Ամերիկայի Հնդիկներու Երաժշտութիւնը
Ամերիկայի Հնդիկներու Երաժշտութիւնը, հիւսիսային հնդիկներու երաժշտական մշակոյթը:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կ'ապրին հնդիկներու հարիւրաւոր ցեղախումբեր, որոնք ունին տարբեր սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, սակայն մէկ ընդհանուր երաժշտական մշակոյթ:
Երգեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամերիկայի հնդիկներու երաժշտութեան ամենատարածուած ձեւը երգային երաժշտութիւնն է, որ կը բաժնուի երեք խումբերու.-
- Աւանդական երգեր, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:
- Ծիսակարգային ու բուժման նպատակ ունեցող երգեր:
- Ժամանակակից երգեր, որոնք եւրոպական երաժշտութեան ազդեցութիւնը կը կրեն:
Հնդիկներու երգերուն հիմքը կը կազմեն պարզ մեղեդիները, որոնք կը կատարուին բարձր ձայնով եւ լարուածութեամբ: Յաճախ երգեցողութեան կը միանայ սուլոց, շրթունքներու թրթռացում եւ ուժգին ֆշշոց: Կատարողական այս հնարները կը կոչուին «շրթունքներու երաժշտութիւն», որ երգեցողութեան կու տան լրացուցիչ ռիթմիք գունաւորում եւ հակադրութիւն:
Նուագարաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիւսիսային Ամերիկայի հնդիկներու նուագարաններու տեսականին սահմանափակ է: Անոնք ունին թմբուկ, սրինգ եւ ճչակներ (Rattles), որոնք կը գործածուին երգիչին նուագակցելու համար: Հարաւային Ամերիկայի հնդիկներու նուագարաններու տեսականին այլազան է՝ շուիներ եւ փչողական նուագարաններ, որոնք կը պատրաստուին փայտէ, կաւէ կամ եղէգէ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 37: