Jump to content

«Մատենա» Նախագիծ

«Մատենա» անուանումը սերած է Հայաստանի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկէն՝ Մատենադարանէն։ Այս վերջինը, իր հերթին, կազմուած է «մատեան» բառարմատէն։ Սա կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի պատմական ձգտումը՝ դէպի գիրքն ու կրթութիւնը[1]։

«Մատենա» ղեկավարման ու մասնագիտական զարգացման ուղղեալ բացառիկ գործընկերային նախագծի Հայաստանէն ներս մեկնարկը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Միջազգային դպրոցի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած է յառաջ տանիլ «Մատենա» ծրագիրը, որով կը հիմնադրուի մասնագիտական կրթութեան միջազգային կեդրոն մը։ «Մատենա»ի նախաձեռնող-հիմնադիրները կը հանդիսանան «UWC Dilijan» միջազգային դպրոցի եւ Մոսկուայի «Սքոլքովօ» կառավարման դպրոցի հիմնադիր գործընկեր Ռուբէն Վարդանեան եւ տնտեսագէտ փրոֆ. Ռուբէն Հայրապետեան։ «Մատենա»ի առաքելութիւնն է գիտելիքի կուտակման եւ համաշխարհային յառաջատար փորձառութեան տարածման միջոցաւ նպաստել մասնագիտական հմտութիւններու եւ ղեկավարման կարողութիւններու զարգացման՝ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց մասնագիտական ոլորտներէն ներս մշտապէս կը ձգտին կատարելագործման եւ գերազանցութեան։

«Մատենա» կ՚առաջարկէ բոլորովին նոր որակով ու ձեւաչափով կրթական ծառայութիւններ՝ արդէն հաւաքագրած ըլլալով թէ՛ համաշխարհային եւ թէ տեղական մասնագէտներու հսկայական տուեալներ, համադրելով ու մէկտեղելով անոնց փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ համագործակցելով միջազգային հեղինակաւոր հաստատութիւններու հետ։ «Մատենա» կը յաւակնի յառաջատար դիրք զբաղեցնել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ տարածաշրջանի մէջ, ինչ որ շղթայական ազդեցութեամբ պէտք է նպաստէ ամբողջ համակարգի աստիճանական բարեփոխման։

Այս նոր կրթական կեդրոնի առանցքային գործընկերներէն մին է Մոսկուայի «Սքոլքովօ» կառավարման դպրոցը, որու հետ արդէն մշակուած են ու պիտի մատուցուին «Մատենա»ի մեկնարկային ծրագրերը՝ միջին կամ բարձր օղակներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ ձեռնարկատէրերու համար։ Այս դպրոցը ունի հոգաբարձուներու միջազգային խորհուրդ մը եւ ակադեմական միջազգային խորհուրդ մը, որոնք կազմուած են գործարար ու ակադեմական աշխարհներու հեղինակաւոր ներկայացուցիչներէ, յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչներէ։ Այս վերջիններու շարքին կը գտնուին «McKinsey» ընկերութեան Պելժիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի գրասենեակի երկարամեայ ղեկավար, Պրիւքսելի Ազատ համալսարանի խորհուրդի նախագահ Փիեռ Կիւրճեան, «Picsart» ընկերութեան համահիմնադիր ու տնօրէն Յովհաննէս Աւոյեան, «Yandex» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Հուտավերտեան, Նոր տնտեսագիտական դպրոցի վերատեսուչ Ռուբէն Ենիկոլոպով, Ռուսաստանի Ժողովրդական տնտեսութեան ու պետական ծառայութեան ակադեմիայի վերատեսուչ Վլատիմիր Մաու, Մոսկուայի Օդագնացութեան կաճառի վերատեսուչ Միքայիլ Պօղոսեան, «Renault-Nissan-Mitsubishi» ինքնաշարժներու միաւորման նախկին ղեկավար Քարլոս Կոն, «Ernstal Young» ընկերութեան՝ ԱՊՀ-ի երկիրներու երկարամեայ ղեկավար Քարլ Եոհանսոն, Ղազախիստանի նախկին վարչապետ Իմանկալի Թասմակամպետով, «QG Family Office» ընկերութեան տնօրէն Մարթա Ալպերթ եւ այլ նշանաւոր դէմքեր։

«Մատենա»ի առաջին ծրագրերը պիտի սկսին յաջորդ տարուայ առաջին եռամսեակին։ Հաւանական մասնակիցները պիտի ըլլան թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիները եւ թէ սփիւռքի ներկայացուցիչներն ու օտարերկրացիներ՝ ներառեալ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներէ։ Համաշխարհային եւ տեղական հզօր մասնագիտական ցանցի միջոցներով պիտի կազմակերպուին նաեւ անվճար բաց դասեր՝ երիտասարդներու, ուսանողներու եւ հասարակութեան աւելի լայն շերտերու համար։ Դասընթացները նախատեսուած են ինչպէս Հայաստանի (Երեւան, Դիլիջան եւ այլն), այնպէս ալ արտասահմանի մէջ՝ միջազգային գործընկերներու հետ համատեղ ու երեք լեզուով՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն։ Զուգահեռաբար կը ծրագրուի նաեւ «Մատենա»ի առանձին ակադեմական դաշտի ստեղծումը։

«Մատենա» կ՚ենթադրէ նպաստել նաեւ «Ապագայ հայկականը» հանրային նախաձեռնութեան 15 ռազմավարական նպատակներուն, մանաւանդ՝ կրթութեան գերազանցութեան, այդ ոլորտին նկատմամբ առաջնահերթութեան ընծայման ու այդ ճանապարհով աշխարհի հայութեան բարձրագոյն ընկերային արժէք ապահովելու նպատակի իրականացման։

Ռուբէն Վարդանեան այս կապակցութեամբ յայտնած է հետեւեալը. «Հայաստանէ ներս զանազան ծրագրերու իրականացման 20 տարիներու ընթացքին ես բախուած եմ չորս հիմնական մարտահրաւէրի. որակեալ կառավարիչներու պակաս, զանգուածային, բազմավեքթէօր նախագծերու պակաս, ինչ որ դրական փոփոխութիւններու համար շղթայական ազդեցութեան ապահովումը կը խոչընդոտէ, այդ նախագծերու իրագործման համար ելմտական միջոցներու պակաս, ինչպէս նաեւ անոնց իրականացման տեսակէտէ բարենպաստ ու խթանիչ միջավայրի բացակայութիւն։ Այս բոլոր մարտահրաւէրները փոխկապակցուած են, բայց գլխաւորը, իմ կարծիքով, առաջինն է։ Եթէ մենք կարողանանք անոր պատասխանը գտնել, ապա սա պիտի դառնայ մնացեալ բոլոր խնդիրներու լուծման բանալին։ Այս իսկ պատճառով մենք կը ստեղծենք ղեկավարութեան եւ կառավարչական հմտութիւններու զարգացման կեդրոն թէ՛ մասնաւոր եւ թէ պետական հատուածի ներկայացուցիչներու համար։ Մեր դպրոցի ծրագրերը նախատեսուած են նաեւ հանրային պաշտօնեաներու համար։ Կը յուսանք, թէ պիտի կարողանանք արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մշակել պետութեան հետ»։

Իր կարգին, Ռուբէն Հայրապետեանն ալ դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ միշտ եղած են որակեալ մասնագէտներ, սակայն անոնց պատրաստման կամ վերապատրաստման գործընթացները կրած են հատուածական, ձեւական բնոյթ։ Այժմ յատկապէս զգալի է էական պակասը այնպիսի մարդոց, որոնք պատրաստ կ՚ըլլան իրենց գիտելիքի, փորձառութեան եւ անձնային մշակման աճին շնորհիւ առաջնորդել համապատասխան համակարգերու բարեփոխումները։ «Ակնյայտ է, որ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ Հայաստանէ ներս մասնագիտական կրթութեան եւ յատկապէս՝ մասնագէտ-առաջնորդներու պատրաստման գործին մէջ սկզբունքօրէն նոր որակի եւ մշակոյթի արմատաւորումը։ Սա պետութեան յառաջընթացի անհրաժեշտ նախապայմաններէն է։ Ամէն ինչ պարզ է։ «Մատենա»ի միջոցաւ մենք, ըստ էութեան, կը ստեղծենք գերազանցութեան հարթակ մը, ուր կը համատեղենք համաշխարհային յառաջատար մասնագէտներու, առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ տեղական լաւագոյն մասնագէտներու փորձառութիւնը եւ զայն աստիճանաբար կը տարածենք Հայաստանէ ներս, որպէսզի երկրին տեսակէտէ իսկական արդիւնք ստանանք», դիտել տուած է Ռուբէն Հայրապետեան։

Երեւանի մէջ, Ընկերային նախաձեռնութիւններու կեդրոնին տակ արդէն տեղի ունեցած է «Մատենա»ի եւ «Սքոլքովօ»ի միջեւ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը։ Այս առթիւ բանախօսութիւններով հանդէս եկած են Ռուբէն Վարդանեան, Ռուբէն Հայրապետեան, «Մատենա»ի համահիմնադիր ու տնօրէն Եուրի Լեւի։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-08-06