Jump to content

Ասկերանի Բերդը

Ասկերանի բերդ

Ասկերանի բերդը յայտնի է նաեւ Մայրաբերդ անունով, բերդը կառուցուած է միջնադարուն: Կը գտնուի Ստեփանակերտէն 14 քմ. դէպի արեւելք:

18-րդ դարուն անիկա ենթարկուած է վերակառուցման: Պարիսպը ունի կլոր աշտարակներ, պատերը ունին 2 մ. հաստութիւն եւ 9 մ. բարձրութիւն: Պաշտպանական կառոյցը ունի աւելի քան 1.5 քմ. երկարութիւն՝ Կարկառ գետի երկու կողմերով[1]:

Աշտարակները շրջանաձեւ յատակագիծ ունեցող պաշտպանական կառուցուածքներ են, որոնք շարուած են մանր գետաքարերէն ու կրաքարերիէն՝ կրաշաղախով։ Դիտաշտարակները իրարու միացած են պատերու ատամնաձեւ վերնամասերու խրամատի նմանող անցքերով։ Պատերումի մէջ կան բազմաթիւ խորշեր եւ տարբեր լայնութեամբ անցքեր՝ հրակնատներ։

2018-ի ընթացքի տեղի ունեցած է բերդի պատերու եւ աշտարակներու վերականգնման աշխատանքներ: Վերականգնման նպատակը յուշարձանի պահպանումն է, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներու համար տեսարժան վայրը շատ աւելի գեղեցիկ դարձնելը եղած է[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]