Ձի

Ձի (լատ.՝ Equus ferus caballus), ընտելացուած անասուն, վայրի ձիուն պահպանուած երկու ենթատեսակներէն մէկը։ Միւսը Բժեւալսկիին ձին է:

Մարդուն կողմէ ձիերուն ընտելացումը սկսած է մօտաւորապէս մ.թ.ա. 4000 թուականէն, իսկ արդէն մ.թ.ա. 3000-ին ձին մարդու օգնութեամբ տարածուած է աշխարհով մէկ։ Ներկայիս գոյութիւն ունին ձիերու բազմաթիւ ցեղատեսակներ, որոնք յարմարած են այս կամ այն աշխատանքին համար։

2008-ի տուեալներով, աշխարհի մէջ կայ մօտ 59 միլիոն ձի, որոնցմէ 33,5 մլն.ը Ամերիկայի, 13,8 մլն՝ Ասիոյ, 6,3 մլն՝ Եւրոպայի եւ մնացածը՝ Ափրիկէի ու Աւստրալիոյ մէջ:

Նկարագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձիերը ձիազգիներու ընտանիքի միասմբակաւոր կենդանիներ են։ Խոշոր են (իրանի երկայնութիւնը մինչեւ 2.5 մ է եւ մնդաւի բարձրութիւնը՝ մինչեւ 1.6 մ), վերջաւորութիւնը՝ երկար է, զարգացած է միայն միջին մատը, որ վերածած է սմբակի: Մազածածկը խիտ է, մազերը՝ կարճ (երկար են միայն պարանոցի վերին եւ պոչի հատուածները):

Վայրի ձիերու կը հանդիպինք Ասիոյ եւ Ափրիկէի տափաստաններու, կիսաանապատներու եւ անապատներու մէջ (Եւրոպայի մէջ բնաջնջուած են): Կ'ապրին երամակներով։ Յայտնի է 8 տեսակ, խմբաւորուած՝ 4 ենթասեռի մէջ: Իսկական ձիերը (Բրժեւալսկիի ձի, ընտանի ձիեր, անհետացած տարպան), էշեր, կիսաէշեր (կուլաններ) եւ վագերաձիեր (զեպր)։ Պահպանուած վայրի տեսակներու գլխաքանակը խիստ սահմանափակ է եւ վերցուած է պահպանութեան տակ։ Ընտանի ձիերը տարածուած են գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ։ Մարդը հնագոյն ժամանակներէն կատարելագործած է ձիերու որակական յատկանիշները եւ ստեղծած է 200 տարբեր ցեղեր, միաւորուած է 3 հիմնական տիպերու մէջ (հեծկաններ, լծկաններ եւ ծանրաքարշներ): Առաւել յայտնի են անգլիական զտարիւն արագավազները, նորֆոլքեան վարգունները, շայրի, սուֆոլկի, քլեյտեստալեան ծանրաքարշները, ամերիկեան վարգունները, արաբական ձին, տարբեր երկիրներու մէջ տարածուած պրապանոսները, արտենները, Ժուսաստանի օռլովեան վարգունները, Դոնի հեծկանները, ԽՍՀՄ բուդյոնավեանը, թերեքեանը, կաբարդինեանը, լիտվական եւ լատվիական լծկանները, խորհրդային ծանրաքարշերը եւ այլն։

Ընտելացած ձին երկար ժամանակ եղած է մարդու մշտական օգնականը երկրագործական ու փոխադրական աշխատանքներու մէջ եւ կարեւոր դեր խաղցած է բանակին մէջ։ XX դարու 1-ին կիսուն գիւղատնտեսական արտադրութեան մեքենայացման եւ փոխադրամիջոցներու զարգացման հետեւանքով աշխարհի (յատկապէս՝ զարգացած երկիրներու) ձիերու գլխաքանակը կրճատուած է գրեթէ կրկնակի անգամ։ Սակայն շատ երկիրներու մէջ բանող ձիեր դեռեւս օգտագործուող են։ Մեծ քանակութեամբ ձիեր կը բուծուին նաեւ ձիասպորտի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման, միս ու կումիս ստանալու, բժշկութեան եւ անասնաբուժութեան մէջ գործածուող շիճուկներ ու պատրաստուկներ արտադրելու նպատակով։

Ձին Արագածի փեշերը

Հայաստանի մէջ յայտնի է Ղարաբաղեան ձին. լեռնային հեծկան ձիերու ցեղ է, որ ստեղծուած է հնագոյն ժամանակներուն՝ ժողովրդական ընտերասերմամբ (պարսկական, թուրքմենական հնագոյն, յետագային՝ նաեւ արաբական ձիերու ցեղերու ներազդմամբ)՝ Կուր եւ Արաքս գետերու միջեւ գտնուող տարածքին մէջ։ Հայոց այրուձին յայտնի էր որպէս լաւագոյն հեծկան։ Արտահանուած է Իրան, Ֆրանսա, Լեհաստան եւ այլ երկիրներ։ Աչքի կ'իյնայ գեղեցիկ մարմնակազմուածքով, իսկ հեզ վարքագիծով՝ նման է արաբական ձիերուն։ Գլխու շարժումը թեթեւ է, իրանը՝ ուղիղ։ Մնդաւի բարձրութիւնը 145-150 սմ է, իրանի թեք երկարութիւնը՝ 145-150 սմ։ Օգտագործուած է Դոնի, այսրկովկասեան հանրապետութիւններու, արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու տարբեր ձիերու ցեղերու բուծման եւ բարելաւման նպատակաւ։ Սահմանափակ քանակով կը բուծուի ԼՂՀ տարբեր շրջաններու մէջ։

Ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձի[1] անուանումն ունէ զուտ հայկական ծագում: Մաս կը կազմէ կարգ մը կապակցութիւներու՝ ձիարշաւ, ձիարշաւարան, ձիաւոր, այրուձի, գետաձի:
Ձիին հետ կապ ունեցող բառերը՝

  • մտրուկ՝[2] ձիի ձագ, նաեւ՝ քուռակ[3], որ կըսուի նաեւ իշու ձագին
  • մատակ՝ ձիին (եւ ընդհանրապէս բոլոր չորքոտանիներուն) էգը
  • զամբիկ՝ մատղաշ ձի
  • նժոյգ, երիվար՝[4] ընտիր ձի
  • գրաստ՝[5] բանող ձի (աւանակ, ջորի)

Բնագիտութեան մէջ յայտնի է որպէս հզօրութեան՝ «ձիաոյժ» չափի միաւոր:

Կազմաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կմախք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Diagram of a horse skeleton with major parts labeled.
Ձիուն կմախքային համակարգը:

Ձիուն կմախքը կազմուած է աւելի քան 205 ոսկորներէ: Մարդուն կմախքէն ձիու կմախքի հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ կը բացակայի անրակը՝ ուսին եւ վիզին միջեւ եղած ոսկորը, ձիուն առջեւին վերջավորութիւնները ողնաշարը ամրացուած են ջիլերու եւ մկաններու ուժեղ կառուցուածքով մը, նման ձեւով կապուած է ուսին թիակը եւ իրանը: Ձիուն ոտքերը եւ սմբակները ունին իւրայատուկ կառուցուածք: Ոտքերուն ոսկորներ համաչափօրէն կը տարբերին մարդուն նոյն ոսկորներէն: Այսպէս, մարմնին այն մասը, որ կը կոչուի ձիուն «ծունկ»ը, իրականութեան մէջ ոսկորներու կառուցուածք մըն է, որ կը նմանի մարդուն արմուկին: Ձին մկաններ չունի ծունկերէն վար. միայն կաշին է, մազերը. ոսկորները, ջիլերը, կապանները (ligament), եւ տարբեր հիւսուածքներ, որոնցմով կազմուած է ձիուն սմբակը:

Սմբակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձիուն համար ոտքերուն եւ սմբակներուն անհրաժեշտութիւնը կ'արտայայտէ անգլիական ասոյթը, որ «չկան ոտքեր, չկայ ձի» ("no foot, no horse"): Ձիուն սմբակները կը սկսին յօդերէն, որ կը նմանի մարդու մատին, որ շրջապատած է կրճիկներով եւ այլ յատուկ, արիւնով հարուստ, փափուկ հիւսուածքներէ կազմուած թերթերէ: Սմբակին դուրսի պատերը եւ ներբանին եղջիւրը կազմուած են քերադինէ (keratin)` նոյն նիւթէն, որմէ կազմուած է մարդուն մատներուն եղունգը: Ի վերջոյ, ձի մը, որ կը կշռէ 500 ք.կ.-էն աւել, կը քալէ նոյն ոսկորներով, ինչպէս մարդը կը քալէ ոտքի մատներուն վրայ:[6] Սմբակները հնարաւոր վնասուածքներէ պաշտպանելու համար արհեստավարժ պայտարներ անոնց տակը կ'ամրացնեն պայտեր: Սմբակները անընդհատ կ'աճին եւ ընտանի ձիերէն շատեր կարիք ունին կտրելու հինգէն ութ շաբաթը անգամ մը:

