Անկքորի տաճարներ

Բնակավայր
Անկքորի տաճարներ
Երկիր  Քամպոտիա
Տարածութիւն 35 100 հեկտար
Պաշտօնական կայքէջ angkorenterprise.gov.kh[1]

Անկքորի տաճարները, կառուցուած են Քամպոտիոյ հիւսիսը գտնուող Սիէմ Ռիփ մեծ քաղաքին մօտ, պզտիկ գիւղի մը մէջ, որ ժամանակին խմերներու թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը համարուէր[2]:

Անկքոր բառը փոխանցուած է սանսկրիտերէն «նակարա» (नगर) բառէն, որ կը նշանակէ«Սուրբ քաղաք»։ Անկքորի վերելքը կը սկսի 802-ին, երբ խմերներու կայսրը ինքզինք կը հռչակէ «Բացարձակ միապետ» եւ «Աստուած- թագաւոր» եւ կը շարունակուի մինչեւ ԺԵ. դարու վերջը։

Զարգացում ապրող զբօսաշրջութեան այս կեդրոնը ունի միջազգային օդակայան եւ ժամանակակից հիւրանոցներ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]