Ալ Ֆարապի
Ապու Նասր Ալ-Ֆարապի, Արեւմուտքինմէջ ծանօթ է Ալֆարապիոս (872թ․- 951թ․)։
Անուանի Իսլամական Փիլիսոփայ Իրաւագէտ: Ան զբաղուած է տարբեր ոլորտներով՝ քաղաքական փիլիսոփայութիւն, Բնազանցութիւն, բարոյագիտութիւն, տրամաբանութիւն եւ այլք։ Ան նաեւ ուսողագիր էր, տիեզերաբան, գիտնական եւ երաժշտութեան տեսաբան։
Անոր տրուած է «Երկրորդ Վարդապետ» անունը, հետեւելով Արիստոտելի օրինակին, որ ծանօթ էր «Առաջին Վարդապետ (ուսուցիչ)» անունով։ Անոր կը վերագրուի միջնադարիին Յունական բնաբաններու պահպանումը, իր կատարած մեկնութիւններուն եւ ճառախօսութեանց շնորհիւ։ Անոր նաեւ կը վերագրուի իրեն յաջորդած մեծանուն փիլիսոփաներուն,- ինչպիսիքն են Իպն-Սինան, Ղազզալին ու Մեյմօնիտը,- եթէ ոչ ներշնջումը ապա անոր վրայ ձգած խոշոր ազդեցութիւնը։