Քալուածքին Տեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Film showing a horse running.
Քառատրոփ վազք

Բոլոր ձիերը կը տեղաշարժուին չորս հիմնական քալուածքով՝ հանդարտ վազքով, միջինը՝ 6.4 ք.մ./ժամ, զոյգատրոփ, միջինը՝13-19 ք.մ./ժամ, եռատրոփ՝ միջինը19-24 ք.մ./ժամ եւ քառատրոփ:
Վազքի ատեն ձիուն ոտքերը կը տեղաշարժուին անկիւնագծային կարգով՝ միասին գետնին կը դպնան առջեւէն աջ եւ ետեւէն ձախ ոտքերը, ետքը՝ միւս երկուքը: Յստակ կը լսուին սմբակներու գետնին խփելու երկու հարուածները: Այլավազքի պարագային կրնայ գետնին զարնել միեւնոյն կողմի առջեւի եւ ետեւի ոտքերով:

Քառատրոփին միջին արագութիւնը 40-49 ք.մ./ժամ է, սակայն, կարճ տարածքի մէջ քառատրոփ վազքը, աշխարհի մրջանիշ (88 ք.մ./ժամ) կազմած է:[7]
Քառատրոփը ձին կրնայ սկսիլ ետեւի ձախ ոտքէն. ատիկա կը կոչուի «աջ ոտքի քառատրոփ»: Ետքը գետնին կը դրուին երկու անկիւնագծային՝ ետեւի աջ եւ առջեւի ձախ ոտքերը, ապա՝ առջեւին աջը եւ կը հասնի կախուելու փուլը, որու ընթացքին ձին «կը թռչի»: Քառատրոփի ատեն յստակ կը լսուին սմբակներու գետնին զարնելու երեք հարուածները:

Այս վազքերու հիմնական ձեւերէն բացի, որոշ ձիեր կը կատարեն երկտրոփ վազք, արագ ընթացքի համար: Կան նաեւ քանի մը քառատրոփ վազքեր, «այլավազք», որ նոյն արագութեան է, բայց աւելի սահուն: Ասոնք կ'ընգրկեն նաեւ կողային, ինչպէս նաեւ անկիւնագիծով վազքը՝ «աղուէսաքայլը»: Այլավազքը կը ժառանգեն որոշ ցեղատեսակներ, որ առանձին խումբով յայտնի են «այլավազող ձիեր» անուանումով:

Սովորական քալելու ատեն ձին ոտքերը առաջ կը դնէ հերթով. օրինակ՝ ետեւի ձախը, առջեւի ձախը, ետեւի աջը, առջեւի աջը: Օդին մէջ միաժամանակ կը գտնուէ մէկ կամ երկու ոտքերը: Սմբակներու չորս հարուածները յստակ կը լսուին:
Ասոնք բնական վազքին տեսակներն են: Կայ նաեւ արհեստական եղանակ՝ փասսաժ, որ հանդարտ վազելու ձեւ մըն է, առջեւի ոտքերը հանդարտ եւ գեղեցիկ կը կտրուին գետնէն եւ կը բարձրանան, ետեւինները իրանին տակ են: Ձին կրնայ նաեւ կատարել կանգնած տեղը փասսաժ:

Բազմացումը եւ Զարգացումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձիուն յղիութիւնը կը տեւէ մօտաւորապէս 335—340 օր (11 ամիս). Սովորաբար, մատակը կը ծնի մէկ, հազուադէպ երկու մտրուկ: Քուռակը լոյս աշխարհ կը գայ տեսողութեամբ եւ քանի մը վայրկեան ետք կը կարենայ ոտքի կանգնիլ եւ քալել: Կաթ կը խմէ 4-6 ամիս, որու ընթացքը կը յայտնուին կաթնատամներ: Երեք տարեկանին ձին կը դառնայ բազմանալու ընդունակ:

Բանեցում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարշող ձի
Հեծեալ ոստիկան Պրազիլին մէջ

Կան որոշակի աշխատանքներ, որոնք ձին կը դարձնէ շատ լաւ եւ դեռ արհեստագիտութիւնը բաւարար չափով զարգացած չէ՝ զանոնք փոխարինելու համար: Օրինակ՝ հեծեալ ոստիկանութիւնը յարմար է որոշակի պարեկային ծառայութիւններու եւ ամբոխները վերահսկելու համար:[8] Հեռաւոր, կտրտուած տարածքները խոշոր եղջերաւոր կենդանիները արածեցնելու համար առաջուան պէս կը պահանջուի ձիերուն օգնութիւնը: Կարգ մը երկիրներու մէջ որոնողական եւ փրկարարական կազմակերպութիւններու աշխատանքները կախում ունին դիմելու տեղացի լեռնցիներուն տարերային աղէտներու հետեւանքները վերացնելու համար:[9] Ձիերը կրնան օգտագործուիլ նաեւ այնպիսի տեղեր, ուր անհրաժեշտութիւն կայ խուսափիլ մեքենաներու շարժումներէն, ինչպէս, օրինակ, բնական արգելոցները: Անոնք կրնան նաեւ հանդիսանալ միակ փոխադրամիջոցը ամայի տարածութիւններու մէջ: Ձիերը շարժիչաւոր կառքերէն աւելի կատարեալ են:
Հակառակ անոր, որ մեքենաները շատ տեղեր ձիերուն փոխարինած են, աշխարհի տարբեր նուազ զարգացած տեղերը կը գնահատուի 100 մլն ձիեր, աւանակներ եւ ջորիներ, որ մինչեւ հիմա կ'օգտագործուի գիւղատնտեսական եւ փոխադրական աշխատանքներու համար: Սա թիւը կը ներառէ շուրջ 27 մլն աշխատող կենդանի միայն Ափրիկէի մէջ:[10]

Մշակոյթին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձին մեծ մասնակցութիւն ունի զանազան հեքիաթներու, առասպելներու, ասքերու մէջ: Հին յունական առասպելաբանութենէն յայտնի է Ողիմպոս լեռան վրայ ապրող թեւաւոր Բեկաս ձին, հիւսիսային երկիրներու ասքերէ՝ միաեղջիւրը, որ կ'ապրի լուսնին վրայ: «Սասնայ ծռեր» էպոսին յայտնի գործողներէն է Մեծ Մհերին եւ Դաւիթին Քուռկիկ Ջալալին:

Կերպարուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնագոյն ժամանակներէն սկսած մարդը կը պատկերէ ձին: Ձիու պատկերներ նախամարդը ըրած է քարանձաւներու պատերուն վրայ, այնուհետեւ, անդիք ժամանակներուն, ձիու քանդակներու կը հանդիպինք: Ձիու պատկերներ ըրած են հին եգիպտացիները: Բոլոր ժամանակներու նկարիչներ ձին պատկերած են ինչպես առանձին, այնպէս ալ՝ յայտնի մարդկանց հետ: Ամէնէն յայտնիներէն մին Մեծն Աղեքսանդրի խճանկար պատկերն է՝ ձիուն հեծած:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&pageNumber=1544
  2. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%B4%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%AF
  3. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D6%84%D5%B8%D6%82%D5%BC%D5%A1%D5%AF
  4. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%A5%D6%80%D5%AB%D5%BE%D5%A1%D6%80
  5. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%A3%D6%80%D5%A1%D5%BD%D5%BF
  6. Fuess, Ph.D., Theresa A.։ «Yes, The Shin Bone Is Connected to the Ankle Bone»։ Pet Column։ University of Illinois։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 9, 2006-ին։ արտագրուած է՝ 2008-04-05 
  7. «2011 New Orders Guide»։ American Quarter Horse Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2013-08-14 
  8. «Horse Mounted Unit»։ United States Park Police։ National Park Service։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-02-18-ին։ արտագրուած է՝ 2008-04-07 
  9. «Volunteer Mounted Search and Rescue Unit»։ Employment։ San Benito County Sheriff's Office։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-09-ին։ արտագրուած է՝ 2008-07-08 
  10. Brown, Kimberly S. (June 1, 2006)։ «At Work in Morocco»։ The Horse։ արտագրուած է՝ 2009-10-21։ (registration required (help))