Անասուններու Խածուածքներ
Անասուններու Խածուածքներու կարելի է ենթարկուիլ բնակութեան վայրերու, պարտէզներու, անտառներու եւ լեռնային շրջաններու մէջ: Յաճախ մարդիկ անասունները, իրենց արարքներով եւ շարժուձեւերով պատճառ կը հանդիսանան, որ վնասեն իրենց: Յանձնարարելի է բոլորին եւ մանաւանդ փոքրիկներուն, որ չմօտենան անծանօթ անասուններու, չգրգռել նոյնիսկ ծանօթ անասունները, չխանգարել անոնց հանգիստի ժամերը եւ չհրահրել անոնց դէմ անակնկալ կացութիւններ:
Խածուածքի պատահարի մը դիմաց ականատեսը պէտք է դիմէ հետեւեալ միջոցներուն.
- Օգնութեան հասնիլ զոհին` առանց տատամսումի:
- Հանդարտեցնելը զոհը:
- Լուալ վէրքը առատ ջուրով եւ կամ, եթէ կարելի է, օճառով եւ ջուրով:
- Եթէ խածուածքը արիւնոտ չէ, օծել վէրքը հակամանրէական օծանով եւ ծածկել զայն մաքուր լաթով կամ վիրակապով:
- Ճնշել ուժգնօրէն արիւնոտ խածուածքին վրայ մաքուր լաթով մը` կասեցնելու համար արիւնահոսութիւնը:
- Յաջորդ 24-48 ժամերու ընթացքին հետեւիլ խածուածքի նոր զարգացումներուն, մանաւանդ բորբոքումի նշաններուն` կարմրութիւն, ուռեցք եւ ցաւ:
- Բորբոքումի յայտնութեան` դիմել շուտով բժիշկին:
- Ուժեղ արիւնահոսութեան պարագային, կանչել շտապ օգնութիւն:
- Ջղագրգիռ եւ վայրի անասունի խածուածքի պարագային, կանչել շտապ օգնութիւն, որպէսզի հետապնդուի անասունը[1]:
Կատուներու խածուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կատուն ընդհանրապէս անվնաս անասուն մըն է: Սակայն ան կրնայ խածնել եւ վնասել: Կատուն ունի սրածայր ակռաներ: Երբ ան խածնէ, իր սրածայր ակռաները կը մխրճէ մորթէն եւ մկաններէն ներս եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ ոսկորները, մկաններու ձգանները եւ յօդերը: Անոնց վէրքը կ'ըլլայ խորունկ եւ կրնայ յառաջանալ սուր բորբոքում:
Կատուն կը խածնէ, կը ճանկէ եւ կամ կը սկրթէ, երբ ան վախի մէջ կը գտնուի, վնասի ենթարկուի, անբնականօրէն գրգռուած է եւ կամ անակնկալ կացութեան մը դէմ կը գտնուի:
Կատուներու խածուածքի պարագային, շուտով լուալու է վէրքը նախ առատ ջուրով եւ ետքը` օճառ-ջուրով: Մանիշ (iodine) եւ հականեխիչ հեղուկներ գործածելու չէ:
Տուներու մէջ պահուած կատուներուն եղունգները շատ կարճ կտրելու է եւ կամ ամբողջութեամբ քաշելու է զանոնք, որպէսզի անակնկալ վնասներէ հեռու մնալ: Կատուներու յառաջացուցած վէրքերը կրնան բորբոքիլ եւ պատճառ դառնալ որոշ հիւանդութեան մը, որ կը կոչուի cat scratch disease. ան փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է:
Որոշ կանխազգուշացումներով կարելի է հեռու մնալ կատուներու վնասներէն` կատուին պոչը չքաշել, անոր ականջը չբռնել, երբ ան վախի եւ կամ անձկալից վիճակի մէջ է:
Շուներու խածուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շուները վտանգաւոր կը դառնան, երբ անոնք գրգռուած են եւ կամ անակնկալ կացութեան մը առջեւ կը գտնուին. հետեւաբար անոնք կը խածնեն եւ զանազան տարողութեամբ վնասներ կը հասցնեն: Շուները ունին զօրաւոր ծնօտներ, որոնք մեծ ուժգնութեամբ կը ճնշեն խածուածքին: Անոնց ակռաները բաղդատաբար կատուներուն` սրածայր չեն, այլ աւելի բութ են: Խածնելու պարագային, անոնց ակռաները կը յառաջացնեն, հակառակ կատուներուն, ընդհանրապէս մորթային եւ ոչ խորունկ վէրքեր: Առանց արիւնահոսութեան պզտիկ խածուածքի պարագային, վէրքը պէտք է լուալ օճառ-ջուրով, ճնշել վէրքին վրայ եւ դիմել բժիշկին: Արիւնահոսութեամբ մեծ խածուածքի պարագային, պէտք է ճնշել վէրքին վրայ եւ շուտով դիմել հիւանդանոց եւ կամ շտապ օգնութեան: Շուներու խածուածքներով կրնայ յառաջանալ կատղախտ (rabies), որ ժահրային հիւանդութիւն մըն է եւ կը փոխանցուի անասունին լորձունքին միջոցով:
Կատղախտի ախտանշաններն են`
- բարձր ջերմ,
- կլլելու դժուարութիւն,
- ջղագրգռութիւն,
- կատղած վիճակ,
- անզգացողականութիւն,
- մկանային ցնցումներ, մահ:
Կատղախտը մահացու հիւանդութիւն մըն է, սակայն խածուածքէ ետք անմիջական կատղախտի պատուաստի կիրարկումը իր փրկարար դերը կ'ունենայ: Կատղախտի պատուաստը ենթակային մօտ կը յառաջացնէ 5 տարուան դիմադրողականութիւն:
Հետեւեալ կանխազգուշացումները կը պահեն մեզ շուներու խածուածքներէն` չմօտենալ օտար շան, չդպչիլ հիւանդ շան եւ չխանգարել շունը, երբ կ'ուտէ, կը խմէ եւ կը քնանայ:
Շուները եւ կատուները, շատ մը այլ անասուններու նման, իրենց լորձունքին մէջ ունին 100-է աւելի տեսակաւոր մանրէներ: Ասոնցմէ կարեւորագոյններն են շուներու եւ կատուներու պարագային` Pasteurella, Streptococcal եւ Staphylococcal ցպկամարմինները: Pasteurella ցպկամարմինները կը յառաջացնեն pasteurellosis կոչուած բորբոքումը, որ կը յայտնուի խածուածքէ 6-12 ժամ ետք, խածուած տեղի ցաւով, մորթի կարմրութեամբ եւ ուռեցքով: Միւս երկու ցպկամարմիններն ալ իրենց կարգին կը յառաջացնեն բորբոքում:
Մկներէ (raccoon)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա վայրի անասուն մըն է. ան յաճախ կը խածնէ: Մկներէն վտանգաւոր կը դառնայ, երբ ինքնապաշտպանութեան կը դիմէ եւ կամ որեւէ ձեւով կը գրգռուի եւ կամ իր հանգիստը կը խանգարուի: Մկներէի պզտիկ խածուածքը պէտք է շուտով լուալ օճառ-ջուրով, ապա դիմել բժիշկին. իսկ մեծ խածուածքի եւ կամ արիւնահոսութեան պարագային, պէտք է շուտով դիմել հիւանդանոց եւ կամ շտապ օգնութեան: Մկներէի խածուածքին պատճառով կրնայ յառաջանալ կատղախտ, որովհետեւ մկներէի լորձունքն ալ կրնայ հարուստ ըլլալ կատղախտի ժահրով:
Չղջիկներու խածուածք
Չղջիկները շուներու նման կը խածնեն, երբ անոնք խաղի կը մատնուին, երբ կը խանգարուին եւ կամ կը գրգռուին: Չղջիկները ունին պզտիկ ակռաներ: Անոնք կը խածնեն եւ կը սկրթեն: Պզտիկ սկրթումի պարագային, վէրքը պէտք է լուալ օճառ-ջուրով եւ ապա դիմել բժիշկին. իսկ մեծ եւ արիւնահոսութեան պարագային շուտով դիմել հիւանդանոցային շտապ խնամքի:
Երբ չղջիկ մը սենեակի մը մէջ գտնուի, պէտք չէ փորձել զայն դուրս հանել որեւէ ձեւով, այլ պէտք է սենեակը մթնցնել եւ պատուհանները բանալ, ան շուտով կը ձգէ սենեակը եւ դուրս ելլելով` կը հեռանայ[2]: