Jump to content

«Սապլիմոշըն» ճաշարանը

Բնակավայր
«Սապլիմոշըն» ճաշարանը
Երկիր  Սպանիա
Հիմնադրուած է՝ 2014
Պարգեւներ Michelin star?
Պաշտօնական կայքէջ sublimotionibiza.com

«Սապլիմոշըն» ճաշարանը Սպանիոյ կղզիներէն` Իպիզիայի մէջ գտնուող ճաշարան:

Ճաշարանը իր դռները բացած է 2014-ին: Անոր սպանացի խոհարարը` Փաքօ Ռոնսերօ կը նախընտրէ կեդրոնանալ որակին վրայ եւ ոչ` քանակին: Ան կը բացատրէ, որ առաջ ճաշերը աղով եւ պղպեղով կը համեմէին, մինչ ներկայիս անոնք կը համեմուին զգացումներով:

Ճաշարանը աշխարհի ամէնէն սուղը կը համարուի:

«Սապլիմոշըն»ի 12 յաճախորդները կը վճարեն մօտաւորապէս 2000 տոլար, սակայն անոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ուտեն, կամ նոյնիսկ ի՛նչ փորձառութիւն մը պիտի ապրին[1]:

Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք յաճախորդները կը մտնեն ճաշասրահ, որուն կեդրոնը կը գտնուի միակ ճերմակ սեղան մը: Պաստառին վրայ կնոջ դէմք մը զանոնք կը դիմաւորէ: Ճաշարանին անձնակազմին 25 անձերը կազմ ու պատրաստ կ'ըլլան քուլիսներուն ետեւը, խոհարարները, սպասաւորներ եւ թեքնիսիէններ[2]:

Իւրաքանչիւր ճաշի հետ նոր տեսարաններ կը պարզուին: Մեծ խեցիի մը մէջ հրամցուած ծովային ուտելիքներուն ճաշակումին ընթացքին ամբողջ սրահը, կարծէք կ՛իջնէ ծովերուն խորերը. պատերուն եւ սեղանին վրայ կը յայտնուին ընդծովեայ տեսարաններ, մինչ կը լսուին այդ խորքերուն ձայները, ճերմակ քարէ ամանի մը մէջ կը հրամցուի սունկերով պատրաստուած ճաշ մը, որուն կ'ընկերանան անտառի տեսարաններ եւ հոտեր: Իսկ երբ սեղանը կը վերածուի փոքրիկ բանջարանոցի մը, սեղանակիցները իրենց մանր թեւերով եւ մկրատներով կը քաղեն թարմ բանջարեղէններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]