Առաջին Վիտէօ Խաղը
Արտաքին տեսք
Առաջին Վիտէօ Խաղը «Թէնիս ֆոր թու» խաղն էր, որ հնարուած էր 1958-ին, Ուիլիըմ Հիկենպոթըմ անունով գիտնականի մը կողմէ:
Խաղալու համար, երկու խաղացողներ իրենց ելեկտրոնային ցպիկներով փայլուն կէտ մը իրարու կը ղրկէին պզտիկ կլորակ պաստառի մը վրայ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1970-ական թուականներուն այս ելեկտրոնային խաղերը սկսած են մեծ ժողովրդականութիւն ունենալ: Այս խաղերը ամէն տեղ էին, վառելանիւթի կայարաններուն մէջ, պանդոկներու մուտքի սրահներու մէջ, խաղավայրերու եւ ճաշարաններու մէջ: Շատ աժան վճարելով կարելի էր խաղալ Փէրիսքոփ, Քիլլըր Շարք, Փոնկ եւ Սփէսս Ինվէյտըրզ:
Այժմ մարդիկ կրնան այս վիտէօ խաղերը խաղալ ուր որ կ'ուզեն, իրենց տուներուն մէջ, իրենց համակարգիչներուն եւ նոյնիսկ իրենց հեռաձայններուն վրայ[1]: