«Լանտֆիլ Հարմոնիք»
«Լանտֆիլ Հարմոնիք», 2015-ին հրապարակուած վաւերագրական ժապաւէն մըն է, որուն շնորհիւ, ամբողջ աշխարհը ծանօթացած է վերամշակուած առարկաներով նուագախումբի մը[1]:
2012-էն ի վեր, 40 փոքրիկ երաժիշտներէ կազմուած նուագախումբը կը հրաւիրուի աշխարհի չորս կողմերը` նուագահանդէսներ տալու: Անոնց ներկայացուցած եղանակներու ցանկը կ'ընդգրկէ դասական կտորներ, ինչպէս` Մոզարդ, Պեթհովեն, Վիվալտի, ինչպէս նաեւ արդի կտորներ, օրինակ Մէթալլիքայի երգերը, Փարակուէյի աւանդական եղանակներ:
Այս նուագահանդէսներուն հասոյթը կը տրամադրուի նուագախումբին անդամներուն ընկերային ծրագիրներու համար: Այս ձեւով, թաղամասէն հարիւր յիսուն մանուկներ կրնան երաժշտանոցի դասերուն հետեւիլ, ուրիշներ համալսարան յաճախել. կարելի եղած է նոյնիսկ քանի մը ընտանիքներու նոր բնակարաններ ապահովել:
Պամութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաութերա Փարակուէյի Ասոնսիոն մայրաքաղաքի աղքատ թաղամասերէն մէկն է: Հոն քսանհինգ հազար բնակիչ կ'ապրի Փարակուէյի մայրաքաղաքին ամէնէն մեծ աղբանոցներէն մէկուն մօտ: Բնակիչները իրենց ապրուստը կը շահին աղբերը քրքրելով եւ ծախելով վերամշակուելիք մնացորդները:
Այս միջավայրին մէջ կ'աշխատի Ֆաւիօ Չաւեզ` այդ աղքատ աշխատաւորներուն` կանչերոսներուն հետ: Չաւեզ կենսոլորտի մասնագէտ ճարտարագէտ է, միաժամանակ` երաժշտութեան մեծ սիրահար երաժիշտ: Այս պատճառով է, որ բնակիչները Չաւեզէն կը խնդրեն իրենց զաւակներուն երաժշտութիւն ուսուցանել:
Չաւեզ մեծ խանդավառութեամբ կը սկսի այս ծրագիրին իրականացման: Սակայն շատ շուտ ան արգելքներու կը հանդիպի: Ան բաւարար երաժշտական գործիքներ չունէր բոլոր մանուկներուն համար: Կը պատահէր նաեւ, որ խանդավառութեան ազդեցութեան տակ մանուկները կիթառ մը կոտրեն կամ ջութակ մը ճեղքեն:
Երաժշտասէր ճարտարագէտը կ'որոշէ օգտագործել իր տրամադրութեան տակ առատօրէն գտնուած միակ միջոցը` աղբերը: Կանչերոսներէն մէկուն օգնութեամբ, Նիքոլաս Կոմեզի հետ, որ արհեստով ատաղձագործ է, ան կը սկսի երաժշտական գործիքներ շինել աղբերուն մէջ թափուած առարկաներ վերամշակելով: Ներկի տուփ մը, պատառաքաղ մը եւ փայտի կտոր մը ջութակի կը վերածուին, պահածոյի տուփեր` կիթառի, քամոց մետաղեայ պնակ, երկաթէ խողովակներ, պարաններ, կաթսաներ, բանալիներ:
Այս ձեւով կը ծնի «Լանտֆիլ հարմոնիք» նուագախումբը: Չաւեզի համար այս նուագախումբին նպատակը միջազգային մակարդակով երաժիշտներ պատրաստելը չէ: Այս նուագախումբին միջոցով Չաւեզ կ'ուզէ այս մանուկներուն փաստել, թէ գոյութիւն ունի իրենց ճանչցած թշուառ կեանքէն տարբեր ապրելակերպ մը, գոյութիւն ունին տարբեր կեանքի արժէքներ[2]: