Ակոբովիջ

Ակոբովիջ

Այս ընտանիքը Լվուվ գաղթած է Սուչավայէն, Լվուվի մէջ կ’ապրէր հարուստ վաճառական մը 1475-ին, Ակոբչա կոչուած, որ իր ծախքովը Սուչավայի մէջ Հայոց համար եկեղեցի մը շինել տուաւ, քաղքէ դուրս, վանատան կից: Այդ եկեղեցւոյն մէջ նոյնին տապանագիրը կը գտնուի լեհերէն լեզուով «Աստ հանգչի Ակոբչա, հիմնադիր, եկեղեցւոյս այսօրիկ, յամի ՏՆ.1551»:

Սուչավայէն Ակորչա Վարդանովիչ կոչուած մէկը իր երկու զաւակները Վարդան եւ Սահակ,Լվուվ կը ղրկէ 1594-ին, հոն ուսմունքնին ընելու նպատակաւ: Այդ երկու զաւակները Լվուվի մէջ կը սկսին իրենց հօրը անուամբ Ակոբովիչ կոչուիլ: Լվուվի քաղաքատան դիւանատանը մէջ կը պահուին անոնց վերաբերեալ վաւերաթուղթերը:

Վերոյիչեալ ընտանիքէն ուրիշ շառաւիղ մը, որ աղնուականութեան տիտղոս ստացած է ի Պուքովինա տէ Հասսօ յարանունով: Այդ յարանունը իրենց նախկին մականունն եղած է: Կնքանաչաննին կը ներկայացնէր չափեզազոյն երեսի վրայ երկու օձեր ոլորեալ 8 թիւի ձեւով եւ ոսկեգոյն խաչ մը ի միջի: Վահանին վրայ,պսակին մէջ անձ մը, հայրենքն նշանակող, որ աջ ձեռքին մատը ի նշան լռութեան բերնին վրայ բռնած է։ Ձախ ձեռքին մէջ ղափնեպսակ մը։ 1740-ի միջոցները Պուքովինայի մէջ կ’ապրէր ազատազնեայն Վազերիանոս Հասսօ, որ երկու զաւակ ունէր։ Յակոբ եւ Մանուկ։ Յակոբի զաւակները իրենց հօրը անունէն Ակոբովիչ մականունը առին, պահելով միշտ հին ընտանական մականուննին։ Եաշի (Եասսի?) քաղաքին մէջ Մարտ 1812-ին հաստատուեցաւ իրենց ազնուականութիւնը եւ ապա Կալիցիայի ազնուականաց կարգը անցան 1814-ին, քաղաքացիութիւն ստանալով։ Ատոնցմէ ոմանք վաճառականներ էին, մեծագոյն մասը խոշոր հողային կալուածներ գնեցին Սթանիսլավուվի եւ Գօլօմիայի մօտերը։ Մանուկին զաւակներն ալ Հասսօ Մանուկիէվիչ կոչուեցան միեւնոյն ընտանեկան կընքանչանով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 82, Ա.հատոր: