Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Ամերիկայի Հայկական Համագումար (անգլ.՝ Armenian Assambly of America), համամերիկեան հայկական կազմակերպութիւն։
Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնադրուած է 1972 թուականին։ Կեդրոնը՝ Ուաշինկթըն, գրասենեակներ ունի Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ։
Հիմնադիր անդամներն են ձեռնարկատէրեր Ստեփան Մուկարն ու Հրայր Յովնանեանը, ճարտարապետ Լիոնէլ Գալստեանը, իրաւաբաններ Ռոպերտ Մրամ Գալուստեանն ու Հայկ Տէր-Մանուէլեանը, գիտնականներ Ջան Հաննէսեան կրտսերը, Հայկազ Գրիգորեանը եւ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը։
Նպատակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական Համագումարի նպատակն է՝ համախմբել ամերիկահայերը եւ սատարել ԱՄՆ-ի մէջ հայ մշակութային աւանդի եւ պատմական ինքնութեան գիտակցութեան գնահատման ու զարգացման, հայկական յուշարձաններու ու մշակութային նիւթերու պահպանման, խրախուսել գիտական հետազօտութիւնն ու տեղեկահաւաքը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տարածել հայ ժողովուրդի պատմական, կրթական, կրօնական ու մշակութային կեանքի, ամերիկահայութեան մասին, խրախուսել ամերիկահայերը աւելի լայն մասնակցութիւն ունենալու ամերիկեան ժողովրդավարական գործընթացին, պաշտպանել ամերիկահայերուն մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։
Այդ նպատակներն իրագործելու համար Հայկական Համագումարը մշակած է շարք մը ծրագրեր՝ կառավարական, իրաւագիտական, հասարակական, ուսանողական, համալսարանական եւ գաղթականական գրասենեակներ: Կազմակերպութիւնը կը ղեկավարէ տնօրէններու խորհուրդը, դրամական միջոցները կը հայթայթեն Հայկական Համագումարի ծրագիրներուն աջակցող ամերիկահայերը։
Հայկական Համագումարի ուշադրութեան առարկան է ամերիկեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս անոր անմիջական հեեւանքները հայութեան համար։ Ուստի, կազմակերպութեան կառավարական եւ իրաւագիտական մասնաբաժինը մշտապէս կ'աշխատի ԱՄՆ-ի քոնկրէսին եւ վարչակազմին անդամներուն հետ, ամերիկահայերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ։ Հայկական Համագումարը կը ծրագրէ հաղորդագրութիւններ՝ ԱՄՆ-ի հայ համայնքին տեղեակ պահելով ԱՄՆ-ի կառավարութեան քաղաքականութեան այն դրսեւորումներուն մասին, որոնք կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին։ Հայկական Համագումարը կը պահպանէ հայերու ցեղասպանութեան մասին կարեւոր փաստաթուղթերու հաւաքածուներ (ցեղասպանութեան մասին 1915 թուականէն ի վեր ԱՄՆ-ի կառավարութեան հրապարակած պաշտօնական փաստաթուղթեր, Օսմանեան կայսրութիւնը առաջին աշխարհամարտի ժամանակ ԱՄՆ-ի դեսպանի եւ հիւպատոսներու տեղեկագրութիւններ եւ այլն), տեղեկութիւններ տրամադրել ամերիկեան պաշտօնատար անձանց՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական Համագումարի հասարակական հարցերու մասնաբաժինը, որ կ'աշխատի աւելի լայն իրազեկութիւն տարածել հայկական հարցի վերաբերեալ, լոյս կ'ընծայէ «Համագումարի միջոցառումներ» ամէնամսեայ լրագիրը եւ եռամսեայ «Համագումարի հանդէսը», որ կ'առաքուի 25 հազար ամերիկահայ ընտանիքներու, ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներու ու վարչակազմի անդամներու, հեռատեսիլներուն համար կը պատրաստէ շաբաթական լրատուութիւն։
Ժողովրդավարական գործընթացին երիտասարդ ամերիկահայերու մասնակցութիւնը խրախուսելու նպատակով, Հայկական Համագումարի ուսանողական հարցերու մասնաբաժինը ամէն ամառ Ուաշինկթըն կը հրաւիրէ համալսարանական ուսանողներ, որոնք կ'աշխատին դաշնակցային (ֆետերալ) կառավարութեան զանազան գործակալութիւններու ու հաստատութիւններու մէջ (ծրագրին ամէն տարի կը մասնակցի ԱՄՆ-ի տարբեր ծայրերէն եկած 40 հայ ուսանող)։ Մասնաբաժինը նիւթեր կը հայթայթէ նաեւ ԱՄՆ-ի համալսարաններուն մէջ գործող աւելի քան 60 հայ ուսանողական միութիւններու համար։ Հայկական Համագումարի համալսարանական (ակադեմական) հարցերու մասնաբաժինը մշակած եւ տարածած է Հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթեր՝ հանրային եւ մասնաւոր դպրոցներու մէջ օգտագործելու համար։ Ուսուցիչներուն համար պատրաստուած է «Հայկական ցեղասպանութեան աղբիւրներու ուղեցոյցը», դաստիարակչական տեսաժապաւէն մը, որուն մէջ կը քննարկուին հայերու ցեղասպանութիւնը եւ անոր դասերը։ 1987 թուականին Գալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի ղեկավարութեամբ վաւերացուց նահանգի կրթական համակարգին մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ցեղասպանութեան՝ ներառեալ հայերը, վերաբերեալ պարտադիր ուսուցման օրինագիծը։
Հայկական Համագումարը կը հակազդէ հայերու ցեղասպանութիւնը հերքելու փորձերուն, կ'անդրադառնայ ցեղասպանութիւնը մերժելու, ուրանալու թրքական կառավարութեան բոլոր ճիգերուն եւ կը պայքարի, որպէսզի ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչնայ որպէս անհերքելի պատմական փաստ։
Հայկական Համագումարի գաղթականական հարցերու մասնաբաժինը կը ջանայ օգնել իրենց երկիրներէն տեղահան եղած հայ գաղթականներուն, կը զբաղի անոնց ապաստանի եւ մշտական վերաբնակեցման խնդիրներով, համագործակցութիւն հաստատելով գաղթականներուն օգնող ամերիկահայ բարեսիրական եւ հասարակական սպասարկութեան կազմակերպութիւններու միջեւ եւ այլն։
Հայկական Համագումարը մասնակցած է հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային գիտաժողովներու կազմակերպման, կը հրապարակէ եւ կը տարածէ նաեւ ցեղասպանութեան մասին գիտական գրականութիւն։
Հայաստանի օժանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստան՝1988 թուականին սկսուած քաղաքական իրադարձութիւնները եւ դեկտեմբերեան երկրաշարժը դարձան Հայկական Համագումարի հիմնական ծրագիրները, նպատակ ունենալով ապահովել ԱՄՆ-ի կառավարութեան լայն ուշադրութիւնն ու օժանդակութիւնը այդ գործին մէջ։
Հայկական Համագումարը բազմաթիւ դիմումներ յղած է ԱՄՆ-ի կառավարութեան, Արցախի Հանրապետութեան հայերու ծանր վիճակին, Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին պարտադուած շրջափակման վերաբերեալ։
Երկրաշարժէն տուժած Հայաստանին սատար կանգնելու նպատակով, Հայկական Համագումարը հաստատեց օգնութեան հիմնադրամ, որ մինչեւ 1989 թուականի Դեկտեմբեր 31-ը հանգանակեց 4 միլիոն տոլար եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ ստորագրեց վերակառուցումի համաձայնագիր մը։
1989 թուականի Փետրուարին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Հայկական Համագումարի գրասենեակը։
| Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |