Երկարաթեւ Շնաձուկ

Երկարաթեւ Շնաձուկ
Երկարաթեւ Շնաձուկ
Երկարաթեւ շնաձուկը կը լողայ նաւաստիներու ուղեկցութեամբ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Ենթատիպ Ողնաշարաւորներ
Դաս Կռճիկային ձուկեր
Կարգ Քարխարինակերպեր
Ընտանիք Գորշ շնաձուկեր
Ցեղ Գորշ շնաձուկեր
Լատիներէն անուանում
Carcharhinus longimanus
 Poey 1861 
Հոմանիշներ
Հատուկ պահպանութիւն
Արեալ
պատկեր


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Երկարաթեւ շնաձուկ, շնաձուկերու տեսակ, որ կը պատկանի գորշ շնաձուկերու ցեղին եւ համանուն ընտանիքին, քարխարինակերպերու (լատ.՝ Carcharhiniformes) կարգին։

Երկարաթեւ շնաձուկերը կ'ապրին արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային ովկիանոսային ջուրերու 230 մեթր խորութեան մէջ։

Կենդանածին են, կ'ունենան առնուազն 15 ձագ։

Անուանակարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շնաձուկերու այս տեսակը առաջին անգամ նկարագրած է բնագէտ Ռընէ Փրիմվեր Լեսըն (René Primevère Lesson), 1822-1825 թուականներու շուրջ՝ նաւարկութեան ատեն։

Գիտնականը Ֆրանսական Փոլինեզիոյ Տուամոտու կղզաշարքին յայտնաբերուած շնաձուկը կ'անուանէ «Carcharhinus maou»:

Հետագային, 1861-ին, Քուպացի գիտնական Ֆիլիփէ Փoուի զայն անուանած է «Carcharhinus longimanus»: Կ'օգտագործուի նաեւ «Pterolamiops longimanus» անուանումը:

Ըստ Միջազգային կենդանաբանական անուանակարգման յանձնաժողովի կանոններուն՝ այն անուանումը, որ առաջինը կը հրապարակուի, գերակայ կը համարուի, ուստի անուանումը պէտք է ըլլայ անոր առաջին տրուած անունը՝ «Carcharhinus maou», թէեւ «Carcharhinus longimanus» անունն ալ լայն կիրարկում ունի։ Անունը յառաջացած է լատիներէն «longimanus» բառէն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «երկարաթեւ», եւ անիկա կը կապուի այս շնաձուկի առաջնային երկար լողակներուն հետ[1]:

Կենսատարածք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարաթեւ շնաձուկերը կը համարուին ջերմասէր, որոնք կ'ապրին ովկիանոսի 18° ջերմաստիճանի տակ։ Անոնց համար աւելի նախընտրելի ջերմաստիճանը կը տատանի 20°-էն մինչեւ 28°։

Երբ ջուրին ջերմաստիճանը իջնէ, անոնք կը հեռանան այդ տարածքէն[2]:

Անցեալին, շնաձուկերու այս տեսակը շատ տարածուած էր, սակայն վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնց թիւը կտրուկ նուազած է։

Երկարաթեւ շնաձուկերը տարածուած են ամբողջ աշխարհով մէկ։

2004-ին Շուէտի արեւմտեան ափին, կասկածեալ կենսատարածքի հիւսիսային սահմանին կողմը յայտնաբերուած եւ բռնուած է այս տիպի շնաձուկ մը:

2013-ին լուրեր տարածուած են, որ Բրիտանիոյ ափերուն, մարդիկ տեսած են երկարաթեւ շնաձուկ մը, որ ունէր 4 մեթր երկայնք, իսկ կշիռքը՝ շուրջ 300 Քկ[3]:

Շնաձուկերուն մեծ մասը իրենց ժամանակը կ'անցընէ ովկիանոսի 150 մեթր խորութեան մէջ եւ նախընտրելի է անկէ որոշ չափով հեռու մնալ։

Ըստ կարգ մը տուեալներու, նաւերը որքան հեռու կը գտնուին ափէն, այնքան աւելի շատ կը հանդիպին երկարաթեւ շնաձուկերուն։ Սակայն անոնք երբեմն կու գան ափին մօտ՝ ջուրի մակերեւոյթին լողալու համար[4]:

Երկարաթեւ շնաձուկերը կը վարեն առանձին կեանք, սակայն սնունդ հայթայթելու համար կը հաւաքուին խումբերով։

Այս տեսակը աշխուժ է ցերեկ եւ գիշեր։

Շնաձուկերը կը լողան դանդաղ, լայն բացուած կրծքային լողակներով։ Անոնց յաճախ կ'ուղեկցին տարբեր տեսակի ձուկեր՝ նաւաստիներ (լատ.՝ Naucrates ductor), կպչաններ (լատ.՝ Echeneidae) եւ քորիֆեներ (լատ.՝ Coryphaena

Վերջին փաստը զարմանք կը պատճառէ, քանի որ գիշատիչները յաճախ կ'ուտեն այդ ոսկեայ-կանաչ ձուկերը։

1988-ին երկարաթեւ շնաձուկը նկատած են նաւաստի կէտերու (լատ.՝ Globicephala) ուղեկցութեամբ[5]:

Կազմուածք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարաթեւ շնաձուկերուն երկայնքը կրնայ հասնիլ 3.5-4 մեթրի, բայց յաճախ կարելի է հանդիպիլ յատուկ երկայնք ունեցողներու՝ 1.5-2 մեթր, իսկ կշիռքը՝ 20-60 քկ։ Առաւելագոյն կշիռքը 170 քկ է։

Էգերը սովորաբար աւելի մեծ են, քան արուները։ Արուներուն միջին չափը 1.5 մեթր է, իսկ էգերունը՝ 1.9 մեթր։

Ունին իլիկաձեւ մարմին։

Անոնց մարմինին վերի մասը մոխրագոյն, պրոնզագոյն, շագանակագոյն կամ կապոյտ կ'ըլլայ, փորը՝ սպիտակ։

Լողակներուն եզրերը ունին ճերմակ երանգներ։

Ներսի եռանկիւնաձեւ ակռաները համեմատաբար փոքր չափեր եւ բարակ ատամնաւոր ծայրակալեր ունին։

Ստորին ծնօտին տեղակայուած են 13-15 ատամնաշարեր։ Վերի ատամները նոյնպէս եռանկիւնաձեւ են։ Վերի ծնօտին վրայ տեղակայուած են 14-15 ատամնաշարեր։

Մաշկը ծածկուած է հարթ թեփուկներով։

Կենսաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սննդակարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարաթեւ շնաձուկերը կը սնանին ձուկերով, գլխոտանիներով, ծովային կրիաներով, կատուաձուկերով եւ խեցգետնանմաններով։ Որսի ատեն անոնք ձուկերու վտառի քովէն կ'անցնին «բաց երախով»:

Որսի ատեն անոնք կը դառնան յարձակող: Բազմաթիւ դիտարկումներէ ետք, կը պարզուի, որ երկարաթեւ շնաձուկերը քանի մը վայրկեանը մէկ իրենց դունչին ծայրը կը հանեն ջուրէն դուրս։ Տեսութիւն մը կայ, ըստ որուն, երկարաթեւ շնաձուկերուն թեւերը կ'օգնեն որսալու։

Բազմացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ատլանտեան ովկիանոսին հիւսիս-արեւմուտքը եւ Հնդկական ովկիանոսին հարաւ-արեւմուտքը բազմացման շրջանը ամրան կը սկսի։
  • Երկարաթեւ շնաձուկերը կը համարուին կենդանածին։
  • Մեծցող սաղմը կը սնանի մօր միջոցով՝ ինչպէս բոլոր կաթնասունները։
  • Յղութիւնը կը տեւէ մէկ տարի։
  • 1-15 օրական ձագը կ'ունենայ 0-6 մ երկայնք։
  • Արուները եւ էգերը սեռական հասունութեան կը հասնին համապատասխանաբար 1.7-1.9 մ եւ 1.8-2 մ չափերու հասնելով։

Առեւտուր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարաթեւ շնաձուկերուն լողաթեւիկները, միսը եւ լեարդը կ'ուտեն։

Միսը կ'ուտեն թարմ, ապխտուած, չորցած եւ աղացած վիճակներու մէջ։

Շատ յաճախ շնաձուկերը կը բռնուին, քանի որ կուլ կու տան խայծը, զոր նախատեսուած էր ուրիշ ձուկերու համար[6]:

ԱՄՆ-ին կատարուած ձկնորսական աշխատանքներու վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ 1992-2000 թուականներու ժամանակահատուածին, երկարաթեւ շնաձուկերու թիւը հիւսիւս-արեւմտեան եւ կեդրոնա-արեւմտեան Ատլանտայի մէջ նուազած է 70%-ով։

Ըստ Մեքսիքական ծոցին ըրած հետազօտութեան, այդ տեսակին թիւը նուազած է 99.3 տոկոսով։

2013-ին Նոր Զելանտայի այս շնաձուկերը պաշտպանութեան տակ կ'առնուին[7]:

Խնամքը՝ ոչ բնական պայմաններու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի տարբերութիւն այլ ովկիանոսաբնակ շնաձուկերու, ինչպէս օրինակ կապոյտ կէտին, այս տեսակը Մոնտարէ Պէյ ձկնարանին մէջ երեք տարի պահուելէ ետք, անոնցմէ մէկը հասած է 0-3 մ երկարութեան, իսկ միւս 2-ը՝ անորոշ ժամանակով՝ 0.5 մեթրի[8]:

Վտանգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարաթեւ շնաձուկերը կը լողան ջրասուզակի հետ: Կարմիր ծով, Եգիպտոս, 2009:

Ֆրանսացի հետազօտող-ովկիանոսագէտ Ժագ Իվ Քուսթօ երկարաթեւ շնաձուկերը անուանած է «շնաձուկերուն ամէնէն վտանգաւորը»[9]: Բացի ատկէ, ան այդ շնաձուկերը անուանած է «արքայազն երկարաձեռքեր»։

Շնաձուկերու կարգ մը տեսակներ եւ յատկապէս մեծ ճերմակ շնաձուկերը վատ համբաւ կը վայելեն, որովհետեւ կը բնակին ափին մերձակայքը. անոնք իրենց յարձակումներով նաւաբեկութեան պատճառ կրնան հանդիսանալ[10][11]: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, «Nova Scotia» նաւը, որուն վրայ շուրջ 1000 հոգի կը գտնուէր, ջրասոյզ կ'ըլլայ գերմանական սուզանաւի մը պատճառով՝ Հարաւային Ափրիկէի ափերուն մօտակայքը։ Միայն 19 հոգի կը փրկուի, միւսներուն մահուան պատճառը կը համարուի երկարաթեւ շնաձուկը[12]:

Լողորդներուն համար երկարաթեւ շնաձուկերը նուազ սպառնալիք կը հանդիսանան, բայց բաց ովկիանոսի մէջ գտնուողներուն համար անոնք շատ վտանգաւոր են։ Սակայն ափամերձ ջուրերուն եղած են քանի մը միջադէպեր՝ Դեկտեմբեր 2010-ին, Եգիպտոսի Շարմ էլ-Շէյխ հանգստավայրին մէջ: Տեղի ունեցած է հինգ յարձակում, չորս հոգի լուրջ վնասներ ստացած է եւ մէկ լուղորդ՝ սպաննուած։ Յարձակումները տեղի ունեցած են ափէն ոչ հեռու վայրի մը մէջ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ISAF Statistics on Attacking Species of Shark»։ Flmnh.ufl.edu։ 2009-05-20։ արտագրուած է՝ 2010-07-05 
  2. Bíró Zsuzsa (2007-10-08)։ «Hogyan szaporodnak a cápák?»։ National Geographic Magyarország։ արտագրուած է՝ 2010-07-28 
  3. James Fielding (September 8, 2013)։ «Shark that ate 600 US sailors is 'circling' waters off Britain»։ http://www.express.co.uk/։ արտագրուած է՝ 2015-03-13 
  4. Cathleen Bester։ «Oceanic Whitetip Shark»։ Florida Museum of Natural History։ արտագրուած է՝ 2014-03-15 
  5. Stafford-Deitsch, Jeremy (1988)։ Shark: A Photographer's Story։ Sierra Club Books։ ISBN 0871567334 
  6. Baum, J.K., Kehler, D. and Myers, R.A. (2005)։ «Robust estimates of decline for pelagic shark populations in the northwest Atlantic and Gulf of Mexico»։ Fisheries 30: 27–30։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-21-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08 
  7. Thomas H. Lineaweaver III and Richard H. Backus (1969)։ The Natural History of Sharks։ Lippincourt 
  8. MCGrath, Matt (11 March 2013)։ «'Historic' day for shark protection»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 27 July 2013 
  9. Cousteau, Jacques-Yves & Cousteau, Philippe (1970)։ The Shark: Splendid Savage of the Sea։ Doubleday & Company, Inc 
  10. Martin, R. Aidan.։ «Family Carcharhinidae: Whaler Sharks - 54+ species»։ Elasmo Research։ արտագրուած է՝ 2014-03-05 
  11. «Oceanic Whitetip Shark Carcharhinus longimanus (Poey, 1861) in Captivity»։ H. F. Mollet։ արտագրուած է՝ 15 May 2014 
  12. Stanton Doug (2003)։ In Harm's Way: The Sinking of the USS Indianapolis and the Extraordinary Story of Its Survivors (1st Owl Books հրտրկթն․)։ New York: H. Holt։ ISBN 978-0-8050-7366-9 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]