Jump to content

Ապլղարիպ

Ապլղարիպ, Ապլղարիպ Վասակեան, Տէր Պիր կամ Պիրիճիկ քաղաք: Հայ թագաւորներէն շինուած այս քաղաքը, Ապլղարիպ պարսից ձեռքէն կ'առնէ եւ հոյակապ ամրոց կառուցելով անառիկ քաղաքի կը վերածէ:

1117-ին Եդեսիոյ կոմսը՝ Բաղտնի, մեծ զօրքով Պիրի վրայ կը յարձակի եւ տեսնելով որ պիտի չկարենայ քաղաքը գրաւել՝ մէկ տարի կը պաշարէ զայն եւ բնակիչները սովի կը մատնէ: Ապլղարիպ կը ստիպուի քաղաքը Բաղտինի յանձնել եւ ինքն ու իր եղբայրը՝ Թորոս իշխանին մօտ կ՛ապաստանին։

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդապետ Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