Վրուպէլի անպատասխան սիրոյ եւ այդ պատճառով Պրախովի Վլատիմիրի տաճարին մէջ նկարելու հնարաւոր մերժման։ Սակայն ժամանակակիցներու վկայութիւններուն մէջ չկայ ոչ մէկ յիշատակում Վրուպէլի Պրախովայի նկատմամբ տածած կիրքի մասին։

Կոնստանտին Կորովինը յիշատակէ, որ անգամ մը տօթ ամռան գացած էր Վրուպէլի հետ լողալու այգիի լճակին մէջ․ «Այդ ի՞նչ մեծ սպիտակ սպիի նման բիծեր են ձեր կուրծքին վրայ»-հարցուց Կորովինը։ Վրուպէլը պատասխանեց․ «Այո, ասոնք սպիներ են, ես խազած եմ ինքս ինձ՝ դանակով»։ Վրուպէլը մտաւ լողալու, Կորովինը հետեւեցաւ անոր՝ շարունակելով զրոյցը․ «Լողալը լաւ է, ամռան ընդհանրապէս շատ բան է լաւ կեանքի մէջ։ Այնուամենայնիւ ըսէք, Միխայիլ Ալեքսանդրովիչ, այդ ի՞նչ բան է, որ ձեզ խազած էք դանակով, չէ՞ որ ատիկա պէտք է որ ցաւոտ ըլլար։ Ինչ է այդ, վիրահատութի՞ւն է, ի՞նչ է»։ Կորովինը զննելով՝ տեսաւ բազմաթիւ սպիտակ մեծ սպիներ։ «Կը հասկնա՞ք դուք, -պատասխանեց Վրուպէլը, - կը նշանակէ, որ ես սիրած եմ կնոջ, իսկ ան ինձ՝ ոչ, եւ շատ բան կը խանգարէր իրեն հասկնալ ինծի։ Ես կը տառապէի այդ խանգարող հանգամանքի մասին իրեն բացատրելու անհնարինութենէն։ Ես կը տառապէի, բայց երբ խազեցի ինձ, տառապանքս մեղմացաւ»։

Վրուպէլը իրականութեան մէջ Վենետիկէն կը գրէր նամակներ Պրախովային եւ մինչեւ մեր օրերը հասած են այդ նամակներէն կտրուած նկարներ, զորս ան ըրած էր գրուածքը ձեւաւորելու համար։ Այդպիսի կտրուածքի ետեւը, որուն վրայ նկարուած էր կոնդոտիէր Բարտոլոմեո Կոլէոնիի արձանը, պահպանուած է հետեւեալ ֆրազը․ «Միայն թէ դպչէի․․․»:

Գոյութիւն ունի տարբերակ մը եւս, որ Վրուպէլ այդ ժամանակ սիրահարուած էր ո՛չ թե Պրախովային, այլ ոմն Մարցելա Սոկոլովայի եւ ան նոյնիսկ Յան անունով ապօրինի որդի ունեցած է անկէ։ Սակայն չկայ 1884 թուականի Մայիսէն Նոյեմբեր շրջանին այդ յարաբերութիւնները հաստատող ոչ մէկ փաստ։

Գնահատում եւ քննադատութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստաբանները, քննադատներն ու նկարիչները միաձայն ընդունեցին ո՛չ միայն Աստուածամօր դիմանկարի յաջողութիւնը, այլ նաեւ այլ աշխատանքներու, որոնք Վրուպէլը ըրած էր Կիրիլի եկեղեցիին մէջ։ Յայտնի հաւաքորդ Պավել Տրետյակովը գովեց Վրուպէլի այդ աշխատանքը, ան յատուկ եկաւ Քիեւ՝ դիտելու եւ սաստիկ վշտացաւ, որ չի կրնար ձեռք բերել զայն իր հավաքածուին համար։

Նեստերով Միխայիլ Վասիլեւիչը, որուն Պրախովը ընդգրկած էր Վլադիմիրի տաճարի աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս կ'առանձնացնէր Վրուպէլի այս սրբապատկերը՝ ընդգծելով բիւզանդական աւանդոյթի ու Վրուպէլի իւրայատկութեան համատեղութիւնը․ «․․․Առանձնահատուկ լաւն է տեղական Աստուածածինի սրբապատկերը, ալ չըսեմ՝ որ անիկա արտակարգ իւրատիպ է ու գրաւիչ, բայց կարեւորը՝ գիծերու ու գոյներու հրաշալի ներդաշնակութիւնն է․․․Աստուածամօր (ոչ երիտասարդ) դիմանկարին մէջ կը զգացուի արտակարգ լարուածութիւն՝ արտայայտուած խիստ յուզականութեամբ»:

