Jump to content

Անուշեղէն, տուրմ եւ խմորեղէն

Անուշեղէն, տուրմ եւ խմորեղէն, Անուշեղէնները, տուրմը եւ խմորեղէնները բարձր ջերմուժ պարունակող սնունդներ են: Տուրմը ամէնէն շատ ջերմուժ ունի. ասոր համար է, որ բազմաթիւ մարզիկներ տուրմ կ'ուտեն, երբ երկար ատեն վազքի մէջ ըլլան:

Շաքարը իր բնական վիճակին մէջ կը գտնուի գրեթէ բոլոր բոյսերուն մէջ. իբրեւ սաքքարոզ (ճակնդեղ եւ շաքարեղէգ) կամ Ֆրուքթոզ եւ կլուքոզ (պտուղներ): Մեր գործածած շաքարը ընդհանրապէս շաքարեղէգէն կը ստանանք: Շաքարի գործարաններու մէջ շաքարեղէգը կը ճզմուի մասնաւոր ջաղացքներով: Յառաջացած հիւթը կ'եռացուի եւ կը քամուի, որպէսզի անկէ ջուրը դուրս գայ: Զուտ շաքար ունենալու համար՝ սրճագոյն շաքարը գործողութիւններու շարքի մը կ'ենթարկուի, կը լուացուի եւ քիմիականօրէն կը ճերմկցուի: Ապա, ջուրի մէջ կը լուծեն, կը զատեն եւ ետ կը բիւրեղացնեն:

Շաքարահատիկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շաքարահատիկները կը շինուին շաքարէ: Շաքարը կ'եռացնեն ջուրով: Ապա, հոտեր եւ գոյներ կ'աւելցնեն: Վերջապէս, այս թանձր օշարակը կը պարպեն կաղապարներու մէջ, ուր կը պաղի: Քարամէլները պատրաստուած են եռացուած շաքարով եւ կաթով: Երբ խառնուրդը սրճագոյն կը դառնայ, վրան քիչ մը կարագ կ'աւելցնեն, որպէսզի աւելի համ տայ այս կակուղ շաքարահատիկներուն:

Խմորեղէնները կը պատրաստուին ջուրի հետ խառնուած ալիւրով: Սփակեթի ունենալու համար՝ խմորը կ'անցուի կաղապարէ մը, որուն վրայ պզտիկ ծակեր կան: Այսպէս, սփակեթինները յարմար չափերով կը կտրուին եւ կը չորցուին:

Քաքաոյի ծառը կը բուսնի Հարաւային Ամերիկայի եւ Ափրիկէի մէջ: Տուրմը կը պատրաստուի քաքաոյով, որ պտուղին հատիկներէն կը ստացուի: Հատիկները կը բուսնին պարկուճներու մէջ: Հունձքէն ետք, հատիկները կը խանձուին, կը մանրուին եւ կը խառնուին շաքարի, իւղի եւ կաթի հետ: Յառաջացած խառնուրդը կը տաքցուի ջրեփոցով եւ կաղապարներու մէջ կը շարուի, որ իրեն սալիկի ձեւ մը տայ: Պաղելէն յետոյ, տուրմի սալիկները կը ծրարուին ալիւմինիոմէ թուղթի մէջ:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԻՆՈՒԱԾ Է ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM