Jump to content

Ամլութիւն Անպտղութիւն

Ամլութեան մասին պէտք է մտածել, երբ ամուսինները կ’ունենան բնական սեռային յարաբերութիւն եւ երեխայ ունենալու ցանկութիւնը,սակայն կինը չի յղանար մինչեւ մէկ տարի:

Ամլութեան պատճառները կրնան ի ծնէ ըլլալ կամ յառաջացած տարբեր հիւանդութիւններէ, ինչպէս նաեւ նախորդ յղութիւններէն ետք:Ամլութեան պատճառ կրնան ըլլալ թէ` այր մարդը,եւ թէ` կինը:Պատճառները յայտնաբերելու նպատակով պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկի եւ կատարել մարմնական ու յատուկ քննութիւններ:

Սկիզբը կը կատարուի սերմի քննութիւն, որ աւելի դիւրին է, ապա կնոջ ամլութեան պատճառները յայտնաբերող քննութիւնները(Laboratory Findings):

Սերմի քննութիւն կատարելէ առաջ, անձը 2-3 օր պարտաւոր է սեռային յարաբերութիւն չունենալ:Քննութիւնը կը կատարուի սերմի արտադրութենէն ետք մինչեւ 2 ժամ:Սերմի բնական չափանիշներն են` ծաւալը 2-5մլ, քանակը 30-200 միլիոն/մլ, շարժուն սերմնաբջիջներու քանակը` 60-70 տոքոսէն ոչ պակաս:

Այր մարդու ամլութեան(infertility) պատճառները քրնան ըլլալ` սեռային անկարողութիւնը(impotency), գաղտնամորձութիւնը(cryptorchidism),փոշտի երակներու լայնացումը(varicocele), մանկական տարիքին հանդիպող խոզուկ(mumps) հիւանդութենէն ետք յառաջացած բարդութիւնները, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տարիներու ունեցած վեներական կամ կարգ մը բորբոքային հիւանդութիւններ:Ամուլ այր մարդուն մօտ առնականութիւնը պահպանուած կ’ըլլայ, եւ ան կը շարունակէ բնականոն կերպով յարաբերիլ:

Ամլութիւն կը յառաջանայ սերմնաբջիջներու հետ կապուած.Aspermia` երբ ընդհանրապէս սերմ չ’արտադրուիր, azospermia` երբ սերմի մէջ սերմնաբջիջ չկայ, oligospermia` երբ սերմնաբջիջներ քան, բայց անոնց քանակը բեղմնաւորման համար բաւարար չէ եւ այլն:

Կնոջ ամլութեան պատճառները բազմազան են.անոնք քրնան ըլլալ սեռային օրկաններու ի ծնէ եղած արատներ, վեներական կամ այլ բնոյթի բորբոքումներ, հորմոններու անբաւարարութիւն, ձուազատման(ovulation)հետ կապուած խանգարումներ, ուռեր, կնոջ անբաւարար սնուցում:

Երբեմն ամլութիւն կը պատահի նաեւ առողջ զոյգերու մօտ, երբ սերմնաբջիջի եւ ձուաբջիջի միջեւ տեղի ունեցող հակազդեցութիւնները քամ կնոջ օրկանիզմին մէջ առկայ հակամարմինները(antibody), անհնար կը դարձնեն բեղմնաւորումը, որոնք պատճառ կըլլան, որ երկար տարիներ միասին ապրած առողջ ամուսիններ զաւակ չունենան:Սակայն, բաժանումէն ետք անոնք առանձին-առանձին ընտանիք կազմելով երկուքն ալ զաւակ կ’ունենան:

Համապատասխան բուժումէ ետք, երբ կինը չի յղանար, կարելի է դիմել արհեստական բեղմնաւորման նորագոյն մեթոտներու, որոնց օգնութեամբ երջանկացած են բազմաթիւ ընտանիքներ:Աւելի քան քառորդ դար անցած է առաջին փորձանօթային(test-tube) մանուքին ծնունդէն:Արհեստական բեղմնաւորման համար կնոջ ձուարաններէն առնուած հասուն ձուաբջիջը տարրլածարանին մէջ կը մեղմնաւորուի այր մարդու սերմին հետ, ապա կը տեղադրուի կնոջ արգանդին մէջ, եւ յղութիւնը կը շարունակուիբնական ընթացքով:

Կը կիրառուի նաեւ արհեստական յղացման մէկ այլ մեթոտ.երբ արական սերմը, որ կրնայ ըլլալ ինչպէս ամուսինին, այնպէս ալ մէկ այլ այր մարդու(donor),յատուկ յարմարանքներու միջոցով կը ներարկուի արգանդին վզիկէն ներս եւ տեղի կ’ունենայ բնական բեղմնաւորում եւ յղութիւն: Արհեստական բեղմնաւորման պարագային յղութիւններուն 5-25 տոկոսը բազմասաղմ կ’ըլլան:

"Զգոյշ",Առողջապահական նախազգուշական պարբերաթերթ,Բ տարի,թիւ 2(6),էջ 14 15