Արուեստաբան եւ քննադատ Ալեքսանդր Բենուան կը նշէր Վրուպէլի վարպետութիւնը եւ կ'ընդգծէր, որ համեմատելով Վրուպէլի Կիրիլի եկեղեցիի աշխատանքները Վիկտոր Վասնեցովի որմնանկարներուն հետ, վերջիններս «կը թուան մակերեսային նկարազարդումներ»։ Բենուան կը ժխտէր Վրուպէլի «շառլատանութեան» ու «սեթեւեթանքի» համար մեղադրանքները, սակայն միաժամանակ կը նշէր, որ «Վրուպէլը զուրկ չէր սեթեւեթանքից» եւ որ «Վրուպէլը հանճար չէ եւ ինչպէս իր ժամանակակիցներէն շատերը, մասնաւորապէս ռուս նկարիչներէն, չի ճանչնար իր տաղանդի սահմանները, չի գիտեր իր ընդունակութիւններու շրջանակը եւ միշտ բարձր է էապէս միայն իրեն համար օտար ոլորտներու մէջ։ Վրուպէլը շարունակ «հանճար կը ձեւանայ» եւ տհաճօրէն ատով կը վնասէ իր հրաշալի տաղանդին»։

Քննադատ հաւաքորդ Սերգէյ Մակովսկին կը կարծէր, որ Վրուպէլի սկզբնական աշխատանքը Կիրիլի եկեղեցիին մէջ կը համարուի «Վրուպէլի բարձրագոյն ձեռքբերումը» եւ ժխտելով Վրուպէլի «ոչ ռուսական (լեհական) ծագման» ու «էսթետիկ կոսմոպոլիտիզմի» համար մեղադրանքները՝ կ'ընդգծէր, որ այդ ձեռքբերումը «միանգամայն ազգային է»։ Միեւնույն ժամանակ, Մակովսկին կը նշէր, որ Վրուպէլը «առաքելական հաւատամքի տեսանկիւնէն՝ հեռու է անբասիր ըլլալէ․․․» եւ որ «բոլոր այդ սեւեռուն, անհասկանալի լայնացուած, մեծ բիբերէն կը փչէ անդրշիրիմեան երկիւղ, որ հարազատ է իրեն մշտական ուղեկից նստած դեւի պաթոսին»:

Վերականգնման աշխատանքներ եւ կորուստի վտանգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիրիլի եկեղեցիի պատկերակալի չորս դիմանկարներէն խնդրայարոյց կը համարուի Աստուածածինի դիմանկարը։ Վենետիկի մէջ Վրուպէլը առաջինը երբ որ նկարած էր, չէր գիտեր, որ ցինկէ թիթեղի մակերեւոյթը անհրաժեշտ էր յատուկ ձեւով նախապատրաստել: Միւս երեք դիմանկարներու ժամանակ, Վրուպէլ այդ սխալը չկրկնեց։ Բացի այդ «Աստուածամայրը» կատարուած է ո՛չ թէ ցինկէ ամբողջական թիթեղի վրա, այլ բաղկացած է երկու միացուած կտորներէ։

1929 թուականի Յունիս 27-ին յանձնաժողովը, որու կազմին մէջ էին փրոֆեսորներ Ֆ․Շմիդտը, Վ․Զումմերը, Ֆ․Էռնստը, ինչպէս նաեւ Կ․ Մոշչենկոն, Վ․ Բազիլեւիչը եւ Ա․ Ալեքսանդրովը, կատարեց «Աստուածածինը մանկան հետ» սրբապատկերի զննում։ Յանձնաժողովը որոշեց սրբապատկերի վերականգնումը սկսիլ լավրի վերականգնման արհեստանոցներուն մէջ (վերականգնիչ՝ Կ․Կրժեմանսկի) եւ նշեց ֆիզիքական եւ քիմիական հետազօտման անհրաժեշտութիւնը՝ պարտադիր ֆոտոֆիքսացիայով՝ հասկնալու նկարի կլպուելու պատճառը։ Քիմիական հետազօտութիւնը անցուց բոլիտեխնիկական ինստիտուտի փրոֆեսոր Սենկովը։ Բացի յանձնաժողովի անդամներէն ներկայ էր Ռուսական Պետական թանգարանի տնօրէն Նարադովսկին։ 1929 թուականի Սեպտեմբեր 4-ին յանձնաժողովի ներկայութեամբ դիմանկարը հանուեցաւ նկարակալէն եւ տեղափոխուեցաւ եկեղեցիի կեդրոնական բեմ՝ վերականգնման համար։ Աւելի ուշ, սկսած ցուրտին պատճառով, տեղափոխեցին լավրի վերականգնման արհեստանոցներ։

Ուքրանիայի անկախութեան ձեռքբերումէն յետոյ, 1991 թուականին ուքրանական իշխանութիւնները կայացուցին № 83 որոշումը, հաշուառելու տաճարները, ճարտարապետական յուշարձանները, որոնք ենթակայ չէին եկեղեցի վերադարձնելուն: Այդ յուշարձաններուն մէջ էր նաեւ Կիրիլի եկեղեցին։ Սակայն 2002 թուականին այդ վճիռը բեկանուեցաւ եւ Կիրիլի եկեղեցին փոխանցուեցաւ (Մոսկովեան պատրիարքարանին) Ուքրանական ուղղափառ եկեղեցիին։

Թանգարանային վերականգնիչներու եւ աշխատողներու կարծիքով, Կիրիլեան եկեղեցիի շահագործումը «ըստ իրական նշանակութեան» կը պատճառէր որմնանկարներու ու նկարակալներու անխուսափելի փճացում ու քայքայում։ Մոմերու հալած կաթիլները կ'իյնան որմնանկարներու ու սրբապատկերներու մակերեւոյթին, անհրաժեշտ խոնաւութեան պահպանումը անհնար է, իսկ եկեղեցական տօներուն հաւատացեալները մէջքով եւ ուսերով կը մաքրեն ունիկալ որմնանկարը։

Աւելին, եկեղեցիէն հեռացման վտանգի տակ ինկաւ նաեւ Վրուպէլի յայտնի պատկերակալը․ Ուքրանական ուղղափառ եկեղեցիի համայնքը իր ստեղծագործութիւնը ճանչցաւ «ոչ եկեղեցիի կանոններով սահմանուած»։

Էմիլիա Պրախովա, 1870 թ.
Վրուպէլ, էսքիզ «Կնոջ գլուխ», Իտալական մատիտ, 1884
Վրուպէլ, «Կնոջ գլուխ», Իտալական մատիտ, 1884. Տրետյակովյան պատկերասրահ
Վրուպէլ, էսքիզ «Աստուածածինը մանկան հետ», Իտալական մատիտ, 1884. Տրետեակովեան պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Гомберг-Вержбинская Э. П., Подкопаева Ю. Н., Новиков Ю. В. +что+в+моё+отсутствие+комитет, +ведавший+денежными+средствами+%22&dq=%22Боясь, +что+в+моё+отсутствие+комитет, +ведавший+денежными+средствами+%22&hl=en&sa=X&ei=tkXwT5LDEZP14QSi2qnhDQ&redir_esc=y Михаил Александрович Врубель, М.: Искусство, 1976 — С. 383.
  2. «Власов В. Г. «Византийское и древнерусское искусство». Словарь терминов.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-08 
  3. (հայերեն) Աստվածամայրը մանկան հետ (նկար, Վրուբել), 2024-03-02, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B1%D5%BD%D5%BF%D5%BE%D5%A1%D5%AE%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B5%D6%80%D5%A8_%D5%B4%D5%A1%D5%B6%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A5%D5%BF_(%D5%B6%D5%AF%D5%A1%D6%80,_%D5%8E%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A2%D5%A5%D5%AC), վերցված է 2025-02-22 
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 Прахов Н. А. +что+в+моё+отсутствие+комитет, +ведавший+денежными+средствами+%22&dq=%22Боясь, +что+в+моё+отсутствие+комитет, +ведавший+денежными+средствами+%22&hl=en&sa=X&ei=tkXwT5LDEZP14QSi2qnhDQ&redir_esc=y Страницы прошлого: очерки — воспоминания о художниках, // под общ. ред. В. М. Лобанова. — К.: Мистецтво, 1958. — 308 с.
  5. 5,0 5,1 5,2 Прахов А. В. Воспоминания о Врубеле // Московская городская художественная галерея П. М. и С. М. Третьяковых / Под общ. ред. И. С. Остроухова. — М., 1909. — Кн. 1, ч. 2. — С. 157—168.