Աբխազիոյ հայերը կամ աբխազահայերը աբխազներէն յետոյ Աբխազիոյ մէջ երկրորդ ազգային խումբը[1]։ Համաձայն 2003 թուականի տուեալներուն Աբխազիոյ մէջ կը բնակէր աւելի քան 45000 մարդ, որ կը կազմէր երկրի բնակչութեան 20% (215000 մարդ)։ Հայերը հը կազմեն մեծամասնութիւնը: Սուխումի շրջանը եւ Գագլայի ու Գուլրիփշի շրջանը թիւով խոշորագոյն խումբն են[2]։ Սակայն այդ մարդահամարի տուեալները կը քննարկուին եւ համաձայն հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու տուեալներուն, Աբխազիոյ իշխանութիւնները վիճակագրութիւններու ընթացքին կը նուազեցնեն հայերու թիւը եւ իրականութեան մէջ ատիկա կը կազմէ 67000 մարդ[3]։