Անել

ԱՆԵԼ,- հոգեկան իրենց կառոյցով եւ ազգային հոգեխառնութեամբ հարուստ երիտասարդութիւն մը խմորուած է աստուածատրեալ այդ քաղաքի պարիսպներուն միջեւ վանական շրջապատով եւ Թարգմանչաց ու ժառանգաւորաց վարժարաններով տարազելի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ Հայուն բոլոր ազնիւ տրամադրութեաց հանդէպ ընկալչական պատանիներու յաջորդական սերունդներով հաւանաբար հոն կայք հաստատող յայտնի մտաւորականներու գրագէտներու, հանրային գործիչներու եւ հոգեւորականի անխառն տիպարը յատկանշող պատկառելի դէմքերու ուսուցչական-դաստիարակչական ներգործութեան անդրադարձով, ապահովաբար նաե՛ւ հոն կեդրոնացած հայութեան ազգային հրայրքով, որքան մտացի ու գործնամիտ՝ նո՛յնքան եւ զգայուն ու ոգեպաշտ խառնուածքով:

Բացասական ու տրտմառիթ շատ բան կայ այդ քաղաքի եկեղեցական տարեգրութեաց մէջ. վանական իրականութեան յատուկ ներքին եւ յարաբերական այն բոլոր խորթ երեւոյթներուն եւ վարկաբեկիչ իրադարձութիւնները որոնք հինէն ի վեր ստուեր բերած են սաղիմահայ կեանքի արեւոտ ու կենսունակ իրականութեան վրայ: Եթէ աշխարհագրական այս գօտիէն սերող հայկական համակրանքին մէջ կայ տարր մը, որ խռովասէր եւ խնդրայարոյց մղումներով կը յատկանշուի, երեւոյթը պէտք է վերագրել միջավայրին: Այսուհանդերձ, փաստը ա՛յն է որ Երուսաղէմի, Ամմանի եւ առհասարակ Պաղեստինի հայկական գաղութներու ժողովուրդը եղած է ու կը մնայ արտասահմանեան մեր կեանքին մէջ ոգեպաշտութիւնը եւ մշակութային արժէք գիտակցութիւններ դաւանանքի վերածող հաւաքականութիւն մը:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դար մը գրականութիւն, հատոր Բ., էջ 401