Jump to content

Մոնօ փողոց

Մոնօ փողոց, (արաբերէն՝ شارع مونو‎‎‎), թաղամաս մըն է Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։ Այդ կը գտնուի Պէյրութի կեդրոնի արեւելեան կողմը, Sodeco շրջակայքին մէջ, Աշրաֆիէ: Մոնօ շրջանը կոչուած է Ամպրուազ Մոնոթին անունով, որ ֆրանսացի կրօնաւոր մըն է եւ գտած է Սէյնթ Ժոզէֆ Համալսարանը, 1875 թուականին:

Մոնօ փողոցը միակողմանի խճաքարի ճամբայ մըն է, որ կը սկսի Avenue de l'Independence ճամբայէն եւ կը վերջանայ Շարլզ Տպէս փողոցը: Մոնօ փողոցին մէջ կը գտնուին շատ մը ճաշարաններ, խանութներ, շուկաներ, իսկ ամէն գիշեր՝ հոնկէ կը լսուի բարձր երաժշտութիւն[1][2]:

2004 թուականին, Travel + Leisure-ը յայտարարեց թէ Մոնօ փողոցը լաւագոյն փողոցն էր ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ[3]: Սակայն այս օրերուս Մոնօն կորսնցուցած է իր ժողովրդականութիւնը որպէս Պէյրութի կեդրոնական ուշագրաւ շրջան, որովհետեւ ուրիշ շրջաններ նաեւ կը մրցին Մոնոյին հետ, օրինակ՝ Մար Մխայէլ, Ժմէյզի, Համրա փողոց, Ուրուկուէյ փողոց եւ Պատարօ[4]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]