Առանց Վարորդի Փոխադրակառքեր
Արտաքին տեսք
Աշխարհի Առաջին Առանց Վարորդի Փոխադրակառքերը սկսած են բանիլ 2023-ին, Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտինպուրկի մէջ[1]:
Էտինպուրկի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի յատուկ գիծ մը, որուն վրայ ուղեւորները կը սկսին շրջիլ անկախ, առանց վարորդի փոխադրակառքերով: Այս տեսակի փոխադրակառքերը աշխարհի անկախ առաջին փոխադրակառքերն են:
Անոնք օժտուած են տեսախցիկով եւ համակարգիչով եւ կրնան «զգալ» իրենց առջեւ գտնուող վտանգները եւ անոնք իրենց երթուղիին կը հետեւին 22 քմ-ի վրայ մինակ:
Առ ի զգուշութիւն, վարորդ մը կը մնայ փոխադրակառքին մէջ` հարցի մը պարագային ղեկը ստանձնելու համար: