«Նասքոնտինօ» Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Նասքոնտինօ պահուըտուքի աշխարհի ախոյեանութիւնը[1], որ 2010-էն ի վեր տեղի կ'ունենայ Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող եւ լքուած Քոսոնօ քաղաքին մէջ:
Սեպտեմբեր 2016-ին, 7-րդ ախոյեանութեան ընթացքին մասնակցած են աւելի քան 320 անձեր` հինգ հոգիէ բաղկացած 64 խումբերու բաժնուած:
Խաղի օրէնքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ախոյեանութիւնը տեղի կ'ունենայ 25000 քառակուսի մեթր տարածքի մը վրայ, երկու օրուան ընթացքին եւ բազմաթիւ փուլերով:
Այս մրցումին համար խաղին օրէնքները քիչ մը փոխուած են. հաշուող անձը կամ «գայլը» ոչ մէկ խումբի մաս կը կազմէ: Ան մէկ վայրկեան մինչեւ 60 կը հաշուէ: Այդ մէկ վայրկեանի ընթացքին մասնակցողները պէտք է գտնեն ամէնէն յարմար թաքստոցները: Անոնք կրնան պահուըտիլ ոչ միայն բնութեան մէջ` ծառերուն, թուփերուն ետեւ, այլեւ` տարածքին վրայ խաղը կազմակերպողներուն կողմէ դրուած բազմաթիւ առարկաներու (հին դուռեր, վրաններ, յարդի դէզեր, հսկայական փուչիկներ, պահարաններ, սեղաններ, եւ այլն):
Տարածքին կեդրոնը զետեղուած է թիրախը, մեծ եւ ուռած բարձ մը: Խաղացողները պէտք է այդ թիրախին հասնին առանց բռնուելու եւ տեսնուելու «գայլին» կողմէ: Առաջին հասնողը կը ստանայ 16 կէտ, երկրորդը` 15 եւ այլն: Անշուշտ զերօ կէտ կ'արձանագրուի, երբ մասնակցող մը կը բռնուի «գայլին» կողմէ, կամ պահուըտած կը մնայ մինչեւ խաղին վերջը:
Երբ «գայլը» խաղացող մը կը տեսնէ, ան մինչեւ թիրախ կը վերադառնայ եւ զայն կը նշէ. խաղացողը խաղէն դուրս կ'ելլէ: Ըստ այս տարուան ախոյեաններուն, յաղթելու համար անշուշտ պէտք է ըլլալ արագ, սակայն նոյն ատեն հնարամիտ` լաւ թաքստոցը գտնելու համար եւ համբերատար` դէպի թիրախ վազելու լաւ պահ մը որսալու համար:
Յաղթող խումբը կը ստանայ փոքրիկ մետալ մը, որուն վրայ ներկայացուած է ոսկեգոյն թզենիի մը տերեւը: Ասիկա վարձատրութիւն մը չէ, այլ ան պարզապէս ճանաչումի միջոց մըն է, սակայն անիկա արգելք չ'ըլլար հարիւրաւոր խաղացողներուն մասնակցելու ախոյեանութեան` երկու օրուան ընթացքին հաճելի ժամանակներ անցընելու համար: