Անջրպետային Երթուդարձ
Մարդակային ձեռքով շինուած հազարաւոր առարկաներ հրթիռներու միջոցաւ արձակուած են դէպի անջրպետ: Մեծամասնութիւնը անոնց կը գտնուի երկրիին շուրջը գտնուող ուղեծիրին վրայ:
Աստղանաւորդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իրենց տիեզերանաւէն դուրս աշխատանքներ կատարելւ համար, աստղանաւորդները կը հագնին անջրպետային մասնաւոր տարազ մը: Այս կը պարունակէ շնչելու օդ եւ աստղանաւորդը կը պաշտպանէ երկնաքարերէն եւ արեւու վտանգաւոր ճառագայթներէն:
Հրթիռ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրթիռը կը ծառայէ տիեզերանաւեր արձակելու կամ արբանեակներ զետեղելու երկրի շուրջ՝ ուղեծիրերու վրայ: Շինուած է այնպէս որ կարենայ աշխատիլ մթնոլորտէն ալ անդին, այսինքն առանց թթուածինի: Հրթիռը հետը կը տանի իրեն անհրաժեշտ թթուածինը՝հեղուկ ձեւի տակ: Թթուածինը անհրաժեշտ է վառելանիւթը այրելու համար անջրպետին մէջ: Անջրպետային մարդատար տիեզերանաւերը հրթիռներու կողմէ կը նետուին որոնք միայն մէկ անգամ կրնան գործածուիլ: ի ԱՄՆ մասնագէտները շինեցին հրթիռ օդանաւ մը որ կարելի է վերստին գործածել: Իր առաքելութիւնը վերջացնելէ ետք, այդ հրթիռ-օդանաւը սովորական օդանաւի նման երկրէջք կը կատարէ:
Արբանեակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արբանեակները մարդուն կողմէ կառուցուած գործիքներ են: Երկրին շուրջ կը թաւալին գոց ուղեծիրներու վրայ: Հաղորդակցութեան արբեանկները իրենց ալեցիները կ'ուղղեն դէպի երկիր: Օժտուած են արեւուն ճառագայթները օգտագործող մակերեսներով որոնք կ'արտադրեն անհրաժեշտ ելեկտրականութիւնը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM