Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան, Միջին Արեւելքի մէջ տարեցներու, հիւանդներու Եւ թոքախտաւորներու կեդրոն: Կը գտնուի Լիբանանի Ազունիէի շրջանին մէջ, ծովու մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ եւ Պէյրութէն 35 քմ հեռաւորութեամբ[1]: Հաստատութիւնը կը պատկանի Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական Յարանուանութեանց[2]:
Պասմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Ազգային Բուժարան մը Հիմնելու Անհրաժեշտութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1 Յուլիս 1923-ին, հիմը կը դրուի Հայ ազգային բուժարանին` փրկելու համար հազարաւոր հայորդիներու կեանքը թոքախտէն, որ այդ տարիներուն աւերներ կը գործէր պատշաճ դարմանումի պակասի, ինչպէս նաեւ անբաւարար սնունդի պատճառով:
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախ Մաամըլթէյն շրջանին մէջ կը սկսի գործել բուժարանը, բայց իր ունեցած սահմանափակ տարածքին պատճառով անհրաժեշտ կը դառնայ զայն ընդարձակելու մասին մտածել:
Հետագային կը գնուի Ազունիէի հողաշերտը:
Օդասուն եւ առողջարար Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը կը կատարուի Օգոստոս 1938-ին, միաժամանակ ներառելով նորահաստատ ծերանոցի բաժինը: Տարիներու ընթացքին կը կառուցուին նոր շէնքեր` իրենց ենթաբաժանումներով, ինչ որ բուժարանը կը վերածէ առողջապահական համահայկական համալիրի:
1932-1938 տարիներուն խնամակալութեան ձեռնարկած դրամահաւաքին հասոյթով կը գնուին նոր հողաշերտեր` մայր շէնքի զոյգ հողաշերտերու կողքին:
Բուժարանին մէջ հայերուն կողքին կը դարմանուէին նաեւ օտար, յատկապէս ափրիկեան եւ միջինարեւելեան երկիրներու քաղաքացիներ: Ժամանակի ընթացքին բուժարանը կ'օժտուի առողջապահական նոր սարքերով ու կազմածներով, կը հաստատուին նոր բաժանումներ եւ կը կատարուին զանազան նախաձեռնութիւններ, արդարեւ, Ճափոնի դեսպանատան նուիրատուութեամբ կը հիմնուի բուժարանին շտապ օգնութեան միաւորը, բուժարանին ենթակառոյցին նորոգութիւնը եւ մայր շէնքին զանազան մասերուն բարեզարդումը: Բուժարանը կ'օժտուի նաեւ կեդրոնական համակարգիչի արդիական ծրագիրով:
Բանտերու մէջ կրծքային հիւանդութիւններէ վարակուած բանտարկեալներ, հոս կը բերուին բուժումի համար:
Ծաւալած գործունէութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա.- Հիմնադրութեան շրջան` 1923-1931.- Նախաձեռնութեամբ վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. կաթողիկոսին, Հայ ազգային բուժարանը կը հիմնուի Մաամըլթէյնի մէջ եւ կը կառավարուի երեք հոգեւոր պետերու կամ անոնց ներկայացուցիչներէն կազմուած «Հայ թոքախտաւորներու խնամակալութիւն» անունը կրած մարմինի մը կողմէ:
Բ.- Կազմաւորման շրջան` 1931-1938.- Մաամըլթէյնի բուժարանին հոգատարութիւնը կը ստանձնեն` առաքելական եւ աւետարանական հոգեւորական ներկայացուցիչներու կողքին, աշխարհական անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Փափա Քիւնցլէր եւ ուրիշներ: Այս կազմը կը կոչուի «Խնամակալ վարչութիւն Հայ ազգային բուժարանի»:
Գ.- Ազունիէի փոխադրութեան շրջան` 1938-1959.- Բուժարանի Ազունիէի փոխադրութեան, հաստատման եւ ընդարձակման ճիգերով յատկանշուող շրջան: Այս փուլին ուշագրաւ է, խնամակալ մարմինի կողքին, «Բժշկական խորհուրդ»ի կազմութիւնը, հսկելու համար բուժարանին մէջ կատարուող բժշկական գործողութեանց եւ բուժարանի առողջապահական, գիտական կազմուսարքին:
Դ.- Ծաղկումի շրջան` 1960.- Բուժարանին ծաղկումի եւ արդիականացման շրջանը: Այս շրջանին բուժարանը կ'ունենայ իր յատուկ կանոնագիրը, որուն անդրանիկ օրինակը վաւերացուած է հոգեւոր պետերուն կողմէ, Դեկտեմբեր 1959-ին: Բուժարանը ունի նաեւ վիրաբուժական եւ շողանկարումի սենեակներ, դեղարան եւ յատուկ մարձումի կազդուրման (ֆիզիոթերափի) դարմանատուներ: Կառոյցէն ներս կը գործէ նաեւ տարեցներու պատսպարման բաժանմունքը:
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրատարակութեանց եւ հաղորդակցութեանց ծիրին մէջ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը կը հրատարակէ իր գործունէութեան հերթական տեղեկագիրը:
Պարբերաբար կը հրատարակէ բացառիկ հատորներ, ինչպէս` 1948-ին, Բուժարանի 25-ամեակի (1923-1948) յատուկ բացառիկը, 1960-ի տարեգիրքը, գունաւոր բացիկը կամ ծանօթացման-քարոզչական պրոշիւրը եւ այլն: Նոյն ծիրին մէջ, Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանը` քայլ պահելով արդիական արհեստագիտական միջոցներուն, ունի համացանցային իր յատուկ կայքը եւ Դիմատետրի էջը:
Հայ Ազգային Բուժարանի Օր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի (1902-1939) կաթողիկոսական կոնդակով` իւրաքանչիւր տարուան Բուն բարեկենդանը կը նշուի իբրեւ «Հայ ազգային բուժարանի օր»: