Jump to content

Ալպանիոյ Հայերը

Ալպանիոյ Հայերը յայտնուած են ԽՍՀՄ-ի ժամանակաշրջանէն։ Հայերը միակ ազգն էին, որ ունէին քոմունիստական Ալբանիա մուտք գործելու արտոնութիւն։ Մօտաւոր հաշուարկներով Ալպանիոյ մէջ կ՝ ապրին 400-500 հայեր, հիմնականին կ՝ ապրին մայրաքաղաք Տիրանայի մէջ, Դուրրասի, Վլորայի, Շկոդերի մէջ։ Հայերը ունին երկու եկեղեցի Շկոդերի մէջ։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ալպանիոյ միջեւ հաստատուած են 1993 թուականին։[1]

Համայնքի կազմաւորումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալպանիոյ հայ համայնքը կազմաւորուած է 1920-1930-ական թուականներուն։ Առաջին հայ բնակիչները՝ թրքական բանակի դասալիք զինուորներ Հայկ Բալջեանը եւ Լեւոն Բոդիկեանը, Ալպանիա եկած են 1912 թուականին՝ առաջին բալկանեան պատերազմին Թուրքիոյ մէջ պարտութիւնէն ետք, երբ Ալպանիան հռչակուած էր անկախ պետութիւն։ Հայերու թիւը երկրին մէջ աւելացած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ Մեծ եղեռնէն փրկուած գաղթականներու հաշուին։ 1920-1930-ական թուականներուն հայեր գաղթած են Ալպանիա նաեւ եւրոպական երկրներէն՝ Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն եւ Անգլիայէն։ Հիմնականին բարձրագոյն կրթութեամբ մասնագէտներ էին՝ բժիշկներ, ատամնաբոյժներ, գործարարներ։ 1940-ական թուականներուն Ալպանիոյ մէջ 15 ատամնաբոյժէ 5-ը հայ էր։ Մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը ալպանահայերը կարողացած են ստեղծել բարեկեցիկ կեանք, իրենց զաւակներուն կրթութեան ուղարկել Վիեննայի Մխիթարեան դպրոց։ Պատերազմը, ապա քոմունիստական վարչակարգի հաստատումը (1945) ընդհատած են համայնքի զարգացման ընթացքը. ազգայնացուած է Ապանիոյ բնակչութեան, այդ թիւին մէջ եւ հայերու ողջ սեփականութիւնը։ Հայերուն նոյնիսկ արգիլուած է հայկական անուններ տալ իրենց երեխաներուն։ Աւելի քան 45 տարի, քոմունիստական վարչակարգի պայմաններուն մէջ, Ալպանիոյ հայ համայնքը գոյատեւած է ամբողջական մեկուսացման մէջ. իրաւունք չէ ունեցած կապեր հաստատելու սփիւռքահայ միւս համայնքներուն եւ Հայաստանի հետ, ստեղծելու ազգապահպան կառոյցներ։ Հայերը բնակած են միմեանց հարեւանութեամբ, ազգային արժէքներուն հաղորդակցուած ընտանեկան պայմաններուն մէջ։

1990-ական թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1990-ական թուականներու սկիզբը Ալպանիոյ մէջ համայնաւարական վարչակարգի փլուզման եւ ժողովրդաւարական գործընթացներու ծաւալման շնորհիւ համայնքի ազգային կեանքը սկսած է վերականգնուիլ։ Ապրիլ 1990-ին Ալպանիոյ կառավարութեան թոյլտուութեամբ Տիրանայի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած է ի յիշատակ Մեծ եղեռնի 4 զոհերուն։ Ալպանահայ համայնքի հոգեւոր մատակարարութիւնը սկսած է իրականացնել Հայաստանեանց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան Իտալիոյ հոգեւոր հուուութիւնը։ 1991 թուականին Տիրանայիոյ մէջ հիմնուած է Հայկական մշակութային ընկերութիւնը։ 1997 թուականին գրանցուած է հայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւն՝ Ալպանիոյ հայ միութիւնը։ Համայնքային վարչութիւնը կազմուած է յոթ հոգիէ (քարտուղարն է վիրաբոյժ Էմիլ Ասատուրեանը)։ Համայնքի ազդեցիկ գործիչներէն է Վահրամ Փիրանեանը։ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ վեց հայ երիտասարդներ սորուած են Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան։

2000-ական թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2003 թուականի տուեալներով Ալպանիոյ մէջ, հիմնականին Տիրանաիոյ մէջ, նաեւ Վլյորա ու Դուրրաս քաղաքներուն մէջ կը բնակի մօտ 400 հայ. մեծ մասամբ Յունաստանէն են եւ Հարաւսլավիայէն։ Առաւելապէս մանր առեւտրականներ են, կան նաեւ բժիշկներ, տնտեսագէտներ։ Ալպանիայոյ մէջ յայտնի է բժիշկ Վ. Պոտրուլեանը. ծառայած է Տիրանայի գլխաւոր հիւանդանոցին մէջ, մինչեւ 1983 թուականը եղած է ախտաբանութեան գծով գլխաւոր բժիշկ։ Համայնքին մէջ յայտնի դէմքեր են նաեւ Ալպանիոյ Ապահովագրութեան հիմնարկի զարգացման դեպարտամենտի տնօրէն Վարուժան Փիրանեանը, քիմիկոս մասնագէտ Ծ. Չաքմաքչեանը, բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած երգահան Հ. Զաքարեանը։

  • AGBU News Magazine, vol. 10, N2, Spring/Summer, 2000
  • Հայ Սփյուռք հանրագիտարան, Երեւան, Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2003, էջ 17-30։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Հայկական սփիւռք