Մեղր
Մեղրը բնական ուտելիք մըն է, զոր կ'արտադրեն մեղուները ծաղիկներուն վրայէն հաւաքած նեկտարով:
Երկար ժամանակ մեղրը եղած էր միակ համեմը, որուն միջոցով կարելի էր ուտելիքները քաղցրացնել: Հին եւ միջին դարերուն մեղրը կը գործածուէր իբրեւ դարման, համեմ եւ քաղցրեղէն: Շատ աւելի ուշ է, որ կը յայտնուին մեղուապահները եւ մեղուները կը սկսին ընտելացուիլ:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկզբունքով մեղրը քիչ թէ շատ հեղուկ է, սակայն կրնայ ժամանակի ընթացքին բիւրեղանալ եւ աւելի թանձրանալ` ըստ իր ծագումի բոյսին: Մեղրին այս բիւրեղացումը ըսել չէ, թէ ան սկսած է փճանալ:
Որպէսզի ան դարձեալ հեղուկ դառնայ, կարելի է զայն մեղմ կրակով քիչ մը տաքցնել:
Գոյութիւն ունին տեսակաւոր մեղրեր: Նախ եւ առաջ` այն մեղրերը, որոնք շինուած են նուազագոյնը 50 առ հարիւր մէկ տեսակի ծաղիկով, ապա` տարբեր տեսակի ծաղիկներով շինուած մեղրերը:
Գլխաւորաբար մէկ ծաղիկով շինուած մեղրերուն մէջ կարելի է տեսնել.
- Աքասիայի մեղրը, որ երկար ժամանակ հեղուկ կը մնայ, հետեւաբար անիկա շատ յարմար է կարկանդակներու պատրաստութեան համար: Անիկա շատ հոտաւէտ չէ եւ անուշ է:
- Շագանակենիի մեղրը թանձր եւ զօրաւոր համով է:
- Հուսամի մեղրը շատ հոտաւէտ, պտուղի երանգով եւ մեղմ է:
- Եղեւինի մեղրը շատ մութ եւ շատ զօրաւոր համով է:
- Թմբիի մեղրը հզօր համով է:
- 100 կրամ մեղր պատրաստելու համար մեղուները 12-15 հազար անգամ փեթակին եւ ծաղիկներուն միջեւ կ'երթեւեկեն: Հազարաւոր դարերէ ի վեր մեղրը կը գործածուի մարմինին հոգ տանելու համար: Մեղրը կը պահուի սենեակի ջերմաստիճանի տաքութեամբ, բացի երբ օդը սաստիկ տաք է[1]: