Ակօսիկ
Հեղինակ |
Սարգիս Սերովբեան,Ծովինար Լօքամակէօզեան, Սիպիլ Ճամճըօղլու, Սելին Էօզօնուր եւ Թալին Չորթան-Կարիպկիւն |
---|---|
Երկիր | Պոլիս |
Լեզու | Հայերէն |
Ոճ | Մանկապատանեկան |
Կայքէջ | sseropyan@agos.com.tr |
Ակօսիկ Իսթանպուլ (Պոլիս) լոյս տեսնող «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի հայկական բաժինի մանկապատանեկան էջ եւ ապա ներդիր՝ «Ակօս Գիրք» երկլեզու յաւելուածին:
Մանկապատանեկան այս էջը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Ակօս»-ի թիւ 5 համարով (3 Մայիս 1996-ին): Թիւ 29 համարէն (18 Հոկտեմբեր 1996) սկսեալ, «Ակօսիկ» լոյս կը տեսնէ ամսական դրութեամբ: 1998 Օգոստոսէն սկսեալ կը հրատարակուի շաբաթական դրութեամբ, թերթին գրեթէ իւրաքանչիւր համարին մէջ։ Թիւ 326 (28 Յունիս 2002) համարէն սկսեալ կը վերածուի կէս էջ ծաւալի, որուն վերջին համարը լոյս կը տեսնէ 12 Սեպտեմբեր 2003-ին: Երկար դադարէ մը ետք, Յուլիս 2010-ին, «Ակօսիկ»-ը կը վերածուի ներդիր յաւելուածի, գունաւոր 4 էջ ծաւալով: Յաւելուածը լոյս կը տեսնէ 8 համար, վերջինը՝ Մարտ 2011-ին:
«Ակօսիկ» մանկապատանեկան էջը սկիզբէն խմբագրուած է Սարգիս Սերովբեանի կողմէ, զանազան թուականներու՝ աշխատակցութեամբ Ծովինար Լօքամակէօզեանի, Սիպիլ Ճամճըօղլուի, Սելին Էօզօնուրի, Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի, իսկ ներդիրի պարագային՝ Մարալ Ուսթայի եւ Էմինէ Պորայի:
Այլազան ենթախորագիրներու տակ՝ այս էջը կը պարունակէ հայ ժողովրդական հեքիաթներ, գիտական բաժին, հանելուկներ, «Չարաճճին Առօրեայէն» խորագրին տակ երգիծական բաժին, ձեր գրածներէն, նամակներ, հետաքրքրական հարցում մը, եկէ՜ք խաղանք միասին, պատմուածքներ, ձեռային աշխատանքներ:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «ՓԹԻԹ», Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ, թիւ 9, էջ 29