Jump to content

Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը

Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը También la lluvia
También la lluvia
Արտադրիչ Icíar Bollaín[1][2]
Գրագէտ Paul Laverty
Հիմնուած 2010 եւ 29 Դեկտեմբեր 2011[3]
Երաժշտութիւն Ալպերթօ Իկլեսիաս
Տեւողութիւն
104 վայրկեան
Երկիր Կաղապար:Դրօշաւորում/Սպանիա Ֆրանսա Ֆրանսա Մեքսիք

«Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը»' (սպ.՝ También la lluvia), 2010-ի ֆիլմ, ռեժիսոր՝ Իսիար Պոլեաին։ Ֆիլմը արժանացած է Արիէլ մրցանակի (որպէս լաւագոյն իպերօամերիկեան ֆիլմ) եւ 3 «Գոյա» մրցանակի։ 2011-ին ան ընտրուած է ներկայացնելու Օսկար լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմի համար[4]։

Մեքսիքացի բեմադրող Սեպաստիանը եւ գործադիր արտադրող Կոստան նկարահանող խումբի հետ միասին կը հասնին Կոչապամպա՝ Պոլիվիա, որպէսզի ֆիլմ նկարահանեն Կոլումպոսի` դէպի նոր աշխարհ առաջին ճանբորդութեան եւ տեղաբնիկներու հետ անոր հանդիպման մասին։

Քանի որ ֆինանսական նախահաշիւը սահմանափակ էր, Կոստան կ՛որոշէ ֆիլմ նկարահանել Հարաւային Ամերիկայի աղքատ շրջանին՝ Պոլիվիայի մէջ։ Տեղացի բնակչութիւնը համաձայն էր նկարահանուիլ զանգուածային տեսարաններուն մէջ օրական երկու տոլարով եւ անոր համար ֆիզիքական աշխատանք կը կատարէր նկարահանման տեսարանները նախապատրաստելու համար։

Սեպաստիանը կ՛ընտրէ տեղաբնակներէն մէկուն՝ Դանիէլ անունով, Ատուէի՝ Տաինոյի առաջնորդի դերի համար, որ կը ղեկավարէր ապստամբութիւնը ընդդէմ եւրոպացիներուն։ Անոր աղջիկ Պելէնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղար ֆիլմին մէջ։ Սեպաստիանը չէր գիտեր այն մասին, որ Դանիէլը ցոյցի դուրս կու գար ընդդէմ ջուրերու սեփականաշնորհման, որու համար տեղական կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած էր։

Նկարահանումները կը սկսին առանց միջադէպերու, հակառակ դերակատար Անթօնի հարբեցողութեան, որ Կոլումպոսի դերակատարն էր։ Կոստան կը սկսի անհանգստանալ, երբ կը տեսնէ, որ Դանիէլը կը մասնակցի ցոյցերուն եւ կը խնդրէ անոր դադրեցնել այդ մինչեւ նկարահանման աւարտը։ Դանիէլը կը ձեւացնէ, թէ համաձայն է Կոստի հետ, բայց, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ մասնակցիլ ցոյցերուն եւ ոստիկանութեան հետ բախման արդիւնքով դէմքին վէրքեր կը յայտնուին։ Անկէ ետք Կոստան կ'առաջարկէ Դանիէլին քանի մը հազար տոլար, որպէսզի դադարեցնէ մասնակցիլը ցոյցերուն։ Դանիէլը կ՛ընդունի փողերը, բայց չի հրաժարիր ցոյցերուն մասնակցելէ եւ բանտ կ՛իյնայ։ Սեպաստիանը կը սկսի տարակուսիլ, թէ կը յաջողին արդեօք ֆիլմը աւարտի հասցնել։ Բայց Կոստան կը համոզէ անոր շարունակել եւ կը կաշառէ ոստիկանութեան, որ Դանիէլին ազատ արձակեն ֆիլմի առանցքային տեսարաններու նկարահանման ժամանակ։ Նկարահանումները աւարտելէ ետք ոստիկանութիւնը կը ժամանէ եւ կը փորձէ ձերբակալել Դանիէլին, զանգուածային տեսարանի ներկայացուցիչները կը շրջապատեն ոստիկանութեան եւ Դանիէլ կը յաջողի փախչիլ։

Ճիշդ այդ երեկոյեան նորութիւններով կը հաղորդեն, որ Կոչապամպի մէջ ոստիկանութեան հետ բախման ժամանակ բռնութիւն կը գործադրուի։ Այդ տեսնելով՝ դերասաններ Խուանը եւ Ալպերթօն կ՛որոշեն տուն երթալ, սակայն Սեպաստիանը կը համոզէ անոնց մնալ։

Յաջորդ առաւօտեան, մինչ խումբը կ՛ուղեւորուէր նկարահանումը շարունակելու, Կոստի մօտ կու գայ Դանիէլի կինը` Թերեզան, եւ կը խնդրէ օգնել իրեն որոնելու դուստերը` Պելէնին, որ (ըստ լսածի) վիրաւորուած էր։ Չնայելով Սեպաստիանի բողոքին` Կոստան կը համաձայնի։ Թերեզայի հետ Կոստան կը գտնէ Պելէնին եւ կը հասցնէ հիւանդանոց։ Այդ ժամանակ Սեպաստիանին խումբին հետ կը պահեն պահակակէտին մէջ։ Բացի Անթօնիէն, բոլորը կը լքեն Սեպաստիանին, որպէսզի տուն վերադառնան։

Ցուցարարները կը հասնին իրենց նպատակին, եւ բողոքը կ'աւարտի։ Կոստան յոյս ունէր, որ նկարահանումը երբեւէ կ'աւարտի, իսկ Դանիէլը աղջկայ փրկութեան համար Կոստային կու տայ պոլիվիական ջուրով սրուակ։

  • Լուիս Տոսար - Կոստա
  • Կարսիա Պերնալ - Սեպաստիան
  • Քարա Էլեխալտէ - Անթօն
  • Ռաուլ Արեւալօ - Խուան
  • Գարլոս Սանտոս - Ալպերթօ
  • Խուան Գարլոս Ատուրիվի ֊ Ատուրիջի Դանիէլ

Ֆիլմը ստացած է դրական արձագանգներ։ Rotten Tomatoes կայքին մէջ ֆիլմը ունեցած է 88 % վարկանիշ՝ 59 մեկնաբանութիւններով[5]։

Ռոժեր Էպերտը ֆիլմին տուած է 4 աստղէն երեքը՝ այդ մասին գրելով, որ ֆիլմը խիզախօրէն կը բարձրացնէ այն հարցերը, որոնք մտածել կու տան[6]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]