Ասպետներու ամրոց (Հոմս)

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ռազմական կառույց

Ալ-Հուսն Բերդ, քրիստոնէական բերդ ։ Կը գտնուի Սուրիոյ լեռնաշղթաներու ափին, Հոմս նահանքին տարածքին (Հոմս գաղաքէն հեռու՝ 60 ք․մ․)։ Բերդի պատմական կարեւորութեան համար (UNESCO) ն, բերդը համարեց, աշխարհի ամենակարեւոր պատմական բերդերէն մին, իսկ 2006 թուականին բերդը իր տեղը կը գտնէ՝ աշխարհի ժառանգութիւն համարուող վայրերու ցուցակին մէջ։

Այս բերդը կը համարուի միջնադարու ամենակարեւոր բերդերէն մին։ Առաջին անգամ Քիւրտերը բնակեցան բերդի տարածքին մէջ, ուստի բերդը կոչուեցաւ (Հուսն Ալ-Աքրատ), զոր կը նշանակէ՝ քիւրտերու ամրոց։

1142-ին բերդը տրուեցաւ Ռիմոնտ 2-րդին, ան բերդը վերածեց Ասպետներու հիւանդանոցի, որ ինկաւ 1271-ին։ Յայտնի էր Ֆրանսերէնով «Crac des Chevaliers» անունով։

Տեղադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալ-Հուսն բերդը կը գտնուի «Ուատի Ալ-Նասարա» շրջանին մէջ (Հոմսի նահանգ), Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Հոմսի եւ Թարթուսի միջեւ։ Բերդը կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի ամենահին եւ գեղեցիկ բերդերէն։ Կը գտնուի բլուրի մը վրայ, որուն բարձրութիւնը 650 մ. է (21بعض المعلومات عن معلم أثري في حمص

Բերդին հին պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը կարծուի, որ բերդը հիմնուած է աւելի հին բերդի մը վրայ, որուն անունը (շպդոն) եղած էր, հիմնուած՝ փարաւոններուն կողմէն, երբ եգիպտացիները գրաւած են Սուրիան Ռամսիս Բ.-ի ղեկավարութեամբ ԺԵ դար Ք.Ա. ։ Բերդը կը համարուի, ամբողջական օրինակ մը, պաշտպանուած զինուորական բերդերու։

Բերդը ենթարկուեցաւ երկրաշարժի 1157 եւ 1169 թուականներուն։ Ոչ մէկ սիւն մնաց կեցած։ Սակայն քրիստոնէաները դարձեալ կառուցեցին սիւներ, փլած բաժինները վերանորոգեցին եւ պաշտպանութիւնը զօրացուցին։ Արաբները շատ փորձեցին գրաւուած բերդը ետ առնել։ Նուր Ալ–Տին Ալ-Զնքին քանի անգամ յարձակեցաւ բերդին վրայ 1163-1167-ին, շատ մեծ պատերազմներ տեղի ունեցան, բերդը ետ առնելու, բայց բոլորն ալ անյաջող մնացին։

1201-ին երրորդ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, որ շատ մեծ վնասներ պատճառեց։ Բերդին երրորդ փուլը սկսաւ՝ դարձեալ կառուցելով քանդուած մասերը։

1267 Սուլթան Զահեր Պիպրսը յարձակուեցաւ բերդին վրայ, վերադարձուց գրաւուած աշտարակները եւ քրիստոնեայ զինուորները 1271-ին յանձնուեցան այն պայմանով, որ արտօնուի իրենց Թրիբոլի երթը։

Բերդը վերադարձուելէն ետք Սուլթանը հրամայեց, բոլոր բլատակներուն վերակառուցումը, քան զի՝ Սուլթանը որոշած էր բնակիլ բերդին մէջ։ Բերդը նորից նոր կը կառուցուի՝ փոփոխութիւններով։

Բերդի գրաւման թուականները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1163 - Նուր Ալ–Տին Զնքիի զօրքը կը կռուի եւրոպացիներուն հետ՝ Պեքաաի ցորին մէջ, որոնք չեն յաջողիր բերդը վերադարձնել։
  • 1166 - Անյաջող փորձ մը եւս բերդը վերադարձնելու։
  • 1170 - Երկրաշարժ, որ կը քանդէ բերդին մէկ մասը, իսկ եւրոպացիները կը դանդաղին շինելու քանդուած եկեղեցին։
  • 1188 - Սալահ Ալ-Տին Ալ-Այուպին բերդը կը պաշարէ։
  • 1202 - Երրորդ երկրաշաժը շատ ուժեղ էր, որ կը ստիպէ բերդին հիմքն ու սիւները վերանորոգելու։
  • 1206 - Սալահ Ալ-Տինի հարազատներէն մէկը կը յարձակի բերդին վրայ, բայց չյաջողիր։
  • 1270 - Պիպրսը կը պաշարէ բերդը, բայց շուտով կը վերադառնայ Եգիպտոս։
  • 1271 - Պիպրսը կը վերադառնայ Եգիպտոսէն եւ դարձեալ կը պաշարէ բերդը, քարաձիգներով կը յարձակի, վերջապէս կը յաջողի բերդը գրաւելու։
  • 2012 - Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը կը գրաւեն բերդը եւ վնասներ կը հասցնեն բերդին։
  • 2014 - Սուրիոյ բանակը կը վերադարձնէ բերդը 20 Մարտին։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհի տարածքին, Ալ–Հուսն բերդը, կը համարուի ամենակարեւոր եւ ամենահին բերդերէն։

Կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Քարերը լորենի են։
  • Ընդհանուր տարածքը 30000 մ․, իսկ բերդին բարձրութիւնը ծովէն 750 մ․ է։

Բերդին եկեղեցին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմակուան եկեղեցին կառուցուած է հին եկեղեցւոյ փոխարէն, զոր քանդուեցաւ 1170-ին։

Բերդին մէջ տեղի ունեցած փառատօնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերդին մէջ երգի եւ պարի փառատօններ կը կատարուէին ամէն տարի։ Բերդը յաճախ ծառայած է, որպէս՝ ֆիլմեր արձանագրելու վայր։

99999