Անտոն Քահանայ

Անտոն Քահանայ
Մասնագիտութիւն քահանայ

Անտոն Քահանայ, Սիւնեցի հայ քահանայ։ Երբ հայ մելիքները, Աղուանի Եսայի կաթողիկոսին մասնակցութեամբ, Ռուսիոյ կայսեր Մեծն Պետրոսին հետ 1724 թուականին ժողով կը գումարեն եւ յարաբերութիւններ կը սկսին մշակել: Անտոն քահանան Քեխա Չէլէպիի, Պետրոս երէցի եւ Սիմէոն Բոբովի հետ աղերսական նամակներով կայսեր մօտ կ'ուղարկեն օգնութիւն խնդրելու։

Անտոն քահանայ բուրգ հասնելով ինքնագլուխ կարգադրութիւններ կ'ընէ, որ Կասպից ծովու ափերուն ռուսերու նոր տիրած երկիրներուն մէջ հայերուն բնակման տեղ տան։ 10 նոյեմբեր 1724 թուականը կրող Բարձրագոյն Հրովարտակով այդ խնդիրին բաւարարութիւն կը տրուի եւ Անտոն քահանայ իր ընկերներով կը վերադառնայ։ Կանցլեր Գրաֆ Գօլովկին հայերուն համար կ'որոշէ Գիլան, Մազանդարան, Դերբենտ եւ այլ շրջաններ։

Անտոն քահանայ կը ներկայանայ զինք ուղարկող ժողովին, եւ երբ կը լսեն անոր արարքները՝ կ'այպանեն իր ինքնագլուխ կարգադրութիւններուն համար եւ որովհետեւ Անտոն կը վախնար մելիքներէն, որ կրնան զինք խիստ պատիժի ենթարկել, մանաւանդ որ ինք առիթ տուած էր շարք մը տարաձայնութիւններու, երկու օր ետք ան փախուստ կու տայ երկիրէն։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 109: