Աղեքսանդրիոյ Փարոսը

Աղեքսանդրիոյ Փարոսը, Պտղոմէոս Բ. թագաւորը (304-247 Ն. Ք.) կանգնել տուաւ, անոր նաւահանգիստին մէջ, հսկայական փարոս մը, որ շատ հեռուներէն տեսանելի ըլլար: Յոյները կ'ըսեն, թէ փարոսին բարձրութիւնը 272 մեթր էր, ինչ որ գրեթէ անհաւատալի կը թուի:
Երբ արաբները Եգիպտոս մտան, շուրջ 1000 տարի ետք, անոնք գտան այդ փարոսին մնացորդները, որոնք տակաւին 116 մեթր բարձրութիւն ունէին[1]:
Աշխարհի աւանդական 7 հրաշալիքներէն վեցը՝ Բաբելոնի կախուած պարտէզները, Ողիմպոսի Զեւսի արձանը, Եփեսոսի Արտեմիսի մեհեանը, Հալիքարնասի շիրիմը, Ռոտոսի Քոլոսը եւ Աղեքսանդրիոյ փարոսը անհետացած են: Ներկայիս կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ միայն Եգիպտոսի բուրգերը[2]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաղաքը հիմնադրուած է մ.թ.ա 332 թուականին Ալեքսանդր Մակեդոնացիի կողմէ։ Այս քաղաքի ստեղծումը եղաւ անոր ամէնամեծ գործը, որ ան հասաւ իրագործել իր յաղթարշաւի ընթացքին՝ Եգիպտոսի մէջ յայտնուած շրջանին։ Քաղաքը չափազանց յարմար դիրք ունէր՝ Միջերկրական ծովի ափին, խիստ յարմար նաւահանգստի տեղ ունէր։ Մակեդոնացին չէր ալ կրնար պատկերացնել, որ քաղաք-նաւահանգիստը կրնար դառնալ հելլենիստական մշակոյթի կեդրոն։ Մակեդոնացին քաղաքի կառավարումը յանձնեց Պտղոմէոսին, որու հետ ուսում ստացած էր Արիսթոթէլի մօտ։
Անթիք աշխարհի մէջ մեծ համբաւ կը վայելէր Աղեքսանդրիայի գրադարանը։