Jump to content

Ապու Սաիիտ Ապու Ալ-Խայր

Ապու Սաիիտ Ապու Ալ-Խայր
պարս․՝ ابوسعید ابوالخیر
Ծնած է 7 Դեկտեմբեր 967
Ծննդավայր Միհանա, Մեծ Խորասան
Մահացած է 12 Յունուար 1049 (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Մեծ Խորասան, Ապպասեան խալիֆայութիւն
Քաղաքացիութիւն Ապպասեան խալիֆայութիւն
Ազգութիւն Պարսիկ
Մայրենի լեզու Պարսկերէն
Կրօնք Մահմետականութիւն (Իսլամ), Սուննի, Սուֆիականութիւն
Ազդած է Սուֆիականութեան
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ, Աստուածաբան
Վարած պաշտօններ Հոգեւոր Առաջնորդ


Ապու Սաիիտ Ապու Ալ-Խայր կամ Ապու Սաիիտ Ապուլ-Խայր (պարսկերէն՝ ابوسعید ابوالخیر) (7 դԴեկտեմբեր 967 - 12 Յունուար 1049) նաեւ կը կոչուի Շէյխ Ապուսաիիտ, հռչակաւոր Պարսիկ[1] բանաստեղծ-խորհրդապաշտ (Սուֆի): Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Սուֆիական աւանդութեան զարգացումին մէջ։

Իր կեանքի ընթացքին անոր համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ: Անիկա առաջին սուֆի գրողն էր, որ ընդարձակօրէն գործածեց սովորական սիրային բանաստեղծութիւնները՝ իբրեւ խորհրդրականութիւնը արտայայտելու եւ արտացոլելու միջոց մը, եւ որպէս այդպիսին ան մեծ դեռ ունեցաւ պարսկերէն Սուֆիական բանաստեղծութեան հիմքը դնելուն մէջ։ Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուց Նիշապուրի (արդի արեւմտահայերէնի հնչիւններու տառադարձութեամբ՝ Նիշափուր) մէջ։

Յարաբերութիւնը Իպն Սինա-ի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փաստերը կը թելադրեն թէ Ապու Սաիիտն ու պարսիկ բժիշկն ու իմաստասէրը (փիլիսոփայ) Իպն Սինա-ն (եւրոպայի մէջ կը ճանչցուի իր լատիներէն Աւիսէնա՝ Avicena անունով) կը հաղորդակցէին իրար հետ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Bloch Ernst (2019)։ Avicenna and the Aristotelian Left։ New York: Columbia University Press։ էջ 76։ ISBN 9780231175357։ «Abu-Sa’Id Abul-Khayr (967-1049) was a Persian Sufi.»