Ալեքսիս Սանչեզ

Ալեքսիս Սանչեզ
սպ.՝ Alexis alejandro sanchez sanchez
Ծննդեան անուն սպ.՝ Alexis Alejandro Sánchez Sánchez
Ծնած է 19 Դեկտեմբեր 1988(1988-12-19)[1][2][3][…] (35 տարեկան)
Ծննդավայր Tocopilla, Անթոֆակասթա, Չիլի
Քաղաքացիութիւն  Չիլի
Մասնագիտութիւն ֆութպոլիստ

Ալեքսիս Ալեխանտրօ Սանչեզ (սպ.՝ Alexis Sánchez, 19 Դեկտեմբեր, 1988, Թոքոփիլլա (Tocopilla), Չիլի), չիլիցի Ֆութպոլիստ, կիսապաշտպան, Չիլիի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ անգլիական «Արսենալ»ի խաղցող։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր առաջին իսկ մրցաշարքին ան կը մասնակցի 38 ճակատումներու եւ 3 կօլ կը նշանակէ։ Յուլիս 2006-ին Սանչեզը կը գնէ իտալական Ուտինեզ (Udinese) խումբը եւ վարձքով կը տրամադրէ չիլիական մէկ այլ խումբի մը՝ Քոլօ Քոլոյին (Colo-Colo)։ Հոն ան 48 խաղի կը մասնակցի եւ կը նշանակէ 9 կօլ։ Յաջորդ տարի իտալական ակումբ մը չիլիցին կրկին վարձքով կը յանձնէ այլ ակումբի մը։ Այս անգամ Ալեքսիս կը խաղայ արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթի մէջ (River Plate). կը մասնակցի 31 ճակատման եւ հիանալի տպաւորութիւն կը ձգէ։

Ան իր ամբողջ տաղանդը ցոյց կու տայ 2010/2011 թուականներու մրցաշարքի ատեն։ Կը մասնակցի 31 ճակատման, կը նշանակէ 12 կօլ ու կը ճանչցուի մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Ան աչքի կը զարնէ նաեւ իր կօլի փոխանցումներով։

Ալեքսիսով կը սկսին հետաքրքրուիլ եւրոպական շարք մը մեծ ակումբներ, բայց ի վերջոյ չիլիցին կ'ընտրէ Պարսան։ Եւրոպայի եւ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ ակումբը յաջողած է ձեռք ձգել չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզի ստորագրութիւնը` փոխան 37 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Սանչեզ, որ նախորդ տարեշրջանին 31 մրցումի ընթացքին նշանակած էր 12 կօլ, կը հանդիսանայ առաջին մարզիկը, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտէն ետք կը միանայ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին[4]:

Ալեքսիս Սանչեզ կրնայ խաղալ յարձակման իւրաքանչիւր դիրքի վրայ, սակայն ինք կը նախընտրէ աջ եզրը: Արագութիւնը անոր գլխաւոր զէնքն է։ Ան դիւրութեամբ կրնայ ազատիլ պաշտպաններու հսկողութենէն եւ գնդակը ուղարկել տուգանային հրապարակ։

Ան նաեւ կը սիրէ ազատ տարածութիւն ստեղծել իրեն համար կեդրոնին մէջ ու հեռահար հարուած կատարել։

Ան առանձնայատուկ խաղացող է եւ իսկական ռմբարկու։ Ալեքսիս կը համապատասխանէ Քաթալոնեան խումբի խաղի ոճին։ Թէեւ ան յարձակող է, բայց յաճախ կը նահանջէ եւ կ'օգնէ պաշտպաններուն, որովհետեւ իւրաքանչիւր կորսնցուցած գնդակը իրեն համար արժէք մը կը ներկայացնէ։

15 Փետրուար 2012-ին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, տեղի կ'ունենան երկու ճակատումներ. առաջինը` Գերմանիոյ մէջ, իսկ երկրորդը` Ֆրանսայի մէջ: Պարսելոնա, որ հիւրն էր Պայէր Լեւերքուզընի, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը կ'արձանագրէ: Չիլիցի Ալեքսիս Սանչեզ (41-րդ եւ 55-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (88-րդ) կը նշանակեն Պարսայի կօլերը[5]:

2014-ի Մոնտիալին Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Սանչեզ 4 մրցումի ընթացքին կը նշանակէ 2 կօլ:

2014-ին Պարսելոնայի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ իր ակումբը լքելով կը միանայ Արսենալի: Թէեւ ճշգրիտ գումարին մասին ոչինչ կը յայտարարուի, սակայն կը կարծուի, որ անոր փոխանցման համար Արսենալ սպանական կազմին կը վճարէ 59,5 միլիոն ամերիկեան տոլար[6]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]