Աբրահամ Ա. -Քհնյ. Տէր Գալուստեան
Աբրահամ Ա. -Քհնյ. Տէր Գալուստեան | |
---|---|
Ծնած է | 1865 |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Աբրահամ Ա. -Քհնյ. Տէր Գալուստեան, մուսա լերան զուտ հայկական գիւղերու լեռնային շրջանի նահապետ եւ Սուէտիոյ հոգեւոր դասուն ամէնէն պերճախօս, վարչագէտ ու յեղափոխական Տ.Աբրահամ քհնյ.Տէր գալուստեան ծնած է Մուսալեռնցի ծնողքէ, Եողուն-Օլուգ գիւղին մէջ,1865-ին։
Անտիոքի եւ ապա Լիբանանի պետական երեսփոխան՝ պրն. Մովսէս Տէր Գալուստեանի հայրը՝ Տ.Աբրահամ իր ծննդավայրի ծխական վարժարանին մէջ։
Իր գիւղի համեստ պայմաններուն մէջ, ան մէծցած ու կապուած է Հայրենի Հողին եւ տարիներու աշխատանքին վաստակով ամուսնացած ու դարձած է զաւակներու հայր։
Ընտանեկան պարտաւորութիգններու կողքին, ան կարեւորութեամբ հետաքրքրուած է իր ժողովուրդի առօրեայով եւ ազգային ու եկեղեցական գործերով։
Իր ժողովուրդին ու հայրենիքին առաւել օգտակար դառնալու հեռանկարով, ան անդամակցած է իր շատ սիրած գաղափարական ընտանիքին եւ այնուհետեւ աւելի կազմակերպուած աշխատանքով լծուած է ազգային գործերու։
իրեն համար մտասեւեռում դարձած է ունէնալ յէղափոխական շունչով դատիարակուած երիտասարդութիւն մը, որ միշտ պատրասդ ու յանձնառու ըլլայ իր ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու եւ ի պահանջեալ հարկին, կեանքի գնով անոր տէր դառնալու։