Ան Նահար
«Ան Նահար» (արաբերէն النهار , լատինատառ An-Nahar որ կը նշանակէ Օր կամ Առաւօտ), Լիբանանի ամէնէն տարածուած արաբերէն լեզուով օրաթերթն է: Հիմնուած է 4 Օգոստոս 1933-ին Ժըպրան Թուէյնիի կողմէ, որ թերթին խմբագրապետն էր 1933էն մինջեւ 1948: Իր մահէն ետք օրաթերթը ստանձնեց իր զաւակը՝ Ղասսան Թուէյնի, որ շարունակեց իբր խմբագրապետ մինջեւ 1999: Ղասսան Թուէյնիի զաւակը՝ Ժըպրան Թուէյնի յաջորդեց իր հօրը 1999էն մինչեւ իր նահատակութիւնը 12 Դեկտեմբեր 2005-ին, իր հակասուրիական կեցուածքներուն համար, երբ օրաթերթը թէքուեցաւ դէպի Մարտ 14 հակասուրիական քաղաքական շարժումը, սակայն դեռևս ապացուցուած չէ որեւէ ապացոյց, որ կը կապէ սուրիական վարչակարգը այդ գործին հետ: Տեղական, արաբական եւ միջազգային մեծ յարգանք վայելող «Ան Նահար» թերթը կը վարէ ազատական կեցուածք, տեղ տալով հակասական գաղափարներու՝ խօսքի ազատութեան հիմքին վրայ:
Ներկայիս զայն կը գլխաւորէ պատգամաւոր Նայլա Թուէյնին՝ Ճըպրան պն Ղասսան Թուէյնիի դուստրը[1]։
Արտագին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (արաբերեն) النهار (جريدة لبنانية), 2023-10-09, https://ar.wikipedia.org/wiki/%D8%A7%D9%84%D9%86%D9%87%D8%A7%D8%B1_(%D8%AC%D8%B1%D9%8A%D8%AF%D8%A9_%D9%84%D8%A8%D9%86%D8%A7%D9%86%D9%8A%D8%A9), վերցված է 2025-01-20